ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային ընկերութիւնը կենդանի գործարանաւորութիւն մը ունենալու համար անհրաժե՛շտ է ընկերականութեան-հասարակաց միտք։ Արդարեւ ընկերութիւնը կազմող ամէն մէկ անհատ «անդամ» է ամբողջութեան եւ առանց այդ մէկ անդամին պակաս կը մնայ միութիւնը, չի կազմուիր ամբողջութիւնը։ Ուրեմն ընկերութեան ամէն անդամ կարեւոր է, անհրաժեշտ է եւ անփոխարինելի՛։ Բնորոշիչ յատկութիւնն է անհատը՝ որ կը յատկանշէ մարդկային նկարագիրը իր «գործակցութեան ոգի»ով։ Ուստի յառաջդիմութեան համար գործակցութիւնը անհրաժեշտ է եւ ամէն ընկերային արդիւնաւորութիւն եւ արտադրութիւն արդիւնք է հասարակաց մտքին ու զգացումին եւ գործակցութեան։
Այս իմաստով ամբողջ քաղաքակրթութիւնը մարդկային համագործակցութեան ընդարձակագոյն պտո՛ւղն է։ Աշխարհ անհո՜ւն, անսահման աշխատանոց մըն է՝ որուն ճակատագրեալ աշխատաւորներն են մարդիկ։ Արդարեւ չկա՛յ մարդկային մտքի գեղեցկութեան դրոշմը կրող գործ մը՝ որ արդիւնք չըլլայ մարդկային համագործակցութեան, հասարակաց մտքին։ Համագործակցութիւնն է, որ մարդը բարձրացուցած է անասնական-անբան վիճակէն։
Աւելի յառաջադէմ են այն ժողովուրդները՝ որոնց մէջ համագործակցութեան ոգի եւ ընկերականութեան կեանք կայ։ Համագործակցութեան շնորհիւն է, որ մարդս կ՚ազատի նիւթական աշխարհի, այսինքն բնութեան լուծէն։ Քաղաքակրթական աշխատութիւնը «կռիւ»ի գործունէութիւն մէկն է՝ ամենէն աւելի բնութեա՛ն ուժերուն դէմ. համագործակցութեան արդիւնքն են գիւտերը, գիւտերու արդիւնքն է գիտութիւնը, գիտութեան արդիւնքն է յաղթանակ բնութեան բռնութիւններուն դէմ. յաղթանակ՝ հեռաւորութեան եւ միջոցին դէմ՝ ելեկտրական արագութեամբ, խաւարին ու գիշերին դէմ՝ ելեկտրական լուսաւորութեամբ, հիւանդութիւններու դէմ՝ դարմանումներով եւ առողջապահութեամբ։ Գործակցութեան ամենէն հիանալի՜ արդիւնքներէն մէ՛կն է մարդուն բարոյականացումը. ինչպէս՝ բնութեան կատաղութեան նոյնպէ՛ս մարդկային բնաւորութեան կատաղութիւններուն սրբագրութիւնը կը կատարուի ընկերական հասարակաց զգացումին գործնականացումո՛վը մանաւանդ։
Մարդկային ընկերութեան մէջ՝ բազմութեան մէջտեղ. առանձնութիւնը «վայրենական կեանք»ի սնունդն է։
Մարդ այնքան աւելի՛ ազնիւ կը դառնայ որչափ շփման մէջ ըլլայ ուրիշներու հետ։ Կարծիքներու եւ զգացումներու փոխանակութիւնը կ՚աճեցնէ, կը զարգացնէ եւ կը կրթէ մարդը։ Եւ այս իմաստով իսկ, համագործակցութիւնը յառաջդիմութեան ազդակ է թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանք ապրող մարդուն համար։
Արդարեւ, մարդկային բարոյական՝ զգացական եւ մտաւոր շէնքին կառուցման խնդրին մէջ՝ իւրաքանչիւր անհատ, ան-խըտիր, իր դերը ունի՝ որ մէկը հիմնաքար է, ուրիշ մը՝ աղիւս, միւսը՝ խիճ եւ ոմանք ալ՝ աւազի հատիկներ… բայց բոլո՛րն ալ կարեւոր եւ անհրաժեշտ են շէնքին կառուցման համար։
Ուստի ամբողջը կազմելու համար ամենափոքր ու աննշան տարրն իսկ կարեւոր է։
Փայտը հաւաքողը, փայտէն նստարան շինողը եւ այդ նստարանին վրայ նստող եւ մանուկի մը բառ մը սորվեցնողը՝ մարդկութեան ի նպաստ գործ մը կը կատարեն։ Եւ այս գործիչներու վեհագոյնն է՝ սորվեցնողը, դաստիարակը, ուսուցի՛չը։
Ուրեմն մարդուն պարտականութիւնը՝ որպէս անհատ եւ որպէս անդամ ընկերութեան՝ մարդկութեան ընտանիքին, ծառայել է մարդկային շէնքին կառուցման, իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով։
Դարձեալ, այս իմաստով, հարցը մարդու մը «հաց» տալով օգնել չէ, այլ՝ հաց պատրաստելը սորվեցնելով է որ անոր կեանք ապահովելն է։ Ուստի մէկու մը եթէ քառասուն օր հաց տաք, քառասուն օր կուշտ կը մնայ, բայց երբ օր մը հաց չտաք, ան անօթի կը մնայ, մինչդեռ եթէ մէկ օր հաց պատրաստել սորվեցնէք՝ երբեք անօթի չի մնար։
Ուրեմն կը հետեւի, թէ իրերօգնութիւնը անհրաժեշտ է ընկերային միութեան կազմութեան համար։
Եւ եթէ կ՚ուզենք առողջ եւ տեւական ընկերային միութիւն մը ունենալ՝ պէտք է յարգ ու պատիւ ընծայենք վեհագոյն աշխատաւորներու արդար վաստակին եւ գիտնանք՝ թէ մարդկային ընկերութեան շէնքը անոնց ջանքերով կրնայ բարձրանալ, գոյութիւնը պահել եւ գոյատեւել։
Այս իմաստով՝ իր ընդհանուր իմաստով կրթութեան տրուած ամէն ծառայութիւն նուիրական է եւ սրբազան։ Առանց մտային զարգացման եւ հոգիի ազնուացման մարդկութեան առողջ ապագայ պատրաստել կարելի չ՚ըլլար։ Այո՛, մարմնական առողջութիւն, բայց նաեւ՝ մտաւոր եւ հոգեւոր առողջութիւն, կայտառութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2015, Իսթանպուլ