ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՇԵՄԻ՞Ն
Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հիմնուած է քարիւղի արտահանման վրայ։ Կասպից ծովու քարիւղի եւ կազի հանքերը կը հանդիսանան աշխարհի երրորդ խոշորագոյն պաշարը, սակայն անսպառ չեն անոնք։ Հինգ տարի առաջ այս արտադրութիւնները հասած էին իրենց գագաթնակէտին, բայց վերջին քանի մը տարիներուն անոնց քանակի նուազումը պարտադրած էր գինի յաւելում թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային շուկայի վրայ։
Իշխող Ալիեւ ընտանիքի մօտ յախուռն եւ արկածախնդիր հարիւրի չափ գործածարներ Պաքուի ամենախոշոր դրամատան միջոցաւ հսկայական գումարներու փոխառութեամբ Կասպից ծովեզերեայ շրջաններու վրայ սկսած էին կառուցել կղզիներ, աշխարհի ամենաբարձր եւ ամենաշքեղ զեխութեամբ շէնքերով։ Բայց այսօր, անոնցմէ շատեր բանտերու մէջ են, որովհետեւ անկարող են դրամատան իրենց պարտքերը վճարելու։
Միջազգային տնտեսագէտներ անցեալին ի զուր յանձնարարած էին քարիւղի եւ կազի հասոյթներէն զատ երկրին տնտեսութիւնը հիմնելու նաեւ այլ եկամտաբեր գործունէութիւններու վրայ։ Քարիւղի եւ կազի արտադրութեան գագաթնակէտէն հինգ տարի ետք, տակաւին ուժանիւթի արտածումն է, որ կ՚ապահովէ երկրին եկամուտի 70 առ հարիւր տոկոսը եւ արտածումներու 95 առ հարիւր տոկոսը։ Քարիւղի տակառի նուազագոյնը 90 տոլարի գինով վաճառքէն է միայն, որ երկիրը կրնար հաւասարակշռել իր տնտեսութիւնը։ Բայց քարիւղի համաշխարհային գինի անկումը, առաւել արտադրութեան նուազումը անհրաժեշտ կը դարձնէին եկամուտներու տարբեր աղբիւրներու գոյութիւնը, որոնց բացակայութեան, Կեդրոնական դրամատունը կը ստիպուէր այս տարուան Փետրուարին մէկ երրորդով արժէքազրկելու երկրին դրամը (մանաթ), եւ շատ հաւանաբար քանի մը ամիսէն պիտի ստիպուի անգամ մը եւս մանաթը արժէքազրկելու։
Ալիեւ տակաւին կը յոխորտայ իր երկիրը ցոյց տալով իրբեւ այլընտրանք մը Ռուսաստանի՝ որպէս Եւրոպայի քարիւղ եւ կազ հայթայթողը, ՆԱԹՕ-ի եւ Իսրայէլի գործընկեր մը, երկու տարի առաջ Եւրոտեսիլի երգերու եւ այս օրերուն՝ որպէս Եւրոպական խաղերու հիւրընկալը, որ պիտի արժէ 8 միլիառ տոլար։
Այս օրերուն Պաքուի կեդրոնական շքեղ շրջանին մէջ բազմացած են ծախու կամ վարձու կալուածներու յայտարարութիւնները։ Իբրեւ ոչ-ուժանիւթի եկամտաբեր գործունէութիւն, կառավարութիւնը կը ջանայ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, նոր կառոյցները վերածելով արդիական պանդոկներու։ Միւս կողմէ, վիզաներու խստութիւնը կը մնայ անփոփոխ եւ կ՚աւելնայ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը։ Միայն Եւրոպական խաղերու առթիւ ձերբակալուած են ութսուն քաղաքական բանտարկեալներ։ Իսկ բազմաթիւ խանութպաններ զայրացած են ոստիկաններու կողմէ «Ողիմպիական տուրք»ի պահանջներուն համար։
Հարց կը ծագի, թէ Իլհամ Ալիեւ պիտի կարենա՞յ զուգընթաց ապահովել իր երկրի տնտեսական ուժը եւ ուրեմն՝ քաղաքական ազատութիւնը։
Քաղեց՝ Յ. Ա.
«Ապագայ», Գանատա