«ՀԱՅԸ Ի ԾՆԷ ԽՄԲԱԳԻՐ Է»
Մօտաւորապէս կէս դար առաջ, խմբագիր-յօդուածագիր մը նեղանալով իր շրջապատի մարդոցմէ, իր սիւնակին մէջ գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողը. «Հայը ի ծնէ խմբագիր է». իրականութեան մէջ հայը այսօր ամէ՛ն ինչ է: Իւրաքանչիւր հայ թէ՛ քաղաքագէտ, թէ՛ փիլիսոփայ է, թէ՛ խմբագիր եւ թէ քննադատ է. քիչ մը ամէ՛ն ինչ է հայը: Այսօր իրենց կեանքին մէջ յօդուած մը իսկ չգրած, թերթի հետ աղերս չունեցող մարդիկ յանկարծ կը սկսին «քարոզ» կարդալ եւ խրատել, թէ ի՛նչի մասին պէտք է գրել թերթի մէջ. ի՛նչ բարոյական սկզբունքներու մասին պէտք է խօսիլ եւ ինչպէս առաջնորդել ընթերցողները. եթէ առիթ տաք նոյնիսկ կը բացատրեն, թէ ինչպէս պէտք է խմբագրել թերթը, հասարակութիւնը յուզող ինչպիսի խնդիրներու մասին պէտք է բարձրաձայնել եւ «դաս» տալ: Սակայն յայտնենք, որ իրականութեան մէջ ասոնք մարդիկ են, որոնք թերթը երբեք չեն կարդար, տեղեակ իսկ չեն այդտեղ արծարծուող հարցերուն ու նիւթերուն մասին:
Ամէ՛ն մէկը կարծիք մը ունի. մին խելք կու տայ գրել ծաղիկներու մասին, ուրիշ մը Փաշինեանին այս կամ այն արարքին մասին. ուրիշ մը կու գայ իր «տերտ»երը պատմելու՝ յուսալով որ այդ մեծ ու անսահման ցաւը գրելով հասարակութիւնը պիտի «դաստիարակուի» եւ դասեր քաղէ իր առերեսուած դժուարութիւններով: Յանկարծ կը յայտնուի անձ մը, որ առնելիք գումար մը ունի անձէ մը՝ որ երեք տարի անց կը զլանայ վերադարձնել. կ՚առաջարկեն գրել այդ անձին մասին՝ մտածելով որ անձը իր անունն ու նկարը թերթին մէջ տեսնելով պիտի կատարէ պարտաւորութիւնը՝ որ երկար տարիներ կատարած չէ. ուրիշ մը կ՚ուզէ գրենք քաղաքապետարանին հետ ունեցած թղթային խնդիրներուն մասին, յուսալով որ յօդուած մը դիւրութիւն պիտի տայ այդ ընթացքին:
«Հայը ի ծնէ խմբագիր է» հրապարակախօսը (կեղծանունով Արազ) խմբագիր ըլլալու երեւոյթը հետեւեալ բառերով կը բացատրէ. «ապացոյցը այն չէ թէ համեմատաբար աւելի մեծ թիւով օրաթերթ ունինք քան ուրիշ ժողովուրդներ, այլ այն որ ամէն հայ պատրաստ է գործը ձգելու եւ խրատ տալու օրաթերթի մը տնօրէնին կամ խմբագիրին»։ Իրականութեան մէջ այս երեւոյթը միայն խմբագրութեան պարագային չէ. ամէ՛ն հայ ամէ՛ն բանի մասին ըսելիք մը ունի, կարծիք մը ունի եւ հետաքրքրականը հո՛ն է, որ յաճախ նման կարծիքներ կու գան մարդոց կողմէ՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ որեւէ յաջողութիւն չունին արձանագրած. իրենց սեփական կեանքին մէջ ծախող մարդիկ կու գան յաջողութեան քարոզ կարդալու, այն ալ այնպիսի ինքնավստահութեամբ, որ տեղ մը յաջողակ մարդը եւս կը սկսի երկմտիլ:
Սակայն հետաքրքրական չէ՞, որ նման մարդիկ թերթ չկարդալով հանդերձ թերթի համար կարծիք ու խրատ մը ունին. սակայն յստակ փաստ մը գոյութիւն ունի. մեր մէջ թերթ ընթերցողներու թիւը շա՜տ քիչ է եւ այս մէկը ունի մէկ պատճառ. բազմաթի՜ւ «իմաստուն»ներ կը հաւատան, որ իրենք միտքի բարձր մակարդակ ունենալով «առնելիք» մը չունին թերթէն. թերթը իրենց փոխանցելիք նորութիւն մը չի՛ կրնար ունենալ, որովհետեւ ունին ամենագէտ ըլլալու կոյր համոզում մը: Այս է պատճառը, որ մեր ժողովուրդը չի՛ գնահատեր ո՛չ խմբագիրը, ո՛չ հրապարակախօսն ու յօդուածագիրը, որովհետեւ ունին քարացած այն համոզումը, որ իրենք արդէն իսկ գիտեն այն բոլորը՝ որ պիտի ըսէ խմբագիրն ու հրապարակախօսը: Այսօր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար լոյս աշխարհ չեն գար նոր Պարոյր Սեւակներ, Յովհաննէս Թումանեաններ, Մուշեղ Իշխաններ եւ ուրիշներ. առանց կարդալու ինչպէ՞ս յայտնաբերել այդ նորերը. գուցէ մենք այսօր եւս ունինք արժէքներ, որոնք ունին բարձրութիւնը վերոյիշեալ անուններուն, սակայն չեն կարդացուիր ու կը մնան մոռացութեան ստուերին տակ:
Նման ընկերութեան մէջ օրաթերթ մը կանգուն պահելը հրաշքի համազօր է, որովհետեւ այդ մէկը պարզապէս հոսանքին հակառակ լողալ կը նշանակէ. աւելի քան երկու-երեք միլիոն խմբագիրներուն, հրապարակախօսներուն մէջ խմբագիր ու հրապարակախօս ըլլալ ո՛չ մէկ իմաստ ու նշանակութիւն ունի. բոլորը ունին այն համոզումը, որ իրե՛նք եւս եթէ «ազատ ժամանակ» ունենային կ՚ընէին այն բոլորը՝ ինչ որ կ՚ընենք մենք եւ ուրիշ թերթեր՝ որոնք կը յաջողին քաշքշել իրենց գոյութիւնը:
Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ թերթը այս կամ այն անձին խնդիրները արծարծելու համար ստեղծուած հարթակ մը չէ. շատեր կը փորձեն իրենց պաշտօնը եւ շատ անգամ նիւթական կարողութիւնները ի գործ դնելով յանձն առնել թերթի իշխանութիւնը, այդ մէկը վերածելով սեփական «հաճոյք»ի առարկայ. չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք ունին վստահութիւնը, որ կրնան ընել այն բոլորը՝ ինչ որ խմբագիր մը եւ կամ հրապարակախօս մը կ՚ընեն. վկայ դարերու ընթացքին բոլոր այն թերթերը, որոնք ծնած, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահուան դատապարտուած են. հաւատացէք, մահուան դատապարտուած թերթերէն շա՜տ շատերուն խմբագիրները իմաստուն հանճարներ էին. սակայն այդ իմաստութիւնը եւս յաճախ բաւարար չէ թերթ մը կենդանի պահելու համար:
Մեր մաղթանքն է, որ խմբագիրներու չափ ունենանք նաեւ ընթերցողներ, որոնք իրենց ամենագէտ ըլլալը մէկդի դնելով կը գնահատեն այն աշխատանքը՝ որ այս դժուարին պայմաններու մէջ կը փորձենք յառաջ տանիլ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Երկրաշարժը կարելի՞ է կանխատեսել:
Պատասխան. Ո՛չ, երկրաշարժը կարելի չէ կանխատեսել: Թէեւ գիտնականները կրնան նշել երկրաշարժի վտանգ ունեցող շրջանները, սակայն չեն կրնար նշել երկրաշարժի ճշգրիտ ժամանակը, վայրն ու ուժգնութիւնը: Որոշ համակարգեր երկրաշարժէն մի քանի վայրկեան առաջ կրնան նախազգուշացնել. այս ահազանգերը կրնան օգնել, որպէսզի մարդիկ հետեւին նախնական ցուցմունքներուն եւ անցնին ապահով վայր եւ կամ ի գործ դնեն անվտանգութեան միջոցները: Այս բոլորը կ՚օգնեն, որ վնասները պակսին, սակայն չեն կրնար նախապէս կանխատեսել, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ երկրաշարժը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024