ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑ ՊԼԻՆՔԸՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։ Երեւան-Ուաշինկթըն օրակարգին վերաբերեալ հարցեր եւս շօշափուեցան զրուցակիցներուն կողմէ։ Այս սահմանափակ մանրամասնութիւնները հաղորդուած են Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ, իսկ ամերիկեան աղբիւրները այս հեռախօսազրոյցին մասին առ այժմ ոչինչ հրապարակած են։
Վերջերս հաղորդուած էր, որ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) որոշած է կրկնապատկել Հայաստանին համար նախատեսուած օժանդակութիւնը՝ գումարը բարձրացնելով 250 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին։
Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան վերաբերեալ տարակարծութիւնները կը խորանան։ Ծանօթ է, որ եռակողմանի այդ յայտարարութիւնը վերջ տուած էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Մասնաւորապէս, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ ստորագրադիր կողմերուն միջեւ հակադիր մեկնաբանութիւններու խնդիրներ յառաջացած են։ Երեւան այս իրադրութեան կը ջանայ դիմադրել՝ մանաւանդ Թեհրանի աջակցութիւնը ունենալով։ Միւս կողմէ, Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ալ սերտ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Այս բոլոր ուղղութիւններով վերջին օրերուն ապրուեցան խտացեալ շփումներ, որոնց յաջորդեց Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը։