ԵՐԱՆԻ՜ ԱՆՈՐ ՈՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ
Ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մարդուս հաւատքը եւ յոյսը, քան անոնց հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Հաւատալու հարցին, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Հաւատքը, արդարեւ, բանականութեան արարքն է, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի։
Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է. ամբողջովին վստահիլ, ապաւինիլ եւ յանձնուիլ է Անոր՝ որ անհուն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէնն» է։ Ուստի, քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան. «Կը հաւատամ»ին։
Երանի՜ անոր որ կը հաւատայ…
Բայց միայն Աստուած գիտէ, թէ մենք ո՛րքան եւ ի՛նչպէս կը հաւատանք. հաւատքը անկե՞ղծ է, թէ՝ ոչ, միա՛յն Աստուած գիտէ։ Եւ այս իմաստով, երանելի՜ է ան, որ Տիրոջ շնորհքին արժանացած է, իր անկեղծ եւ հաստատ հաւատքով։
Հաւատքին կը յաջորդէ եւ համընթաց կ՚ընթանայ հնզանդութիւնը։ Հնազանդութիւնը, որովհետեւ հնազանդութիւնը վստահութեան արդիւնք է՝ մարդ կը հնազանդի անոր՝ որուն կը վստահի։ Հաւատքը, քանի որ վստահութիւն կը նշանակէ, ուրեմն ան որ կը հաւատայ՝ կը հնազանդի։
Հաւատքը մակերեսային երեւոյթ մը չէ, այլ ան բովանդակութիւն ունի եւ պէտք է ըմբռնուի իր բովանդակութեամբ, որուն մէջ կայ վստահութիւն, հնազանդութիւն, հասարակաց բարիք եւ անշուշտ, ճշմարտութի՛ւն։ Արդարեւ, մարդ կը հաւատայ ճշմարիտին եւ ո՛չ թէ սուտի։ Այս իմաստով Ս. Աստուածածնի հնազանդութիւնը տիպար մըն է հնազանդութեան, որ կը համեմատի Աբրահամի հնազանդութեան։ Ս. Աստուածածին Ամենասրբուհի է, որովհետեւ ան Յիսուսի մա՛յր է, բայց ան ամենասրբուհի է նաեւ, որովհետեւ հնազանդութեան տիպա՛րն է, ինչպէս Աբրահամ՝ հաւատքի հայր՝ իր հնազանդութեա՛մբ։
Տիրոջ հնազանդիլ՝ Անոր վստահիլ, նաեւ զԱյն ընդունիլ կը նշանակէ։ Հնազանդութիւնը հաւատքին գործի վերածուած ձեւն է։ Սուրբերը «սուրբ» անուանուած են, որովհետեւ անոնք հնազանդ եւ հաւատարիմ եղած են իրենց հաւատքին։ Եւ այս իսկ պատճառով, սուրբերը անմահ են՝ կ՚ապրին եւ կը բարեխօսեն՝ շնորհներ, բժշկութիւն, խաղաղութիւն, բարիք բաշխելով մարդոց։
Հնազանդութեան աղբիւրը խղճմտանքն է։
Մարդկային արարածը պէտք է մի՛շտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Եթէ «ազատ կամք»ով անոր դէմ գործէ, մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Բայց կը պատահի, որ «բարոյական խղճմտանք»ը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Այս տգիտութիւնը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։
Այսպէս է պարագան, երբ մարդ քիգ հոգ կ՚ընէ ճշմարիտը եւ բարին որոնելու եւ երբ մեղքի ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւոր է իր գործած գէշութեան-չարութեան համար։
Բարի եւ մաքուր խղճմտանքը լուսաւորուած է «ճշմարիտ հաւատք»ով։ Արդարեւ, սէրը միաժամանակ կը բխի «սուրբ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէն եւ անկեղծաւոր հաւատքէն». (Ա ՏԻՄ. Ա 5)։ Այս կէտին, երբ «սուրբ սիրտ» եւ «մաքուր խղճտանք»ի մասին է խօսքը, անկարելի է չյիշել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը, որ կ՚ըսէր. «Ժպիտը՝ մաքուր սրտի եւ հանդարտ խղճի մը արտայայտութի՛ւնն է»։
Կեանքին խոժոռադէմ նայիլ՝ կեանքին իմաստին եւ նպատակին հակառա՛կ է. քանի որ կեանքը պարգեւ մըն է, եւ ինչպէս ամէն պարգեւ, կեանքն ալ պէտք է ընդունինք ժպտերես…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 22, 2024, Իսթանպուլ