ԱՐՁԱՆԻ ԿՌԻՒԸ
Մարդկային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր արարք, անկախ անոր լաւ կամ վատ ըլլալէն, կը հանդիպի տարբեր կարծիքներու եւ մենք որպէս մարդ ինչքան ալ ձեւացնենք անտեսել այդ կարծիքները, մեր մարդկային տկարութեամբ տեղ մը կ՚ուզենք ուրիշը հաճեցնել, դրական հաստատումներ ընդունիլ, միաժամանակ ի մտի ունենալով անխուսափելի հիասթափութիւնը՝ որ բնական մէկ մասնիկն է կեանքին: Մեր կողմէ ըսուած իւրաքանչիւր խօսք, եղած իւրաքանչիւր արարք, ուզենք կամ չուզենք, կ՚ունենայ իր արձագանգը՝ ոմանց կողմէ դրական, իսկ ոմանց կողմէ ժխտական ձեւով: Այդ արձագանգները շատ անգամ մեր ըրած գործերուն կամ ըսած խօսքերուն հետ կրնան կապ չունենալ, որովհետեւ մարդ պիտի տեսնէ այն՝ ինչ կ՚ուզէ տեսնել. ամենէն լաւ գործին մէջ անգամ պիտի յայտնուին քննադատողներ, որոնք նոյնիսկ դիւրածին են բան մը գտնելով, լաւը մոռցած վատին մասին պիտի խօսին: Այդ քննադատութիւնները մեր կատարածներուն կամ ըսածներուն արժէքի արտացոլացումը չէ, այլ մարդկային բազմազանութեան պատկերն է որ կը դնէ մեր դիմաց, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կը հասկնայ ու նայի տարբեր ձեւով եւ այն բանը որ հաճելի է ինծի, կրնայ անախորժ թուիլ ուրիշին: Այդ իսկ պատճառով երբեք կարելի չէ բոլորը գոհացնել: Սկզբնական շրջանին այս մէկը կրնայ նեղութիւն պատճառել մարդուն, սակայն ժամանակի մարդ կը սորվի, որ այս է կեանքի ճշմարտութիւնը:
Այսօր Հայաստանի մէջ նոյն այս կացութիւնը կ՚ապրինք, արդէն իսկ գրեթէ պատրաստ Յիսուս Քրիստոսի արձանի շուրջ. ոմանք անկեղծ հաւատքով կը փառաբանեն, իսկ ուրիշներ ծայրայեղ ատելութեամբ կը քննադատեն այդ մէկը. նոյն արձանը պատճառ կը դառնայ երկու հակոտնեայ կարծիքներու, որոնք կը շարունակեն մնալ կարծիք եւ ճշմարիտ արժէքը չեն ներկայացներ: Այն ինչ որ կարծիք է՝ ճշմարտութիւն չէ եւ նման պարագաներու երբեք ճշմարտութիւնը կարելի պիտի չըլլայ գտնել այնքան ժամանակ, որքան տարբեր են աշխարհահայեացքները:
Յիսուսի արձանի շուրջ կարծիքները տարբեր են. ոմանք այդ մէկը անհրաժեշտ կը գըտ-նեն, որովհետեւ դիտել կու տան, որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալով այսօր մեր ազգը ահաւոր ձեւով հեռացած է թէ՛ եկեղեցիէն եւ թէ Յիսուս Քրիստոսէն. այս մօտեցումը կարելի է արդարացնել անով, որ ամբողջ աշխարհի կողմէ Հայաստան կը ճանչցուի որպէս առաջին Քրիստոնեայ պետութիւն (թէեւ ոմանք հարցականի տակ կը դնեն այդ մէկը). հետեւաբար, Քրիստոսն ու քրիստոնէութիւնը մեր պատմութեան ու ճանաչելիութեան անբաժան մէկ մասն է եւ այդ մէկը որպէս հաւատաք ու քրիստոնէութիւն դիտելու կողքին, պէտք է դիտել նաեւ որպէս դիմագիծ՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ պետութիւնը կը փորձէ ամէն ձեւով չէզոքացնել ու կործանել եկեղեցին, փորձելով կրօնի դասանիւթը անգամ դուրս ձգել դպրոցական կրթական ծրագիրէն: Վերջապէս Յիսուս Քրիստոսի արձանը մեր պետութեան ո՛չ նիւթական եւ ո՛չ ալ բարոյական վնաս մը կրնայ պատճառել:
Սակայն, ուրիշներ կը հաւատան, որ այդ արձանի վրայ ծախսուած գումարով կարելի էր այլ կարեւոր գործունէութիւններ ծաւալել. ինչպէս օրինակ՝ անօթեւան մարդոց տուն կառուցել եւ այլն։ Այս քննադատողները կը մոռնան, որ աւելի քան տարի մը անցաւ, որ մեր պետութիւնը ամերիկացի երգիչի մը վճարեց 6 միլիոն ամերիկեան տոլար. երգիչ մը, որ միայն մէկ օրով Հայաստան գալով պիտի հայհոյէր ու երթար. 6 միլիոն տոլար ընդամէնը մի քանի ժամուան համար, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ: Քրիստոսի այս արձանը գուցէ տասնամեակներ պիտի մնայ այդտեղ եւ դառնայ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն լաւագոյններէն մէկը. Յիսուս Քրիստոսի արձանը կը կառուցուի մեծահարուստի մը սեփական միջոցներով եւ ո՛չ ժողովուրդի վճարած տուրքերով։ Արձանի նիւթական բաժինը քննադատողներ թող իրենց կեդրոնացումը դարձնեն մեր հարկերով կատարուած անտրամաբանական մսխումներուն:
Համացանցի մէջ կը հանդիպիմ բազմաթիւ քննադատութիւններու. ահաւասիկ անոնցմէ մէկը. «Մեզ նախ զէնք ու հզօր բանակ պէտք է ոչ թէ խաչքար ու Յիսուսի արձան»։ Սիրելի քննադատ. այդ զէնքն ու հզօր բանակը պետութեան գործն է. պետութիւնը պարտի այդ մէկը ընել եւ ո՛չ հայհոյող երգիչի մը համար մեր իսկ գրպանէն միլիոններ ծախսէ. տեսէ՛ք մեր նախարարները. իրենց «համեստ» աշխատավարձերով չես գիտեր ինչպէս պալատներու տէր կը դառնան. մեծ հարստութիւններ կը դիզեն՝ արդարացիօրէն զէնք առնելու եւ հզօր բանակ կազմելու փոխարէն:
Յանկարծ կը տեսնես խումբ մը մարդիկ, որոնք կու գան խօսելու «արձանապաշտութեան» մասին. այստեղ կայ նրբութիւն մը. արձանի կառուցումով արձանը չէ՛ որ կը պաշտես, այլ անոր խորհուրդը, որ այս պարագային Յիսուս Քրիստոս ի՛նք է. օրինակի համար՝ այսօր դուք ձեր տան մէջ ունիք ձեր ողբացեալ մօր եւ կամ հօր դիմանկարը. այդ դիմանկարը ձեր պատէն կախելով դուք թուղթը չէ՛ որ կը յարգէք, այլ անոր մէջինը՝ որ ձեր հայրը եւ կամ մայրն է:
Անշուշտ, կարելի չէ մոռնալ անհաւատները. անոնցմէ մէկը քննադատելով ո՛չ թէ արձանը, այլ նոյնինքն Յիսուսը կ՚ըսէ. «Հայերուն չարիք եւ դժբախտութիւն բերած ու պատճառած անիմաստութիւն: Դրամները գիտութիւնը զարգացնելու տրամադրեցէք»:
Եթէ այսօր հայրենիքի մէջ երկու միլիոն մարդ ենք... երկու միլիոն տարբեր կարծիք ու քննադատութիւն կարելի է լսել. մեր ժողովուրդը քննադատելու չափ եթէ ազգօգուտ աշխատանք կատարէր, այսօր տարբեր էր մեր հայրենիքի վիճակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան