«ԿԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ»
Այժմ կը կարդամ մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 1931-1932 թուականներուն Փարիզի մէջ լոյս տեսած գրական «Մենք» ամսագիրը, որուն մէջ կը տեսնենք Սարաֆեան, Շուշանեան, Շահնուր, Նարդունի եւ ուրիշ դէմքեր: Այսօր կը կարդամ այս ամսագիրի 1932 թուականի մայիսի թիւը (թիւ Գ.). այդտեղ ուշադրութիւնս գրաւեց երկու պարզ ու հասարակ տող, որ պատճառ դարձաւ այսօրուան յօդուածի նիւթին. հանդէսին 136-րդ էջին վրայ կը տեսնենք, թէ բանուոր մը երկխօսութիւն կ՚ունենայ տիկինի մը հետ եւ խօսակցութեան պահին կ՚ըսէ. «... երկուշաբթի առտու կէնէ գործի». տիկինը շուարած կ՚ըսէ. «Ոհ ի՜նչ կ՚ըսէք... կէնէ՞ գործի...»: Բանուորը կը փորձէ շտկել իր սխալը. «Ո՜հ ներեցէք տիկին, դարձեալ պիտի ըսէի... բացառաբար ներեցէք...»:
Օտար բառերու գործածութիւնը մի՛շտ ալ մեր լեզուին անբաժան մէկ մասը դարձած է եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ դառնալ. աւելի քան 150 տարիներ առաջ եւս ապրող հայը իր մայրենին կ՚աղաւաղէր օտարին լեզուով, ինչպէս այսօր: Այս երեւոյթը յատուկ չէ՛ միայն մեր ազգին, սակայն տարօրինակ է, որ միւս բոլոր ազգերուն մէջ մե՛նք՝ հայերս ուշադրութիւն կը դարձնենք եւ այդ մէկը որպէս լուրջ ու մտահոգիչ խնդիր որպէս կը տեսնենք: Օրինակի համար՝ Լիբանանի արաբներ եւս իրենց խօսակցութեան մէջ կը խառնեն անգլերէն, ֆրանսերէն ու այդ մէկը արաբներու կողմէ այնքան ալ լուրջ մտատանջութեան աղբիւր չի՛ դառնար, սակայն մեր մօտ օտար բառերու գործածութիւնը ծանրակշիռ երեւոյթ մը կը ներկայացնէ:
Այս երեւոյթը կը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. արաբները կ՚ապրին իրենց հողին վրայ, իրենց հայրենիքին մէջ եւ իրենց լեզուի աղաւաղումը մշակութային այնքան ալ լուրջ մարտահրաւէր չի՛ հանդիսանար. հակառակ օտար բառերու գործածութեան՝ անոնք կամայ ակամայ կապուած կը մնան իրենց արժէքներուն (թէեւ այդ արժէքները եւս թիրախ են համաշխարհայնացման ծրագրին), վիճակը տարբեր է սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն համար. օտարութեան մէջ լոյս աշխարհ եկող հայը ուզէ կամ չուզէ կ՚ազդուի օտարին մշակոյթէն, ապրելակերպէն եւ անոր մօտ հայ մնալու միակ աղբիւրը կը մնայ լեզուն. սփիւռքի մէջ հայը հայ պահող ամենէն զօրաւոր ազդակը լեզուն է եւ այդ է պատճառը, որ օտար բառերու գործածութիւնը մտահոգիչ կը դառնայ, որովհետեւ եթէ լեզուն ալ կորսուի, ամբողջութեամբ կորուստի կը մատնուի հայկական սփիւռքը: Մենք ունինք հիւանդութիւնը, սեփական լեզուն դիւրութեամբ մոռնալու եւ համակերպելու օտարին լեզուին. նախանձով կը նայիմ արաբական եւ թրքական սփիւռքին, որոնք օտարութեան մէջ նոյնիսկ կը յաջողին պահել իրենց լեզուն, աւանդութիւններն ու համոզումները եւ օտարութեան մէջ օտարանալու փոխարէն, կը փորձեն օտարը այլափոխել եւ յարմարացնել իրենց:
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք իրենց մայրենի լեզուն չեն գիտեր, սակայն դժուար է գտնել արաբ ընտանիքի մը զաւակը՝ որ մոռցած ըլլայ իր լեզուն, իր աւանդութիւններն ու արժէքները: Պատճառը այն է, որ արաբներուն եւ թուրքերուն մօտ լեզուն ու մշակոյթը իրենց ինքնութեան եւ ազգութեան հայելին ըլլալու կողքին, իրենց կեանքի անբաժան մէկ մասն է. անոնք կ՚ապրին որպէս թուրք եւ արաբ օտարին հողին վրայ. իսկ մե՞նք... սերտեցէ՛ք Միջին Արեւելքը. հասարակ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը մտածէ արաբերէն եւ իր արաբերէն միտքերը հայերէնի կը վերածէ. կ՚ապրին որպէս արաբ՝ սակայն հայու ինքնութիւն մը կը փորձեն պահել: Այսօր սփիւռքի մէջ պիտի գտնէք բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք այս կամ այն բառին հայերէնը չեն գիտեր ու փոխարէնը օտարինը կը գործածեն. սակայն ժամանակ մը ետք այդ մէկը կը սկսինք բնական տեսնել, որովհետեւ կը նշմարենք, որ այդ մէկը օտարութեան մէջ ապրելու հետ կապ չունի, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ապրող արեւմտահայը եւս իր մայրենի լեզուին լիովին չի տիրապետեր. արդէն իսկ հինգ տարիէ ի վեր հայրենիք կ՚ապրիմ եւ կը հանդիպիմ մարդոց, որոնք շատ մը բառերու ռուսերէնը գիտեն՝ սակայն հայերէն տարբերակը գտնելու կը դժուարանան: Մեր եւ արաբներուն ու թուրքերուն տարբերութիւնը այն է, որ մենք մեր հողին վրայ նոյնիսկ այդ լեզուն չենք կրցած պահել. ժամանակ մը ետք Հայաստան ապրելով դուն ալ կը սկսիս հասկնալի դառնալու համար գործածել այդ օտար բառերը. այսօր ես ալ հայրենակիցի մը բան մը բացատրելու ժամանակ կամուրջի փոխարէն «մոսթ» կ՚ըսեմ... որովհետեւ այդ մոսթը իրեն աւելի հարազատ է՝ քան կամուրջը:
Սակայն ամէն բան լեզուով չի՛ սահմանափակուիր։ Մենք անցեալին ունէինք բազմաթիւ ծեր հայրեր ու մայրեր, որոնք իրենց խոր ծերութեան մէջ թրքախօս ըլլալով շա՜տ աւելի հայրենասէր էին՝ քան մերօրեայ հայրենախօս հայրենասէրները. լեզուն մինակը բաւարար չէ՛ ազգութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու, թէեւ ամենէն կարեւոր ազդակներէն մէկն է: Այդ ծերերուն համար սրբութիւն էր ամէն բան՝ որ հայրենիքի, ազգութեան հետ կապ ունէր, սկսեալ եկեղեցիէն, ակումբներէն, երգերէն ու բարքերէն:
Այսօր եկեղեցւոյ հանդէպ սէրն ու արժէքը պակսած է. աւանդութիւնները գրեթէ յիշող ու յարգող չկայ եւ լեզուն աղաւաղուած է. ի՞նչ մնաց հայ ապրելու համար. ոչ մէկ բան:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ես հայ եմ, բայց օտար երկիր կ՚ապրիմ. ինչպէ՞ս կրնամ ինքնութիւնս պահել:
Պատասխան. Հայու ինքնութիւնը պահելով օտար երկրի մէջ ապրիլը կ՚ենթադրէ կապուած մնալ հայու արմատներուն եւ մշակոյթին: Հայու ինքնութիւնը պահելու համար պէտք է պահել աւանդութիւնները, տօները. պէտք է խօսիք հայերէն եւ վառ պահէք հայկական սովորութիւնները: Ձեր պատմական հարստութիւնը բաժնեցէք ուրիշներու հետ՝ ուտելիքի կամ երաժշտութեան ճամբով: Պահելու համար հայու ինքնութիւնը պէտք է մօտէն հետեւիլ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն: Այս բոլորը ընելը կ՚օգնէ, որպէսզի հաստատուած մնաք ձեր հայու ինքնութեան մէջ, միաժամանակ յարմարուելով օտար երկրի կեանքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024