ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է 2024-2025-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը պատրաստ է 2024-2025 կրթական շրջանի համար իր դռները բանալու։ Վերջերս Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները խորհրդակցութիւն մը ունեցան վերամուտին ընդառաջ։ Այսպէս, թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ կրթական մշակները մէկտեղուեցան՝ քննարկելով յառաջիկայ կրթական շրջանին վերաբերեալ իրենց ծրագիրները։

Բաց աստի, հոգաբան տքթ. Սելին Էօզքան վերամուտի ընդառաջ հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ։ Դասարանէ ներս կառավարման եւ ըմբռնելու դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու պարագային խնդիրներու յաղթահարման առանցքներուն շուրջ մասնագիտական խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։ Սելին Էօզքան պատասխանեց նաեւ դպրոցի ուսուցիչներու զանազան հարցումներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024