Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
«ՍԵՆՖՈՆԻՔ ԵՐԵՒԱՆ» ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԸ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐԸ
Երեւանի կեդրոնին վերջին օրերուն երաժշտական եզակի նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչուեցաւ։ Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Օփերայի հոյակերտ շէնքի յարած տարածքի «Սենֆոնիք Երեւան» ծրագիրը համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Ծրագիրը խրախուսուած էր Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբը համերգներով հանդէս եկաւ՝ գլխաւոր խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Երկու օր շարունակ մայրաքաղաքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն համար երաժշտական իսկական վայելք մը դարձաւ՝ Տիգրան Մանսուրեանի եւ Հանս Ցիմմէրի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու բարձրորակ կատարումներու ունկնդրութիւնը։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024