ԵԱՇԱՐ ԿԻՒԼԷՐ ԼԱՒԱՏԵՍ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ անլուծելի խնդիրներ գոյութիւն չունին։ Անգարա-Դամասկոս առանցքի բնականոնացման որոնումներու մթնոլորտին մէջ նախարարը յայտնեց, որ երկու հարեւան երկիրները կը կարողանան շարունակել իրենց բնականոն գործունէութիւնը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ վերջին օրերուն անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ան տեղեկացուց, որ Ռուսաստան, Թուրքիա, Սուրիա եւ Իրան մօտաւոր ապագային նոր հանդիպում մը կրնան իրականացնել՝ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024