Ապագայապաշտութիւն կամ ապագայականութիւն
Ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայականութիւնը (futurisme), թէեւ 20-րդ դարուն ծագած հասկացողութիւն մըն է եւ զայն առաւելապէս արուեստի եւ շինարարութեան մէջ ձեւ ու էութիւն ստացաւ, բայց ժամանակակից կեանքին հետ ապագայականութիւնը (ոչ իբրեւ տեսութիւն, դպրոց կամ նոյնիսկ դպրութիւն) արդիականութեան հետ հոմանիշութիւն մը ձեռք բերաւ եւ մարդկային ապրուստի, ոճի եւ մտածմունքի-մտածելակերպի ընդմէջէն կեղծ կամ իրական, այսպէս ըսած վաւերականութիւն ստացաւ: Արհեստագիտական յեղափոխութեան ու գերզարգացման հետ ապագայական մղում կոչուածը աւելի մեծ թափ ստացաւ եւ անկախ հիմնարկային ու պետական-մասնաւոր հատուածներու ծրագիրներէն ու գործելաոճէն, մարդս իբրեւ անհատ ու հաւաքական կերպար՝ ինքզինք գտաւ մշակութային, տնտեսական, հասարակական ու նոյնիսկ կենցաղային նոր ռիթմի մը մէջ, ուր նորն ու տակաւին չստեղծուած նորաստեղծութիւնը կամ նորաստեղծագործութիւնը չափանիշ դարձաւ յառաջդիմութիւններ արձանագրելու ամէն տեղ, ի հեճուկս յետադիմական ու չզարգացած հասարակութիւններէ ներս:
Նախքան ապագայապաշտութեան կեանքի ոճի վերածուիլը, տեսական բնագաւառներով մեծ դրսեւորումներ չունեցաւ. անշուշտ, զանց չառնելով վարչակարգերուն դէմ իտալական մանիֆեստոները, համաշխարհային ցուցահանդէսները, հասարակական կարգ մը ցոյցերն ու ընդվզումները, նաեւ իգապաշտական եւ հակաիգապաշտական շարժումները եւ այլն։ Ասոնք բոլորը մնացին՝ եթէ կրնանք այսպէս ըսել․ առանց մեծ փոփոխութիւն յառաջացնողի դերին մէջ: Եթէ ներկայ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքական-ընկերաբանական եւ հասարակարգային-ժողովրդային ընդհանուր վարքագիծը դիտազննենք՝ կը նկատենք, որ 21-րդ դարու հասարակութիւնը (հակառակ մեծ ու փոքր պատերազմներուն) խաղաղած, անդորրած է եւ առաջին անգամ ըլլալով մարդկային պատմութեան մէջ ժողովրդավարութիւն մը ապահովուած է եւ ժողովուրդներն ու հասարակարգերը չեն մղուած փոփոխութիւններ յառաջացնելու, այլ յարաբերաբար գոհ են հաւաքական, տեղական ու միջազգային վարչաձեւերէն: Մարդ անհատը հիմա աւելի վայելող է պարզ կեանքն ու արուեստը եւ ան ապաքաղաքականացած է (իր ակամայ պահանջներով՝ մանաւանդ ազատ երկիրներու մէջ ու ոչ միայն գործունէութեամբ), նոյնիսկ արուեստն ու մշակոյթը ներկայիս կ՚ապրին իրենց ամենաապաքաղաքականացած վիճակները:
Մարդու արդի կարիքները մօտաւորապէս հայթայթուած են եւ ոգեղէն բացուածութեան կամ ամայութեան բոլոր մարմնացումներու կողքին մարդկային հաւաքական փնտռտուքը այնքան չէ գիտականացած՝ որքան ներկայ դարուն։ Բազմաթիւ պատճառներ կան այս գործընթացներուն ետին, եւ ի գին յաճախ հնչող մարդկային արագութեան աճին եւ արհեստական բանականութեան վտանգներու մասին ահազանգներուն՝ մարդկային հասարակութիւնները այդքան ալ սարսափած ու անհանգստացած չեն ապագայով եւ նոյն ապագային այսպէս ըսած՝ մէջը ըլլալու կամ ապագան «հիմա»ներով ապրելու տենդով ու փափաքով, օրը օրին աւելի աճ կ՚արձանագրէ մարդկային գործունէութիւնը: Մեր ժամանակներուն ապագան ներկան է, իսկ ներկան ունի այն հմտութիւնը, որ պատմութեան հետ յարաբերակցութիւնը կը վերածէ սլացիկ ու առաքելապաշտ տարածքի։ Այսպէս կրնանք ձեւակերպել յարաբերական կատարեալ ապագայապաշտական մօտեցումը: Ապագայական է ամէն ինչ ներկայիս եւ ապագային հանդէպ ձգտումն ու ձգուածութիւնը դէպի ապագայ դրսեւոր-ւած է թէ՛ ոգեղէն եւ թէ մա՛նաւանդ նիւթական մակարդակներով: Այո՛, հաւանաբար մարդկային ընդհանուր վազքն ու արագութիւնը համադրողներ ու ղեկավարներ ունին, բայց կշիռքի միւս կողմով՝ թէեւ մարդկութիւնը ղեկավարուող է, սակայն, անկարելի է անտեսել մարդկային ինքնեկ ու ինքնաբուխ կենսունակութիւնն ու գործուղղուածութիւնը:
Պատմութիւնն ու պատմականութիւնը իր առաքելութիւնն ալ փոխեց ապագայապաշտական մեր ժամանակներուն մէջ, քննական ու կասկածական միտքի գերակայութիւնը գիտութեան հիմնական գիծը ըլլալու կողքին, ներկայ դարուն զայն դարձաւ մեր ժամանակներու խորքային յատկանիշը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան