ԱԿՆԱՐԿ - 83 - «ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ»
Այսօր մեր ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար պիտի ներկայացնեմ սուրիացի բանաստեղծ Նիզար Քապանիի (21 մարտ 1923-30 ապրիլ 1998) մէկ բանաստեղծութիւնը, որ առաջին անգամ արտասանած է Պաղտատի մէջ, 1985-ին: Բանաստեղծութիւնը կը կրէ «Ճամբորդներ» անունը: Օրին արգիլուած է, որ այս բանաստեղծութիւնը հրատարակուի, որովհետեւ բանաստեղծը այնտեղ նկարագրած է արաբ մարդուն կրած դժուարութիւնները եւ անցած ճանապարհը: Բանաստեղծութիւնը թարգմանաբար կը ներկայացնեմ, որովհետեւ մեր եւ արաբ ժողովուրդին միջեւ (յատկապէս Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Պաղեստինի, Յորդանանի) մե՜ծ նմանութիւն կայ:
ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐ
Ճամբորդներ ենք մենք տխրութեան նաւակին մէջ,
Մեր առաջնորդը վարձկան է,
Իսկ մեր շէյխը՝ ծովահէն է:
Քաղաքացիներ ենք առանց հայրենիքի,
Թռչուններու նման հետապնդուած ժամանակի քարտէսներուն վրայ:
Մենք դարաշրջանի մը մնացորդներն ենք,
Իւրաքանչիւր տիրակալ կը ծախէ մեզ ու մեր գինը կը ստանայ:
Մենք պալատի հարճեր ենք,
Մեզ սենեակէ մը ուրիշ սենեակ կը ղրկեն,
Բռունցքէ մը ուրիշ բռունցքի,
Թագաւորէ մը ուրիշ թագաւորի,
Կուռքէ մը ուրիշ կուռքի:
Ամէն գիշեր շունի նման կը վազենք
Ատանէն Թանճա,
Եւ Թանճայէն Ատան,
Կը փնտռենք ցեղախումբ մը, որ կ՚ընդունի մեզ,
Կը փնտռենք վարագոյր մը, որ ծածկէ մեզ,
Եւ բնակարան մը՝
Որովհետեւ մեր կողքին են մեր երեխաները, որոնց կռնակները կծկուեցան ու ծերացան՝
Մինչ անոնք հին բառարաններուն մէջ կը փնտռեն
Դրախտի մը մասին,
Մե՜ծ, մե՜ծ սուտի մը մասին,
Որ հայրենիք կը կոչուի:
Մեր անունները անունի չեն նմանիր.
Ո՛չ նաւթ խմողները գիտեն մեզ,
Ո՛չ ալ արցունք եւ տառապանք խմողները:
Բանտարկուած ենք այն գրութեան մէջ՝ որ մեր տիրակալները կը գրեն,
Բանտարկուած ենք կրօնքին մէջ՝ ինչպէս որ մեր իմամը բացատրած է զայն,
Բանտարկուած ենք տխրութեան մէջ… եւ մեր մէջ ամենէն լաւ բանը մեր տխրութիւններն են:
Կը հսկեն մեզ սրճարանին մէջ… ինչպէս նաեւ տան,
Նոյնիսկ մեր մայրերուն արգանդներուն մէջ:
Մեր լեզուն կտրուած է,
Մեր գլուխն ալ կտրուած է,
Իսկ մեր հացը վախով ու արցունքով թրջուած է:
Եթէ բողոքենք պահապաններու պահապանին, կ՚ըսուի մեզի՝ արգիլուած է:
Եթէ աղաչենք երկինքի Աստուծոյ, կ՚ըսուի մեզի՝ արգիլուած է:
Իսկ եթէ բացագանչենք՝ ո՜վ Աստուծոյ առաքեալ, օգնէ՛ մեզի,
Մեզի անվերադարձ վիզա մը կու տան:
Իսկ եթէ մատիտ մը ուզենք, որպէսզի վերջին բանաստեղծութիւնը գրենք,
Կամ վերջին կտակը՝ նախքան կախուելով մեռնիլը,
Նիւթը կը փոխեն:
Ատելութեան պատին խաչուած հայրենիքս,
Ո՜վ կրակէ գնդակ, որ դէպի անդունդ կ՚ընթանայ,
Ո՛չ ոք Մուտարից, կամ Սախիֆի որդիներէն,
Այս արիւնաքամ հայրենիքին
Արիւնի շիշ մը կամ իր պատուաւոր մէզէն տուաւ:
Ոչ ոք այս տարածուած ծակ թիկնոցին վրայ
Օրին մէկը քեզի վերարկու մը կամ գլխարկ մը նուիրեց:
Աշնան խոտին նման կտրուած ի՜մ հայրենիք,
Մենք ծառերու նման արմատախիլ եղած ենք մեր տեղերէն,
Աքսորուած ենք մեր փափաքներէն ու յիշատակներէն,
Մեր աչքերը կը վախնան մեր ձայներէն:
Մեր տիրակալները աստուածներ են, որոնց երակներուն մէջ կապոյտ արիւն կը հոսի,
Իսկ մենք հարճին յետնորդներն ենք:
Ո՛չ Հիճազի տէրերը կը ճանչնան մեզ եւ ո՛չ ալ անապատի ամբոխը,
Ո՛չ Ապու ալ-Թայէպը կը հիւրընկալէ մեզ եւ ո՛չ ալ Ապու ալ-Աթահիան:
Եթէ բռնակալ մը մահանայ,
Ուրիշ բռնակալի մը կը յանձնուինք:
Մենք գաղթականներ ենք յոգնածութեան նաւահանգիստներէն,
Ո՛չ ոք կ՚ուզէ մեզ.
Պէյրութի ծովէն Արաբական ծով,
Ո՛չ Ֆաթիմացիները եւ ո՛չ ալ Քարամթները,
Ո՛չ Մամալուքները եւ ո՛չ ալ Պարամքները
Ո՛չ սատանաները եւ ո՛չ ալ հրեշտակները:
Ո՛չ ոք կ՚ուզէ մեզ,
Ո՛չ ոք կը կարդայ մեզ:
Աղի քաղաքներուն մէջ ուր տարեկան միլիոնաւոր գիրքեր կը մորթուին,
Ո՛չ ոք կը կարդայ մեզ.
Քաղաքներուն մէջ, ուր պետական քննչական վարչութիւնը գրականութեան կնքահայր դարձած է:
Ճամբորդներ ենք մենք տխրութեան նաւակին մէջ,
Մեր առաջնորդը վարձկան է,
Իսկ մեր շէյխը՝ ծովահէն է:
Առնէտներու նման կուտակուած ենք վանդակներուն մէջ,
Ո՛չ մէկ նաւահանգիստ կ՚ընդունի մեզ,
Ո՛չ մէկ սրճարան կ՚ընդունի մեզ:
Բոլոր անցագրերը որ մենք կը կրենք՝
Սատանան թողարկած է զանոնք:
Բոլոր գրութիւնները որ կը գրենք,
Սուլթանը չի՛ հաւնիր:
Ճամբորդներ ենք ժամանակէն ու վայրէն դուրս,
Ճամբորդներ՝ որ կորսնցուցած են իրենց դրամները…, իրենց ապրանքները
Իրենց զաւակները…, իրենց անունները… իրենց պատկանելիութիւնը…
Ինչպէս նաեւ կորսնցուցած են ապահով ըլլալու զգացումը:
Արդարեւ, ո՛չ (…) զաւակները գիտեն մեզ եւ ո՛չ ալ Քահթանի զաւակները,
Ո՛չ Ռապիիայի զաւակները եւ ո՛չ ալ Շիպանի զաւակները,
Ո՛չ ալ «Լենին»ի զաւակները եւ ո՛չ ալ «Ռեկըն»ի զաւակները:
Ո՜վ իմ հայրենիք, բոլոր թռչունները տուներ ունին,
Բացի այն թռչուններէն, որոնք ազատութեան կոչումն ունի՝
«Անոնք հայրենիքներէն դուրս կը մեռնին»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024