ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, ուսուցչական կազմը, դպրոցի պաշտօնէութիւնը, ծնողներ եւ հիւրեր գիրկըդխառնուեցան՝ նոր աշխատանքային շրջանին ընդառաջ բարեմաղթութիւններով։ Մթնոլորէն անմասն չէին վարժարանի նախկին քանի մը շրջանաւարտները, որոնք այժմու սաներուն հետ բաժնեցին իրենց յուշերը եւ խորհուրդներ տուին անոնց։ Վերամուտի հանդէսի տեւողութեան աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին բոլորը ուղղուեցան դէպի դասարաններ, աշխատանքային նոր շրջանի մը ձեռնամուխ ըլլալու համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024