2024-2025 ՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՓՈՒԼԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը, որ զուգադիպեցաւ 2024-2025 կրթական շրջանի բացման փուլին։ Մասնագիտական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր, որոնք ուղղութիւն կու տան պոլսահայ կրթական կեանքին ու կը կառավարեն դպրոցական ցանցը։

Ուսուցիչէ ուսուցիչ՝ լաւ օրինակները բաժնելու հետամուտ այս խորհրդաժողովի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Օրթագիւղի ընտանիքը այս տարի առաջին անգամ նման նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած է։ Հաւաքի պատուոյ հիւրն էր Կեդրոնական վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։

«Բաժնելով հզօրացիր, միասնաբար սորվէ» կարգախօսով կազմակերպուած աշխատաժողովին շուրջ 200 կրթական մշակ մասնակցեցաւ։ Համայնքային ինն վարժարանի կողմէ 26 զեկուցումով խոշորացոյցի տակ առնուեցան աշխատանոցներու գործունէութիւնն ու դասաժամերու փորձառութիւնները։ Զանազան նիստերու ձեւաչափին մէջ գործադրուեցաւ աշխատաժողովի օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ կար նիստ մը, որու ատենախօսները բացառապէս համայնքային վարժարաններու տնօրէններն էին։ Այս նիստը վարեց Սիլվա Գույումճեան։ «Դպրոցներու ղեկավարներու տեսանկիւնէն կրթական վերափոխումը» խորագրեալ նիստի ատենախօսներն էին՝ Էասեան վարժարանի տնօրէնուհին Տենչա Չընար, Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Գլոտիա Տեմիր, Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու եւ Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման։

Օրակարգի գործադրութեան աւարտին յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024