ՍԻՊԻԼԷՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ վերջերս կեանքի կոչած է նոր ծրագիր մը, որով կը պատրաստուի «Բարի լոյս» ըսել երաժշտասէրներուն։ «Բարի լոյս»ին տեսահոլովակը քանի մը օրէն հասանելի պիտի ըլլայ YouTube-ի վրայ։
Համօ Սահեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած այս երգի կատարումները Սիպիլի կողմէ իրականացուած են Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի երգչախումբին հետ։ Սիպիլի քնքոյշ ձայնին առթած տպաւորութիւնները իսկապէս խորհրդաւոր ամբողջ մը կը կազմեն փոքրիկ երգիչներու պարզած անմեղ պատկերին հետ։
«Բարի լոյս»ը յօրինուած է Հրանդ Ճիզմէճեանի կողմէ։ Նուագարանային բաժինը հեղինակած է Մաժակ Թօշիկեան։ Տեսահոլովակը պատրաստած են՝ Յարութիւն Գէորգեան եւ Սայաթ Տաղլեան։
Ուրեմն, այս եզակի ստեղծագործութեան ներկայացման ընդառաջ՝ երաժշտասէրները Սիպիլի կողմէ կը հրաւիրուին «Բարի լոյս» ըսելու համայն մարդկութեան եւ հաղորդ դառնալու այս երգի պատգամին, որ հետամուտ է չարին յաղթելու բարութեամբ։