ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԱՐՁՐ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Հաւասարութեան բարձր գաղափարը կ՚ենթադրէ առիթներէ՝ բնութեան բարիքներէ օգտուիլ առանց խտրութեան, առանց թէականութեան եւ առանց յարաբերականութեան եւ համեմատականութեան։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ ամէն անձ նոյն կերպով, նոյն չափով կրնայ օգտուիլ բնութեան շնորհներէն։

Հաւաքական կեանքի մէջ, ընկերութեան միջավայրին այս «հաւասարութիւն»ը ապահովել դժուար է եւ այս պատճառով, ահաւասիկ, կը ծնին հարցեր, խնդիրներ։ Արդարեւ, խոստովանիք, թէ՝ ո՛ւր որ կայ մարդ, հոն անպայման կայ հարց, մանաւանդ մարդ հաւաքական կեանք կ՚ապրի։ Եւ քանի որ անհատը իր կեանքին գոյութիւնը եւ տեւականութիւնը կը պարտի հաւաքական կեանքի, ապա ուրեմն մարդկային կեանքի մէջ հարցերը անխուսափելի են, եւ մարդ, հոգեպէս կը սնանի այս «հարց»երով…

Եւ այս հարցերուն գլխաւորն է հաւասարութեան, կամ ըսենք, մարդոց անհաւասարութեան խնդիրը։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, կա՞յ օր մը մեր կեանքին մէջ, ուր հաւասարութեան եւ անհաւասարութեան հարց մը տեղի չունենայ, իրաւունքի խնդիր մը չպատահի։ Ոմանք աննշան եւ անկարեւոր՝ չենք անդրադառնար անոնց, բայց ուրիշներ խորապէս կ՚ազդեն մեր կեանքի ընթացքին…

Այս հարցին պատճառը, կարելի է կարծել, թէ իւրաքանչիւր անձ կ՚ուզէ ինքզինք առանձնաշնորհեալ եւ մասնաւոր իրաւունքներ վայելող համարել։ Եւ դարձեալ, կարելի է կարծել, որ անհաւասարութեան սկզբնապատճառն է։

Բայց մարդիկ ի բնէ հաւասար են՝ չնայելով անոնց արտաքին կազմութեան եւ տեսքին։ Ուստի, մանուկի մը համեստ կամ ճոխ միջավայրի մը մէջ ծնունդը չի՛ փոխեր անոր «մա՛րդ» ըլլալու հանգամանքը։ Յիսուս ծնաւ համեստ միջավայրի մը մէջ՝ անշուք եւ չափաւոր պայմաններու ներքեւ՝ որպէս «կատարեալ մա՛րդ»։

Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս, իր հանրամարդկային քարոզներով եւ անձնական օրինակով ցոյց տուաւ մարդոց, թէ ի՛նչպէս կարելի է հասնիլ հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան, հոգեւոր ազատութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարներուն։ Արդարեւ, հոն ուր կայ հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ եղբայրսիրութիւն, հոն կայ արդարութիւն՝ որ է կատարելութի՛ւն։ «Սիրեցէ՛ք միմիանց» բազմիմաստ պատուէրով մարդոց մէջ հաստատեց խոր արմատ՝ այն «հասարակական անհաւասարութիւն»ը՝ որ դարերու ընթացքին օրէ՛նք դարձած էր եւ վիրաւորած մարդկային արժանապատուութիւնը, ոչնչացնելով անոր վնասակար եւ վիրաւորիչ ազդեցութիւնը։

Հաւասարութեան այս բարձր գաղափարով է, որ վերանորոգուեցաւ վնասուած եւ վիրաւորուած ժողովուրդի զանազան խղճահարութիւնները։

Սակայն մարդ կարո՞ղ է հասնիլ այդ անհատական կատարելութեան եւ դառնալ անպայման բարոյական բնաւորութիւն։ Մարդկային բնաւորութիւնը պիտի կարենա՞յ յաղթահարել ի վերջոյ…

Բայց քրիստոնէական-բարոյական բարձր գաղափարները այնպիսի սկզբունքներ են, որոնք միմիայն կարող են գոյութիւն ունենալ եւ իրագործուիլ կեանքի մէջ՝ մարդկային հասարակութեան մէջ։

Յիսուս Իր անձնական օրինակով իսկ ցոյց տուաւ, որ բարձր գաղափարներ եւ սկզբունքներ կարելի է իրագործել կեանքի մէջ այն ժամանակ, երբ խորին կերպով առանց տատանուելու համոզուած ես գաղափարներուդ արդարութեան եւ ճշմարտութեա՛ն վրայ։ Արդարեւ, Յիսուսի յորդորած եւ յանձնարարած հաւատքը կարո՛ղ է շարժիլ եւ տեղափոխել լեռներ… եւ այս իմաստով, Եկեղեցին կը հանդիսանայ մեծ բարոյական աստուածահաստատ հիմնարկութիւն մը՝ որ կը տարածէ ընդհանուր բնաւորութիւն ունեցող համաշխարհային մտքեր եւ գաղափարներ, որ կը կրթէ եւ կը ճշդէ ամբողջ մարդկութիւնը, հոգիի՝ ներքին աշխարհի վերանորոգութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2024