ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ԿԱՏԱՐԵԼԱՑՈՒՄ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՄՈՎՍԷՍ
Մտաւորականներ կան, որոնք իրենց միտքերով ու մտասեւեռումներով ո՛չ միայն աւելի կը հարստացնեն ընդունուած արժէքները՝ այլեւ տեւաբար այժմէականութիւններ կու տան անոնց: Ի վերջոյ գիտութիւններու առաքելութիւնը ամէնուրեք ու տեւաբար այժմէականութիւն իրագործելն է, իսկ գիտնականներու կողքին մտածողները, գրողները, արուեստագէտները եւ այլն, այդ մէկը կը համադրեն։ Նոյնիսկ եթէ ընկերային բարօրութեան հասնիլը հիմք ու նպատակ չհամարենք մարդկային գործունէութեան համար, ապա նուազագոյն չափով արուեստը իր հնութեամբ, գիտութիւնը իր արարումով, ապրուստը իր ընթացքով՝ բովանդակապէս նորարարուող ու վերանորոգուող են։ Այս կէտին զայն առնելով ժամանակի մարդկային հասկացողութիւնը, որ բնագիտական ու բնազանցական առումներով տիեզերքի հոլովոյթին ու շարժման մէջ անհիմն ուղենիշ կրնայ համարուիլ:
Մեծ բանաստեղծ մըն է Յակոբ Մովսէս, որ միաժամանակ ունի իւրայատուկ ու շահեկան փիլիսոփայական գիծ մը։ Ան պատմաբանութեան, պատմագիտութեան ու պատմութեան մասին ունի շատ մը վերլուծութիւններ: Իր հետ ունեցանք զրոյց մը, որու ընթացքին ան պատմութեան ու պատմագիտութեան նիւթով՝ հերթաբար ուշագրաւ միտքեր փոխանցեց ընդհանուր մարդկային հասարակութիւններու, հաւաքականութիւններու, պետութիւններու ընկալումներու ու մօտեցումներու կապակցութեամբ։ Յակոբ Մովսէս այդ բոլորը արտացոլացուց մեր իրականութեան վրայ, մինչ այդ անդրադարձաւ Հայաստանի, հայոց պատմութեան եւ մեր մօտեցումներու, առընչուածութիւններու եւ ըմբռնումներու մասին: Առանց վերաշարադրելու Յակոբ Մովսէսի միտքերը, պարզօրէն կ՚ուզենք կարեւոր ու իրականութեան համապատասխանող այդ խորհուրդներէն մի քանին հաստատել պատմական փաստերով, նաեւ աւելցնել մեր կարծիքը։
Յակոբ Մովսէս կ՚ըսէ, որ այն ազգերն ու ժողովուրդները, որոնք պատմութեան կը նային իբրեւ պատմագրական արժէք կամ եղած ու աւարտած սրբականութիւն՝ դատապարտուած են պարտութեան: Այս կէտին պարտութիւնը սոսկ ռազմական ու զինուորական չէ, այլեւ ամենակարեւորը՝ քաղաքակրթական: Ինչպէս՝ հիւսիսային եւ հարաւային Քորէաներու օրինակները, նաեւ կրնանք մէջբերել արաբական ու իսլամական աշխարհի ալ պարտուածութիւնը՝ ոչ միայն ռազմականօրէն, այլեւ քաղաքակրթօրէն։
Բաց զրոյցով՝ Յակոբ Մովսէսին կրնանք հետեւեալ հարցը ուղղել՝ պատմութիւնն ու զայն էութիւն դարձնող պատմագիտութիւնը իր պատմագրութեամբ մղուած են կատարելութիւն մը կերտելո՞ւ, թէ պարզապէս մարդկային վաւերացման գործընթացներ են: Հաւանաբար, Յակոբ Մովսէս իր քննական ու իմացական փիլիսոփայական ընկալումներով հակուած է տեսնելու՝ պատմութիւնը իբրեւ կատարելապաշտ դէպքագործում ու տեղ մըն ալ արարագործում: Երբ ան կ՚ըսէ. «Պատմութիւնը պէտք է տեւաբար սրբագրումով բերել-հասցնել ներկային ու այդ հասկնալիէն աւելի պիտանի ու առարկայապաշտ դարձնել մեր զարգացման համար», ուրեմն ան կ՚ուզէ տեսնել ապագայապաշտութիւն մը, ուր պատմութիւնն ու պատմական թապույագործումը բեռ չէ մարդկութեան համար՝ այլեւ խթանիչ: Հայ իրականութեան մէջ պատմագիտական ու պատմութեան հանդէպ մեր ունեցած սրբագծմամբ՝ յաճախ ուզած ենք թօթափել մեր վիրաւորուածութիւնը, ինչ որ բնական կրնայ համարուիլ փոքր ու հազար ու մէկ թոհուբոհով անցած ժողովուրդի մը համար։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այս կէտին Յակոբ Մովսէս «անխնայ» է սեփական պատմութեան մեր յարաբերակցութեան հանդէպ, ան գերմանացիներու օրինակը կը բերէ եւ մեծ ու պզտիկի արդարացումներ չ՚ուզեր տեսնել: Պատմութիւնը գիտութեան համար չէ, որքան ապրուստի ու սրբագրելի ներշնչագործութեան համար: Այո՛, Հայաստանի պատմութիւնը այնքան հարուստ չէ ներկայացուած նախ մեր միջոցաւ, քան թէ հայոց պատմութիւնը, բայց առանց դոյզն իսկ թերագնահատելու հայոց պատմութիւնը․ մշտապէս աւելի նպատակասլաց, ուժային ու նոյնիսկ քաղաքակրթական է մեր ներկայի հանրապետութեան ու անկախութեան համար (ոչ միայն աշխարհաքաղաքականով) Հայաստանի պատմութիւնը տալ հայոց պատմութեան ընդմէջէն, այլ ոչ թէ հակառակը:
Պատմականութիւնը ամէն վայրկեանի ներկայ է, թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքին մէջ եւ անոր վիպապաշտականացումը ինչքան ալ արուեստի ու մշակոյթի հանգանակներով կարեւոր են ու կենարար, բայց պատմական մարդկայնութիւնը կամ մարդկային պատմականութիւնը ունի տեւաբար ապագայապաշտութիւն մը, որ կոչուած է զարգացում ու եղափոխական սլացք ապահովելու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024