ԻՐ - ԻՐԱՒ - ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Հրաչեայ Աճառեան իր «Հայերէն արմատական բառարան»ին մէջ կը գրէ, թէ՝ «իր» բառի գործիական հոլովն է՝ «իրաւ». «իրօք»՝ որ ստացած է մակբայական գործածութիւն՝ «արդեամբ», «գործով», «հաւաստեաւ» նշանակութեամբ։ «Իրօք բարկացուցեր եւ բանիւք հաշտեցուսցես»՝ հակադրուած են իրար հետ՝ խօսք եւ գործ։ Գործը համարելով իրականութիւն կամ ճռմարտութիւն, բառը ստացած է յետոյ «արդարացի», «ստուգիւ» նշանակութիւնը։
Այս «իրաւ» գործիական ձեւը իբր գոյական առնուելով՝ «իրաւունք», «դատաստան», «արդարութիւն» նշանակութեամբ, համարուած է ուղղական, որով կազմուած են միւս հոլովները։
«Իրաւ» իբր ուղ. գոյական ըմբռնուելէն յետոյ՝ տուած է նորանոր ածանցներ, ինչպէս՝ «իրաւունք». «իրաւացի», «իրաւարար», «իրաւագէտ», «իրաւագիտութիւն», «իրաւախոհ», «անիրաւ», «յանիրաւի», «անիրաւել», «իրաւազուրկ», «իրաւազրկութիւն», «իրաւաբանական», «իրաւաբանօրէն», «իրաւագիտական», եւ այլն։
Կազմուած է «ի» դերանուանական արմատէն «ր» մասնիկով, ճիշդ ինչպէս «ո» արմատէն ունինք «որ»։
Լատին. «jus», «juris», արաբ. «շէրի», «իոս», իսկ «իրաւ» կը դնէ «իր» բառէն։
(Հրաչեայ Աճառյան. «ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ», Հատոր Բ, Երեւան, 1973, էջ 250)։
Արդարեւ, «իրաւունք»ը ընկերային կեանքի անհրաժեշտ տարրն է. առանց «իրաւունք»ի կարելի չէ խաղաղ, բարւոք հաշտ ընկերային կեանք մը ապրիլ, ինչ որ կ՚ազդէ թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ անհատական կեանքին։
Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը։ Այդ երկուքը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին, անոր անլուծանելի իրաւունքներուն, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին, ըստ Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին։ Բնական օրէնքը, որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է իր պատուէրներուն մէջ. իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածւի բոլոր մարդերուն վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։
Ազատութիւնները կը կիրարկուին մարդկային արարածներուն յարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդկային իւրաքանչիւր անձ, ստեղծուած ըստ Աս-տուծոյ պատկերին, ունի բնական իրաւունքը ճանչնալու իբրեւ «ազատ» եւ «պատասխանատու» էակ։ Ամէնքը պարտին իւրաքանչիւրին հանդէպ յարգանքի այս պարտականութիւնը ունենալ։ Իր ազատութիւնը գործածելու իրաւունքը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան, մանաւանդ բարոյական եւ կրօնական հարցերու մէջ։
Այս իրաւունքը ճանչցուելու է քաղաքականապէս եւ պաշտպանուելու է հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ։
Քաղաքացիական հասարակութիւնը պարտականութիւնը ունի պատուելու ընտանիքը, օգնելու անոր եւ ապահովելու յատկապէս իրաւունքը անհատական սեփականութեան, ազատութիւնը նախաձեռնելու, գործ մը եւ բնակարան մը ճարելու, իրաւունքը գաղթելու. ըստ երկրին հաստատութիւններուն՝ իրաւունքը բժշկական հոգածութեան եւ խնամքներուն, օգնութեան՝ տարեց անձերուն, ընտանեկան թոշակներուն։
Մարդկային ցեղը շնորհիւ իր հասարակաց ծագումին կը կազմէ մէկ «ամբողջութիւն», քանի որ Աստուած «միեւնոյն արիւնէն ստեղծեց մարդոց բոլոր ցեղերը». (ԳՈՐԾ. ԺԷ 26)։
Քաղաքական իշխանութիւններ պարտաւոր եւ պատասխանատու յարգել «մարդկային անձին հիմնական իրաւունքները»։ Անոնք մարդկայնօրէն վճիռ պիտի արձակեն յարգելով իւրաքանչիւրին եւ յատկապէս ընտանիքներուն եւ անօգնական մարդոց իրաւունքը։
Իրաւունքի յարգանքը համազօր է մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին։
Իրաւունքը մա՛րդն իսկ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 14, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024