ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ այցելեց Թիֆլիզ, ուր բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Չիքովանիի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ ծրագրային աշխատանքի ընթացքին։

Սուրէն Պապիկեան օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցերու եւ մանաւանդ՝ Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին շուրջ։

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ տեղեկացուց, որ կ՚ակնկալէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024