ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉԸ

Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն եւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին յաջորդած յայտարարութեամբ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Սուրբ Երկրի առկայ պատերազմը աւարտի։ Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները այսպէսով ընդգծեցին խաղաղութեան վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով երէկուան հաւաքին մասնակցեցաւ Տ. Աղան Վրդ. Գոգչեան։

Այս յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուեցաւ. «Հակառակ մեր եւ միջազգային հանրութեան՝ բռնութեան դադրեցման վերաբերեալ բազմակի կոչերուն, մեր սիրելի Սուրբ Երկրին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ միայն վատթարանալ»։

Հաշուի առնելով տագնապալի իրադարձութիւնները՝ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները անգամ մը եւս խնդրած են, որ հակամարտ կողմերու առաջնորդները անյապաղ ականջալուր ըլլան իրենց ու միջազգային հանրութեան կոչերուն, համաձայնութիւն ձեռք բերեն եւ միջազգային հանրութեան մասնակցութեամբ սկսին դիւանագիտական քննարկումներու, անդրադառնան երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ երկարամեայ դժգոհութիւններուն եւ ձեռնարկեն յստակ քայլերու, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանէն ներս արդար ու տեւական խաղաղութեան վերահաստատման։

Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները առանձնապէս մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ՝ տարածաշրջանէն ներս իրենց հովուական պատասխանատուութեան յանձնուած քրիստոնէական համայնքներուն համար։

Հուսկ, յայտարարութեան վերջաւորութեան հոգեւոր առաջնորդները խօսք ուղղած են քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք բարի կամք ունին ամբողջ աշխարհին մէջ, որպէսզի աղօթեն ու խթանեն կեանքի տեսլականը՝ պատերազմէ աւերուած տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման համար։

«Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5։9), եզրափակուած է յայտարարութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024