ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԵՐԸ Կ՚ԱՄԱՅԱՆԱՆ

Առաջին անգամ ըլլալով Երեւանէն դուրս՝ Լոռիի մարզէն կը գրեմ այսօրուան յօդուածս. տպաւորութիւնները տարբեր են. դրական, սակայն միեւնոյն ժամանակ բացասական: Որպէս բնութիւնը ամբողջական դրախտավայր մը. սքանչելի տեսարան, խաղաղութիւն, հեռու մարդկային քաոսէն, սակայն մտահոգեցուցիչը այն էր, որ բնակիչները գրեթէ տարեցներ են: Երիտասարդութեան թիւը աներեւակայելի քիչ է. ուսումի համար կ'երթան Երեւան, կը սորվին Երեւանի կեանքին եւ կը հրաժարին վերադառնալ ծննդավայր. սակայն այս դժբախտ իրականութեան մէջ կարելի չէ մեղադրել երիտասարդութիւնը, որովհետեւ անոնց համար իրենց ծննդավայրին մէջ գործի ո՛չ մէկ պայման կայ ստեղծուած. երիտասարդութեան այստեղ մնալն ու ապրիլը վնաս մըն է թէ՛ իրենց երիտասարդութեան եւ թէ՛ ուսումին որ կը ստանան:

Այստեղ գալով կը հասկնաս, որ Հայաստանի պետութիւնը իր ամբողջական ուժն ու կենդրոնացումը յատկացուցած է Երեւանին. այնպիսի մթնոլորտ մը կայ, որ Երեւանը յաջողած է քայլ պահել աշխարհի յառաջդիմութեան, սակայն Երեւանէն դուրս եղող մարզերը կարծես տակաւին կ՚ապրին Խորհրդային Միութեան օրերը. տեսնելով ծերերու մեծամասնութիւնը լուրջ մտահոգութիւն մը կը ծագի. ի՞նչ պիտի ըլլայ այս գիւղերու ապագան. մի քանի տարիներ ետք այս ծերերը երբ մեկնին անդիի աշխարհ, ի՞նչ պիտի ըլլայ այս բնակավայրին վիճակը. ո՞վ պիտի յանձն առնէ գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ եւ տէր կանգնիլ այս հողերուն, որոնց ճակատագիրը կարծես լքուածութիւն պիտի ըլլայ:

Յաճախ նման մտածումներ պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի ուսումնասիրեմ օտար պետութիւններու լուծումները. օրինակի համար՝ Թուրքիոյ պետութիւնը կը տեսնենք, թէ հեռու գիւղերու բնակչութիւնը ապահովելու համար յանձն կ՚առնէ բնակչութեան անվճար դասընթացքներ տալ. օրինակ՝ սորվեցնել սունկի աճեցման ձեւերը. ապա կը տրամադրէ բոլոր պէտքերն ու անհրաժեշտ պարագաները եւ այս բոլորին դիմաց կ՚առաջարկէ այդ աճեցուած բերքը ամբողջութեամբ վերցնել գիւղացիէն. այս պայմաններով, գիւղացին անվճար արհեստ ու գործ կ՚ունենայ եւ միւս կողմէ չի՛ մտածեր, թէ ո՛վ պիտի գնէ այդ բերքը. վստահաբար, այս նիւթական ապահովութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի բնակչութիւնը այդ գիւղը լքելով քաղաք փոխադրուիլ չմտածեն եւ շարունակեն ապրիլ ու գոյատեւել այդ շրջանին մէջ: Գիւղ մը գոյատեւելու համար պէտք ունի երիտասարդներու, որոնք պիտի սերնդագործեն. անոնց զաւակները պիտի լեցնեն գիւղական այդ համեստ դպրոցներու գրասեղեանները եւ այսպիսով կենդանի պիտի մնայ շրջապատը. պատանիները պիտի սորվին, երիտասարդները պիտի գործեն, ծերերը պիտի հանգստանան ու մարդկային կեանքը իր ընթացքը պիտի ունենայ:

Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդը իր կեդրոնացումը տուաւ Երեւանին, Հայաստանի մի քանի քաղաքներու. ինչպէս՝ Ստեփանակերտ, Կիւմրի եւ այլն, սակայն աչքէ դուրս ձգած են միւս շրջանները, ուր մեր հայորդիները կը փորձեն ապրիլ մարդկային ամէն պայմաններէ հեռու: Այս բոլորին դիմաց ակամայ կը յիշեմ անոնք՝ որոնք հայութեան գրաւուած հողերը կը պահանջեն. նման մարդոց կ՚ուզեմ հարցնել, թէ այդ հողերը վերադարձնելէ ետք ի՞նչ մտադրութիւն ունին, երբ մեր այսօրուան հողերուն մեծամասնութիւնը դատապարտուած է ամայութեան. հայ ազգը վարժուած է օդին մէջ երեւակայելու եւ այդ երեւակայութիւնը իրականութիւն որպէս ներկայացնելու ու խօսելու. այսօր մեր մօտ կը բացակայի լուրջ ծրագիրներ, որոնք պարտին կատարուիլ պետական մակարդակով: Պետութիւնը այսօր պէտք է լրջօրէն մտածէ Հայաստանի մարզերուն մասին, որովհետեւ այս ընթացքով մեր հողերը աւելիով պիտի պարպուին եւ պարապ հողը թշնամիին համար ամենէն յարմարն է գրաւելու եւ կայք հաստատելու։ Այսօր բոլորը կը բողոքեն, որ Երեւանը օրէ օր աւելիով կը դառնայ խճողուած քաղաք, սակայն անոր պատճառը ո՛չ թէ Երեւանի աննման կեանքն է, այլեւ մարզային կեանքի խեղդամահ ըլլալը։ Երիտասարդը իր գիւղին մէջ դպրոցը աւարտելով կամայ ակամայ պիտի մեկնի Երեւան իր համալսարանական ուսումը շարունակելու եւ չորս-հինգ տարուան ընթացքին տեսնելով Երեւանի ապրելակերպը, գոյզգոյն քաոսը՝ արդէն իսկ չ՚ուզեր վերադառնալ:

Այսօր մենք մեծ սխալի մը մէջ ենք. մեր բոլոր ուժերը կեդրոնացուցած ենք Երեւանի մէջ. այսօր թող կործանի Երեւանը՝ կը կործանի Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։ Այո՛, Երեւանը որպէս հայրենիքի մայրաքաղաք, պարտի իր բարձրագոյն ուժին մէջ ըլլալ, սակայն բոլոր ազգին ուժերը այդտեղ կեդրոնացնել ապագայ պարտութիւն մը կը նշանակէ. պէտք է հին պատմութենէն օրինակներ վերցնել. ամբողջ բանակը մէկ բերդի մէջ մէկտեղելը տրամաբանական չէր, որովհետեւ նման պարագայի բերդին գրաւումը ամբողջական պարտութիւն կը խորհրդանշէ, սակայն ուժը ամբողջ հայրենիքի վրայ տարածելով շատ աւելի հզօր պետութիւն մը կարելի է ունենալ:

Մենք նոյն խնդիրը ունինք այսօր սփիւռքի մէջ. օրինակի համար՝ Լիբանանի մէջ կայ շէնք մը, որ իր մէջ ունի հայ տպարան, թերթի խմբագրութիւն, հայկական կարգ մը կազմակերպութեան կեդրոններ, երեսփոխանական գրասենեակ, հայկական ձայնասփիւռ, գրատուն եւ այլն. այդ շէնքը քանդել՝ Լիբանանի գաղութը քանդել կրնայ նշանակել։ Հայկական այս անհեռատեսութիւնը գուցէ դարաւոր անցեալ մը ունի, որ տակաւին իր լուծումը չէ գտած. մենք ազգովին կը սպասենք, որպէսզի մեր մորթին վրայ զգանք ցաւը, որպէսզի նոր սկսինք մտածել լուծումներու մասին:

Եթէ շատեր պիտի հարցնեն, թէ լուծումը ի՞նչ է. լուծումը պարզ է. մտածել. մտածելու կողքին օրինակ առնել այլ պետութիւններէն՝ նոյնիսկ շատ անգամ հակառակորդ կարծուածներէն, որովհետեւ լուծումը մտածելով եւ մտածելու կողքին գործելով կարելի է յառաջդիմել. պէտք է լրջօրէն մտածել մեր գիւղերուն ու մարզերուն մասին, որովհետեւ ազգը ոտքի պահող մեծագոյն արժէքներէն մէկը գիւղատնտեսութիւնն է, որ կամաց-կամաց կը նահանջէ մեր մէջ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Գիւղերը կ՚ամայանան. ի՞նչ կարելի է ընել:

Պատասխան. Գիւղերը կանգնած են դասալքութեան դիմաց. վերակենդանացման ռազմավարութիւնը պէտք է կեդրոնանայ տեղական ենթակառուցուածքներու բարելաւման, կայուն գիւղատնտեսութեան խթանման եւ բնակիչներու ներգրաւման եւ հնարաւորութեան ստեղծման վրայ: Ներդրումները կրնան դիւրացնել գիւղական կեանքը եւ օգնել նիւթական աճին. տնտեսական կենսուանկութիւնը կրնան լուծել գիւղերու մարտահրաւէրները եւ զարգացնել աճն ու այդտեղ ապրելու հնարաւորութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2024