ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱԼԻԲԱԼԹԱՅԵԱՆ
Հայաստանի մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց երկրի բանակի կայացման յառաջամարտիկ, զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաստանի մէջ։ 1947-1991 թուականներուն միջեւ ծառայած էր Սովետական միութեան բանակին, վարելով հրամանատարական պաշտօններ։
Հայաստանի համար բախտորոշ տարիներուն ան եկած էր երկիր եւ զինուորագրուած՝ նորանկախ երկրի ազգային բանակի կազմաւորման բարդ ու դժուար գործին։ Ան անձամբ ղեկավարած էր շարք մը մարտական գործողութիւններ, ներառեալ՝ Շուշիի ազատագրութեան ծրագրերու մշակումը։
Գուրգէն Դալիբալթայեանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը՝ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ։