ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դիմաց։ Տակաւին երկու օր առաջ Երեւանի մէջ հայկական ընտրանին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լեթոնիան։ Երէկուան խաղը թէեւ արտագնայ էր, սակայն, պարտութիւնը իսկապէս զարմանալի էր։ Արդարեւ, հիւրընկալ խումբը երկար ժամանակ 10 հոգիով պայքարելու պարտաւորուեցաւ։ Մինչեւ խաղի 70-րդ վայրկեանը հաշիւը չբացուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, վերջին 20 վայրկեանին հայկական հաւաքականը աններելի սխալներ եւ բացթողումներ կատարեց եւ հակառակորդ մարզադաշտի վրայ պարտութիւն կրեց։ Հայաստանի հաւաքականի աւագ մարզիչ Օլեքսանտր Փեթրաքով մրցումէն վերջ յայտարարեց, որ մարզադաշտի վրայ չէ կրցած ճանչնալ իր խումբը։

Հայաստանի հաւաքականը ներկայիս ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկին մէջ պայքար կը մղէ։ Այս մրցաշարքի C լիկի չորրորդ խմբակէն ներս հայկական ընտրանին ցարդ երկու հանդիպում ունեցած է՝ մէկ յաղթանակ ու մէկ պարտութիւն։ Աղիւսակի վրայ Հայաստանը կը զբաղեցնէ երկրորդ հորիզոնականը՝ 3 նիշով։ Յառաջատարն է Հիւսիսային Մակեդոնիան՝ 4 նիշով։ Երրորդ հորիզոնականի Լեթոնիան Հայաստանի հետ հաւասար նիշ ապահոված է։

Եւրոպայի Ազգերու լիկին մէջ Հայաստանի հաւաքականը հոկտեմբերի 10-ին պիտի հիւրընկալուի Ֆարոէի կղզիներու կողմէ, իսկ հոկտեմբերի 13-ին Երեւանի մէջ պիտի մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիայի հետ։ Նոյեմբերի 14-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ֆարոէի կղզիները, իսկ նոյեմբերի 17-ին՝ ենթախումբի վերջին խաղին հակառակորդ մարզադաշտին վրայ հայկական ընտրանին պայքար պիտի մղէ Լեթոնիայի դիմաց։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024