ԵՐԿՈՒ ԲԱՌՈՎ ԱԶԳԱՍԷՐ ԵՂՈՂՆԵՐԸ
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ հոգեբանութեան ուսուցիչս կ՚ըսէր. «Ուրախութիւնը կարելի չէ տեսնել, որովհետեւ այդ մէկը արտաքին իրողութիւն մը չէ՝ այլ ներքին. կարելի է տեսնել ժպիտը՝ որ ուրախութեան արտայայտութիւնն է, սակայն կարելի չէ տեսնել ուրախութիւնը»: Այսօր նոյն այդ ուրախութեան եւ ժպիտին յարաբերութեան պէս կը փորձեմ զանազանել ազգասէրն ու հայրենասէրը, որոնք ճշմարիտ հայը ցոյց տալու փոխարէն դարձեալ «երեւոյթն» է, որ ցոյց կու տան: Որովհետեւ, այնպէս ինչպէս հարցական է ուրախութեան «ինչութիւն»ը, նոյնպէս ալ հարցական է ազգասիրութեան «ինչութիւն»ը, որ մի քանի տասնամեակէ ի վեր կը փորձենք վերլուծել, սակայն վերջնական արդիւնքի մը չենք հասնիր:
Տակաւին շաբաթներ առաջ յօդուածի մը մէջ խօսեցանք հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն բառերուն մասին. այսօր պատահաբար 111 տարիներ առաջ՝ 1913 թուականին լոյս տեսած մամուլի մը մէջ հանդիպեցայ հետեւեալ տողերուն. «Բառ մը չկայ որ այնքան հալած մաշած ըլլայ, չարաչար գործածութեամբ եւ որուն իմաստը խաթարուած եւ խեղաթիւրուած ըլլայ, որքան ազգասէր եւ ազգասիրութիւն բառերը: Երկար ատենէ ի վեր է այնքան կը չարչրկուին այն խեղճ բառերը՝ որ ալ հիմա կարծես իրենց նուիրականութիւնը կորսնցուցած, իրենց գեղեցկութենէն մերկացած ու իրենց բարձրութենէն վար ինկած են»:
Ազգասիրութիւնը հարցականի տակ դրած է ազգասիրութեան ինչութիւնը, որովհետեւ ազգասէր ըլլալու համար յստակ չափանիշ մը չկայ որոշելու զանազանելու համար ազգասէրը ոչ-ազգասէրէն. ամէ՛ն մարդ ինքզինք կրնայ «ազգասէր» հռչակել եւ ազգասիրութեան ինչութեան մասին սեփական կարծիք մը կազմել ու հաւատալ այդ սրտաբուխ տեսակէտին: Այսօր մեր հայկական սփիւռքը լեցուն է հայրենիքի հանդէպ անտարբեր ազգասէրներով, որոնք ազատութիւնը ունին ցանկացած տեղ ու ժամանակ ազգասէր ու հայրենասէր դառնալու (վերջապէս խօսքով կնիկ ծեծելը դիւրին է): Նման մարդիկ պատճառ եղան, որ հայութեան մէջ աժան ու ատելի բառ մը դառնայ «ազգասիրութիւն»ը. այսօր ո՞վ ազգասիրութիւն խորագրով յօդուած մը կամ հրապարակախօսութիւն մը լուրջ կ՚ընդունի, մանաւանդ երբ հայրենիքի համար իր նահատակուողն ու բեմերէն բարձրաձայն պոռացողները նոյն ազգասէրի անունով կը մկրտուին:
Մեր թուականէն 111 տարիներ առաջ գրողը կ՚ըսէր. «Այսօր ազգասիրութեան վրայ խօսիլն ու լսելն անգամ զզուանք կ՚ազդէ շատերու եւ մարդ կարծես ամօթ կը զգայ այլ եւս ազգասէր կոչուիլ, այնքան արժանացած, այնքան տափակցած ու այնքան անիմաստ դարձած են այս բառերը»: Այսօր, աւելի քան դար մը ետք վիճակը նոյնն է, որովհետեւ բոլորը ազգասէր են՝ առանց ապացոյցներու, առանց գործերու։ Վերջապէս ի՞նչ է ազգասիրութիւնը. գուցէ մէկու մը համար ամէն կիրակի Ս. Պատարագի մասնակցիլն է, ուրիշի մը համար օրական մէկ անգամ հայկական թերթ մը թերթատելը, ուրիշին համար մայրենի լեզուով խօսիլը. ուրիշներու համար համացանցի մէջ լատինատառ հայերէնի փոխարէն հայոց այբուբենը գործածել. գուցէ անձի մը համար ամէն ամառ հայրենիք «պտոյտի» մեկնիլն է ազգասիրութիւնը. կարելի է գտնել հազար ու մէկ մանրուք, որոնք մարդը ազգասէր ու հայրենասէր կը դարձնեն։ Վերջապէս պէտք չէ մոռնալ ազգասէր դառնալու ամենէն հիմնական միջոցներէն մէկը. կուսակցական դառնալ. ընդհանրապէս կուսակցական կ՚ըլլան սփիւռքի մէջ ապրող ազգասէրները, որոնք սեփական պատիւի մը պէս կը կրեն այդ կուսակցականի անունը եւ ինքնաբերաբար կը դառնան հայրենասէրներ, որովհետեւ ոչ-հայրենասէր կուսակցական հասկացողութիւնը անհարազատ ու խորթ է մեզի համար. բաւարար է գործող կուսակցութիւններէն մէկուն անդամը դառնալ եւ որպէս նուէր ստանալ այդ անուանումը՝ կապ չունի եթէ քարտէսի վրայ Հայաստանի տեղն անգամ գտնել չես գիտեր. բաւարար է հակառակ կուսակցութեան գաղափարներուն դէմ արտայայտուիլ ու վերջ. դուն արդէն հայրենասէր ու ազգասէր մըն ես: Օրինաւոր ազգասէր ըլլալու համար հարկ է մասնակցիլ բոլոր հաւաքներուն ու դասախօսութիւններուն՝ նոյնիսկ եթէ խօսուածէն բան մը չհասկնաս:
Մեր ազգին մէջ պէտք է աշխատութիւն մը հրատարակել, սորվեցնելու համար, թէ ինչպէս ազգասէր կը դառնան, որովհետեւ ազգասէր ըլլալը որոշ բառերու գործածութիւն կը պարտադրէ. ինչպէս օրինակ՝ պայքար, անկախութիւն, հերոս ու նահատակութիւն եւ ժամանակ առ ժամանակ, տեղի անտեղի պէտք է գործածել, որովհետեւ պայքար բառը նոյնինքն ազգասէր մարդոց համար ստեղծուած բառ մըն է՝ վայել անոնց կեցուածքին ու ինքնավստահութեան: Նկարագիրն ու հոգեկան ապրումները, յոյզերն ու նուիրումը կարեւոր չէ. պարզապէս պէտք է ազգասիրութեան տարազին մէջ մտնել ու խօսիլ այն բոլորին մասին՝ որ չենք գիտեր. ինչպէս օրինակ՝ եկեղեցի, կրօն, պատմութիւն եւ այլն:
Ազգասիրութեան երեւոյթը ամրապնդելու համար պէտք է գործածել «Ազգային գործիչ» տպաւորիչ ածականը, որ ինքնաբերաբար լրջութիւն մը կը պարտադրէ եւ ենթահող կը պատրաստէ որպէս ազգասէր երեւան դուրս գալու:
Այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել աւելի քան դար մը առաջ գրուած տողերով, որով կը բացատր, թէ ո՞վ է ճշմարիտ ազգասէրը.
«Ազգասէրը ան չէ որ իր հայրենիքին հողն ու քարը, լեռն ու ձորը կը սիրէ, ոչ ալ ան որ ազգին անցեալ փառքերովը կը պարծենայ, ներկայ ցաւերովը կը տառապի եւ կամ ապագայ յոյսերովը կը խանդավառուի, հապա ան է ազգասէրը, որ իր ազգին սիրտն ու հոգին, նկարագիրն ու կեանքը կը սիրէ, ազգային բարձր իտէալներովը կը ներշնչուի, ու իր ճիգն ու ջանքը կը թափէ ապահովելու համար ազգին գոյութեանն ու բարգաւաճմանը համար անհրաժեշտ եղող պայմաններն ու միջոցները»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդ կ՚ուզէ իր սխալներուն համար արդարանալ:
Պատասխան. Մարդ իր սխալներուն համար կը փորձէ արդարացում գտնել, որպէսզի թեթեւցնէ մեղքի զգացումը եւ վերականգնէ սեփական արժանապատուութիւնը: Անոնք արդարացում գտնելով կ՚ուզեն մեղմացնել իրենց սխալներուն ազդեցութիւնը եւ երեւոյթը կը փորձեն հաշտեցնել գործողութիւններուն հետ: Արդարացում փնտռելը կը նուազեցնէ յուզական բեռը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան