ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Արցախի անկախութեան 24-րդ տարեդարձը այս օրերուն կը նշուի մեծ խանդավառութեամբ։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ այս առթիւ կ՚այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ, Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ։
Երէկ երեկոյեան, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տարեդարձին ձօնուած հանդիսաւոր համերգ մը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին առընթեր, ներկայ էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, երկուքն ալ իրենց կողակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։
Վերտիի «Ռեքուիէմ»ը այս առթիւ հնչեց ի յիշատակ այն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան համար։
Տարեդարձին առթիւ Արցախի մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ զանազան տօնակատարութիւններ։