ՄԱՐԴԱՍԷՐ ԸԼԼԱԼ
Բարին կամենալ եւ ոչ թէ չարը՝ մարդասէր բնութեան բարերարութիւնն է։ Արդարեւ, բարիին եւ մարդասիրութեան նախատիպարն է Աստուած, եւ թէ՝ Աստուած բարի կամեցող է. «Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը», կ՚ըսէ Քրիստոս. (ՅՈՎՀ. Զ 40)։ Եւ դարձեալ, թէ՝ «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ». (ՅՈՎՀ. Դ 34)։ Եւ «Զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը». (ՅՈՎՀ. Զ 39)։ Ուրեմն, Ան կ՚ուզէ որ չկորսուին բոլոր անոնք՝ որոնք կը հաւատան Իրեն, եւ որ յարութիւն առնեն յարութեան օրը։ Եւ յարութեան գործը տեղի պիտի ունենայ բազմաթիւ սերունդներէ յետոյ։ Բայց Աստուած թէ՛ ի բնէ ունէր «բարի կամք»ը եւ թէ՛ ունի, եւ ո՛չ թէ եկամուտ-ստացական է կամքը անոր մէջ։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ «բարի»ն Աստուծոյ բնութի՛ւնն է։ Բարի կամքը բնական է՝ Աստուծոյ անճառ բարերարութեանը համաձայն։ Ուստի, միշտ բարիէն ախորժող ըլլալով իր կամքը ան կ՚ուզէ, որ իր բանաւոր արարածներն ալ բարիին ցանկացող եւ արդարութեան գործօններ եւ միջոցներ ըլլան։
Բայց քանի որ գիտէ, թէ ոմանք կը համակերպին իր կամքին, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ, ասոր համար ոմանց առաքինութիւնը՝ ուրիշները «բարի նախանձ»ի յորդորող, որովայնէն իսկ կը հռչակէ։ Նոյնպէս ուրիշներու անպիտանութիւնը։ Այս չի նշանակեր, թէ մէկը որովայնէն անպիտան կը ստեղծէ եւ ուրիշ մը՝ պիտանի՛։
Եւ եթէ այդպէս ըլլար, ի՞նչ պէտք կար պիտանին գովել եւ անպիտանը պարսաւել, քանի որ ինքն է արարիչ թէ՛ պիտանութեան եւ թէ՛ անպիտանութեան։ Նաեւ մեղադրելու չէր անպիտանութիւնը, եթէ ինքն էր ստեղծեր զայն այդպէս որովայնէն։ Ուստի յայտնի է, թէ երբ Աստուած կ՚ըսէ. «Յակոբը սիրեցի եւ Եսաւն ատեցի», կանխաւ գիտէր, թէ ան սիրելի պիտի ըլլայ իր բարքով, եւ սա՝ ատելի՛։
Եւ թէ՝ իր բարքով Եսաւ ատելի եղաւ, Առաքեալը կ՚ըսէ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ եւ անով շատեր պղծուին. չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց». (ԵԲՐ. ԺԲ 15-16)։ Եւ յայտնեց, թէ իր իսկ կամքով Եսաւ եղաւ այդպէս, եւ ո՛չ թէ Աստուած ստեղծեց այդպէս, ինչպէս կ՚ըսէ. «Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին եւ չար խորհուրդներ ունեցան». (ԺՈՂՈՎ. Է 29)։ Եւ մարգարէին միջոցով կ՚ըսէ. «Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ եւ բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար». (ԵՐԵՄ. Բ 21)։ Եւ իսկապէս, վայելուչ որթը ինչո՞ւ դառնութեան եւ խոպանացած որթ դարձաւ։ Ասիկա պէ՜տք է փնտռել արտաքին ազդեցութիւններու մէջ՝ ուր կայ նաեւ «չար»ին տիրապետութիւնը։
Բայց ինչո՞ւ կայ «չար»ը։
Յաջորդով պիտի խորհրդածենք այդ մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2024, Իսթանպուլ