ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ՀԱՐՈՒԱԾ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի տարածքով անցնելիք հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովման գործառոյթը վերապահուած է Հայաստանի Հանրապետութեան։

Փաշինեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ կազմակերպուած «Ամառնային դպրոց»ի մասնակիցները։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Մոսկուայէն վերջերս հնչած շարք մը պնդումներուն՝ ընդ որում բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ. օրինակ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ Այս վերջինը շուրջ երկու շաբաթ առաջ յայտնած էր, որ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ խափանարարութեան կ՚ենթարկուին եւ հարցերը պէտք է լուծուին 2020-2022 թուականներուն Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ոգիին ու տարրին համապատասխան։

Այս բոլորի լոյսին տակ Փաշինեան ըսաւ. «Ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնող հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը ապահովելու գործառոյթը վերապահուած է Հայաստանի Հանրապետութեան։ Յայտարարութեան 9-րդ կէտը տարածաշրջանային բոլոր հաղորդակցութիւնները բանալու մասին է։ Եւ այստեղ ամբողջէն կտրուած մեկնաբանութիւնները որեւէ օգուտ չեն տար ու վնաս կը պատճառեն։ Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակային ու պաշտօնապէս ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Եւ եթէ ոեւէ մէկը դէմ է այդ նախագծին, ապա պէտք է բացատրէ պատճառը»։

Բաց աստի, նոյն զրոյցի ընթացքին վարչապետը ըսաւ. «Վերջերս Ռուսաստանի Դաշնակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարեց, թէ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ Ատրպէյճանի հիմնական հատուածի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն Ռուսաստանի Դաշնակցութեան սահմանապահ զօրքերը։ Ես կ՚ուզեմ ըսել, որ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ գրուած նման բան մը չկայ։ Սա պարզ թեքստ մըն է, հրապարակային՝ ընդ որում, կարելի է բանալ ու կարդալ։ Ընդհակառակն, այնտեղ գրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚ապահովէ, կ՚երաշխաւորէ հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը»։

Ատրպէյճան-Նախիջեւան հաղորդակցութիւններու վերահսկման եւ ածանցուած բոլոր հարցերը, վերջին հաշուով, կը վերաբերին «Զանգեզուրի միջանցք»ին հետ։ Սա Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ակնյայտ սպառնալիք մըն է։ Ատրպէյճան յամառօրէն հետամուտ է այս գործին, իսկ Ռուսաստան վերջին շրջանին հետզհետէ աւելի ակնյայտ ու բացայայտ կը խրախուսէ այդ միջանցքին բացուիլը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի հետ Իրանի շահերը կը համընկնին եւ այսպէսով Երեւանն ու Թեհրանն ալ ձեւաւորած են առանցք մը։ Վերջին շրջանին Թեհրանէն բազում հարթութիւններու վրայ վճռական հակազդեցութիւններ կը հնչեն այս միջանցքին դէմ։ Իրանի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Ֆատահոսէյն Մալեքի «Թասնիմ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Մոսկուայի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ուղղեալ մղումը Թեհրանի տեսակէտէ թիկունքէն հարուած է։

Ուրիշ երեսփոխան մը՝ Հասան Քաշքաւին ալ «Մեհր» գործակալութեան հետ զրոյցելու ընթացքին ըսաւ. «Իրան-Հայաստան ուղիղ սահմանային կապը քանի մը հազար տարուան պատմութիւն ունի եւ բոլոր երկիրները պէտք է յարգեն այդ մէկը՝ ներառեալ Ռուսաստանը»։

Իրանի լրատուամիջոցներն ալ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն այս հարցը։ «Tehran Times»ը վերջին օրերուն գրեց, որ Իրան պատրաստ է սահմանները փոխելու փորձերուն ընդդիմանալ՝ նոյնիսկ ռազմական միջամտութեամբ։

Անգլիական «The Guardian»ն ալ վերջին օրերուն տեղ տուաւ այս հարցին։ Այս առթիւ մատնանշուած է, որ Իրան Ռուսաստանը կը զգուշացնէ, որպէսզի «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ Ատրպէյճանի կողքին չկանգնի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2024