ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՒ ՎԻԺՈՒՄ

Մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուիլ յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէ՛տք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ, որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը։

«Դուն տակաւին չձեւաւորուած մայրենի արգանդին մէջ, Ես կը ճանչնայի քեզ։ Դուն տակաւին չելած արգանդէն, Ես սրբացուցի քեզ». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։

«Ոսկորներս Քեզի համար ծածուկ չէին, երբ ես կազմուեցայ գաղտնապէս, հիւսուած երկրին ընդերքներուն մէջ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԸ 15)։

Առաջին դարէն սկսեալ, Եկեղեցին հաստատեց «բարոյական չարութիւն»ը ամէն պատճառուած վիժումի։ Այս ուսուցումը չէ՛ փոխուած։ Ան կը մնայ անփոփոխելի։ Ուղղակի, այսինքն՝ իբր նպատակ կամ իբր միջոց ուզուած վիժումը, ծանրօրէն հակառա՛կ է բարոյական օրէնքին։ Ուստի, վիժումով պէտք չէ՛ սպաննել նախասաղմը եւ պէտք չէ՛ կորուստի մատնել նորածինը։ Աստուած, որ կեանքին Տէրն է, վստահեցաւ մարդոց կեանքին վսեմ պաշտօնը, զոր մարդը պարտի կատարել Անոր արժանավայել կերպով։ Կեանքը ուրեմն պէտք է պահպանուի ծայրագոյն խնամքով յղութենէն ի՛սկ. վիժումը եւ մանկասպանութիւնը գարշելի ոճիրներ են։

Մարդկային ամէն անմեղ անհատի կեանքին անլուծանելի իրաւունքը կը կայացնէ ընկերութեան եւ օրէնսդրութեան կազմիչ մէկ տարրը։ Այս արարքը ցոյց կու տայ գործուած «ոճիր»ին ծանրութիւնը եւ անդարմանելի վնասը՝ որ պատճառուած է սպաննուած անմեղին, անոր ծնողներուն ու մբողջ ընկերութեան։

Ուստի, քանի որ յղութենէն սկսեալ, սաղմը պէտք է իբր «անձ» նկատուի, ան պէտք է պաշտպանուի իր ամբողջութեան մէջ, եւ կարելիութեան չափով խնամուի եւ բուժուի, ինչպէս ուրիշ ոեւէ մարդկային էակ։

Նախածննդական ախտաճանաչումը բարոյապէս օրինաւոր է, երբ կը յարգէ կեանքը եւ ամբողջականութիւնը մարդկային նախասաղմին եւ սաղմին, եւ եթէ կը ձգտի անոր պահպանումին կամ անոր անհատական բուժումին։ Ան բարոյական օրէնքին ծանրօրէն կը հակադրուի, երբ կը նախատեսէ, ըստ արդիւնքներուն, վիժում կատարելու հաւանականութիւնը։ Ախտաճանաչում մը պէտք չէ՛ համազօր ըլլայ մահավճիռի։

Այս առթիւ, հարկ է իբրեւ «օրինաւոր» նկատել մարդկային նախասաղմին վրայ կատարուող միջամտութիւնները, պայմանաւ որ անոնք յարգեն կեանքը եւ ամբողջականութիւնը նախասաղմին եւ անոր դէմ անհամաչափ վտանգներ չբերեն, այլ ձգտին անոր բուժումին, անոր առողջութեան պայմաններուն բարւոքումին կամ անոր անհատական վերապրումին։

Վիժումի մը բացայայտ մասնակցութիւնը կը գոյացնէ ծանր յանցա՛նք մը։

Եկեղեցին բանադրանքի կանոնական պատիժ կը սահմանէ մարդկային կեանքին դէմ գործուած այս յանցագործութեան համար։ Ասով՝ Եկեղեցին դիտաւորութիւն չունի գթասրտութեան դաշտը սահմանափակելու։ Ան ցոյց կու տայ գործուած «ոճիր»ին ծանրութիւնը եւ անդարմանելի վնասը՝ որ պատճառուեցաւ սպաննուած անմեղին, անոր ծնողներուն։

Նախաբջիջային կամ ծննդական տարրերու բնագաւառէն ներս միջամտելու կարգ մը նախափորձեր բուժական չեն, այլ կը ձգտին արտադրելու մարդկային «զտուած էակներ», ըստ սեռին կամ ըստ կանխաւ սահմանուած յատկութիւններու։ Այս «խարդախում»ները հակառա՛կ են մարդկային կեանքի եւ մարդկային էակի առանձնական արժանապատուութեան, անոր ամբողջականութեան եւ անոր ինքնութեան՝ որ միակ է եւ անկրկրնելի՛։

Բժշկութեան առաջին եւ առաջնակարգ պարտականութիւնն է ապրեցնե՛լ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 24, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2024