ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԴԱՐԲՆՈՑԸ
Մեր իրականութեան մէջ, իսկապէս, շատ բարձր է պոլսահայ վարժարաններէն ակնկալութիւնը։ Կատարեալ եւ առաքինի մարդ, լուսաւոր անհատ պատրաստելու առընթեր, կը սպասուի՝ որ անոնք կերտեն հայոց նոր սերունդը, ձեւեն ապագայ հայը։ Բնականաբար ապագայ ա՛յն հայը, որ պիտի կարենայ համաշխարհայնացման ժամանակներուն պահպանել իր ինքնութիւնը։
Յարափոփոխ աշխարհի թափին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ հայկական ինքնութեան, հայ ժողովուրդի հաւաքական դիմագծին ստորոգելիներն ալ յաճախ կը կերպարանափոխուին ու մշտապէս փորձաքարերու դէմ յանդիման կը մնան, կը հարցաքննուին բազում երեսակներով։ Աշխարհի բոլոր մշակոյթները այսօր պարտաւոր են գոյատեւելու իրարու հետ յարաբերակցութեան մէջ, փոխադարձ ազդեցութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Նոյնը, բնականաբար, ի զօրու է հայկական մշակոյթին եւ զուգահեռաբար՝ ինքնութեան մասին։ Հետեւաբար, հայկական ժառանգութեան փոխանցման մարտահրաւէրին մէջ պէտք է դիրքաւորուիլ համադրութիւններ ստեղծելիք ձեւով։ Մանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր մշակոյթը պէտք է նոր սերունդներուն մատուցել՝ ուրիշներուն հետ ներդաշնակութեան մէջ։ Իրականութեան մէջ, սա Հայաստանի պարագային ալ ունի իր տրամաբանութիւնը՝ աշխարհին հետ համընթաց քալելու առումով, սակայն հարցին այս երեսակը ուղղակի աղերս չունի մեր այսօրուան նիւթին հետ։
Հայապահպանութեան առանցքին շուրջ, էական նշանակութիւն ունի սերունդները մեր ժառանգութեան հաղորդ դարձնելը, մեր մշակոյթին հետ անոնց կանոնաւոր շփման ապահովուիլը, նոյնիսկ երաշխաւորումը։ Դպրոցը անփոխարինելի դարբնոց մըն է այս առումով։ Արդի պայմաններով թէեւ ո՛չ միակը, նոյնիսկ թէեւ առանձինն անբաւարար, սակայն անվիճելիօրէն անհրաժեշտ լծակ մըն է հայ վարժարանը՝ հայապահպանման պայքարը ազդու, հետեւողական եւ արդիւնաւէտ ձեւով յառաջ տանելու տեսանկիւնէն։ Սփիւռքեան մեր համայնքները, իւրաքանչիւրը իր մէջ ունեցած աննկարագրելի տեսակաւորութեամբ՝ այսօր կը հետեւին շատ տարբեր ապրելակերպի, ունին կենցաղի զանազանութիւն եւ իւրացուցած՝ ինչ-ինչ բարքեր։ Այս հանգամանքը, անխուսափելիօրէն, մաշեցուցած է հայկականութեան դասական ստորոգելիները, կամ ընդհանրապէս անհետացուցած զանոնք։ Հակառակ աւանդական, նոյնիսկ պատմական դասուած համայնքներու շարքին պատկանելուն, այս բոլոր երեւոյթներէն անմասն չէ նաեւ պոլսահայութիւնը։ Առկայ պայմաններուն ներքեւ, մեր վարժարաններուն շրջանաւարտները՝ որպէս խաւ կամ մարդուժ, ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն համայնքին հաւաքական դիմագիծը։ Եթէ հայկական ինքնութեան հիմնական չափումներէն մին կը հանդիսանայ լեզուն, ապա այս առումով մեր վարժարաններու աշակերտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը համարուին։ Պատճառը այն չէ, որ անոնք հայերէն գիտեն. պարզ է, որ չեն գիտեր եւ մասնաւոր ձգտում մըն ալ չկայ սորվելու համար. բացառութիւնները միշտ յարգելի։ Յամենայնդէպս, անոնց պարագան կը մնայ հետաքրքրական՝ զուտ հայոց լեզուին հետ իրենց ունեցած շփման տեսանկիւնէն։ Այսինքն, մարդիկ անանտեսելի ժամանակաշրջան մը անցուցած են կամ կ՚անցընեն միջավայրի մը մէջ, ուր հայերէնը տեսականօրէ՛ն ունի իր տեղը։ Որքան որ ալ չսորվին կամ չգիտնան. տարբեր հարց, այստեղ էականը լեզուին հետ այդ շփումը ունեցած ըլլալն է։ Արդարեւ, այդ շփումին անարդիւնաւէտութեան պատճառները, ձախողման գաղտնիքին ներթափանցելը կրնան ուղեցոյց դառնալ ապագայի իմաստով, եթէ անշուշտ ամէն ինչի համար ժամանակը անցած չըլլայ։
Մեր լիսէներու տնօրէնները շատ յատկանշական ու սրտբաց արտայայտութիւններ ունեցան այս նիւթին շուրջ։ Իրենց փորձառութիւնը, վկայութիւնները ո՛չ միայն կարեւոր, այլ նաեւ ուսումնասիրելի են՝ իրենց բնոյթով ու ներկայացուցած արժէքով։ Նոր սերունդին հետ իրենց ունեցած խտացեալ շփումը, բազկերակը զգալու հնարաւորութիւնը արտասովոր կշիռ մը կը վերագրէ անոնց խօսքին՝ այդ ալ մանկավարժի խորքայնութեամբ։ Ուրեմն, այսքանէն վերջ, խօսքը վերստին թողունք մեր հինգ լիսէներու տնօրէններուն։
Արմէն Սարուխանեան. «Հայերէնը ներառեալ, ամէն ինչը լաւ դասաւանդելու, լաւ սորվեցնելու համար անհրաժեշտ է ունենալ լաւ ուսուցիչներ։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, ամէն ջանք պէտք է գործադրենք որակաւոր ուսուցիչներ ունենալու համար։ Տարիներ շարունակ փորձած ենք ճար մը գտնել դասարանի ուսուցիչ պատրաստելու հարցին, սակայն մենք առանձին ճիւղերու պարագային ալ չունինք որակեալ բաւարար թիւով ուսուցիչներ։ Այս բոլորին հետեւանքները հետզհետէ զգալի պիտի դառնան եւ դժբախտաբար այդ հետեւանքները մեր բոլորին վրայ անխտիր ազդեցութիւն պիտի գործեն։
«Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նաեւ շարք մը ընկերային հարցերու։ Զարմանալիօրէն, մեր համայնքի անհատներուն հարստացումը կարծես թէ վնաս կը հասցնէ մեր դպրոցներուն։ Ոեւէ մէկը չ՚ուզեր խօսիլ բացէ ի բաց, սակայն մեր վարժարանները կարծես կը բախին կարգավիճակի, ընկերայի՛ն կարգավիճակի խնդրի մը։ Դասակարգի վերաբերեալ հարցեր դեր կը խաղան՝ ծնողներու վարժարան մը նախընտրելու վերաբերեալ որոշման ուղղութեամբ։
«Այս բոլորը արձանագրելով հանդերձ, պէտք չէ խուսափինք նաեւ ինքնաքննադատութիւններէ»։
Թալին Մաթոսօղլու. «Մեր քաղաքին մէջ ունինք հինգ լիսէ եւ բոլորն ալ կը գործադրեն նոյն կրթական ծրագիրը։ Երկար ժամանակէ ի վեր խօսակցութիւններ կան այս ուղղութեամբ տեսակաւորութիւն մը ապահովելու հարցին շուրջ։ Արդեօք ճի՞շդ է տեսակաւորութիւն մը հաստատել։ Այսինքն մեր լիսէներէն մին կեդրոնանայ լեզուական եւ ընկերային ճիւղերու վրայ, մէկ ուրիշը՝ գիտական ճիւղերուն վրայ, մէկ ուրիշը դառնայ արհեստից վարժարան, եւ այլն։ Մենք տեղեակ չենք նաեւ, թէ մեր ժողովուրդը ինչպէ՛ս կ՚ընկալէ մեր դպրոցները, ի՛նչ ակնկալութիւններ ունի անոնցմէ։ Ըստ երեւոյթին, թէկուզ պէտք է աւելի առաջնահերթութիւն ցուցաբերել ծնողներու սպասումներուն նկատմամբ։ Աւելի հանգիստ որոշումներ առնելու համար միջավայր մը պէտք է պատրաստենք»։
Եւա Օրագեան. «Ամէն տեսակ հարցի լուծումը փնտռելու ժամանակ պէտք է մեր մտքին մէկ անկիւնը յիշենք, որ նախ եւ առաջ մեր դպրոցները ունին աշակերտի կարիքը։ Աշակերտը անպայման պէտք է գայ, այլապէս մնացեալ բոլոր հարցերը կը դառնան անիմաստ։ Համոզուած եմ, որ մասնագիտական կամ ակադեմական առումով կատարեալ ուսում մը պէտք է ապահովենք մեր տղոց համար։ Ինքնութեան խնդիրներուն համար ալ, ըստ երեւոյթին, պէտք է հետամուտ ըլլանք աւելի մարսուած լուծումներու։ Մենք մեր աշակերտներէն միշտ կը պահանջենք, որ խօսին հայերէն, բայց չեն խօսիր։ Հակասական երեւոյթներէն մին ալ այն է, որ առօրեայ խօսակցութիւններու մակարդակով լեզու չեն գիտեր մեր տղաքը, սակայն մենք կը ջանանք անոնց գրականութիւն սորվեցնել։
«Ընդհանրապէս, լաւ դպրոց մը պէտք է ըլլայ իսկական կեանքին համայնապատկերը։ Իսկ համայնքին պարագային, մեր դպրոցներուն դիմագիծը դարձած է միատարր։ Ի՞նչ է մեր տեսլականը։ Յաջողութեան հասնելու համար յաւակնոտ պէտք է ըլլանք նաեւ օտար լեզուի ուսուցման շուրջ»։
Սաթենիկ նշան. «Հայերէնը եթէ նոյնիոկ չխօսուի, ապա սկզբունքային առումով կարեւորութիւն պէտք է վայելէ տուներէ ներս, ընտանիքներու մօտ։ Ընդհանրապէս, ուսուցիչին եւ աշակերտին յարաբերութիւնը, հաղորդակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ դասաւանդուած առարկայի մը առթած հետաքրքրութեան տեսակէտէ։ Թէ՛ հայերէնի եւ թէ միւս բոլոր դասերու պարագային մեր ուսուցիչները կ՚աշխատին մեծ զոհողութիւններով։ Անոնք կը ջանան վերելք մը ապահովել մեր տղոց համար։ Բնականաբար, համալսարանի մտից քննութիւններու պատրաստութիւններն ալ մաս կը կազմեն այս նոյն ծիրին։ Մեզի համար կարեւորը, հիմնականը աշակերտն է։ Ան կը գտնուի մեր ուշադրութեան, մեր գործի կեդրոնին։ Միշտ կը ջանանք հաշուարկել, թէ աշակերտ մը ո՛ւրկէ առած եւ ո՛ւր հասցուցած ենք՝ մեզի հետ գտնուած շրջանին։
«Վերադառնալով հայերէնի հարցի մանրամասնութիւններուն՝ այս խնդիրը կրթական բնոյթ մը ունենալու առընթեր, միեւնոյն ժամանակ ընկերային հարց մըն է։ Դժբախտաբար, հայախօսութիւնը այսօր վարկաբեկուած է համատարած ձեւով։ Այլապէս, մեր դպրոցներուն մէջ հայերէնի մասին իսկապէս շատ բան կը մատուցուի աշակերտներուն։ Ընկերային եւ մշակութային հնարաւորութիւններէն օգտուելով՝ պէտք է հայերէնի գործածութեան առիթները աւելցնել։ Մանաւանդ խօսելավարժութիւնը պէտք է զարգացնել առաջին հերթին։ Յետոյ մենք կը ջանանք թէ՛ մեր աշակերտներուն եւ թէ իրենց ծնողներուն բացատրել, թէ լեզու մը լաւ գիտնալու պարագային կը դիւրանայ ուրիշ լեզուներ սորվիլը։ Աւելի՛ն, մեր համեստ հնարաւորութիւններով, իսկապէս սուղ միջոցներով հանդերձ, միշտ կը ջանանք լեզուի վերաբերեալ միջազգային ծրագիրները հայերէնով ալ գործադրել, համակարգչային կամ ելեկտրոնային արդի միջոցները ներմուծել մեր իրականութեան։ Մշտապէս կը հետեւինք նորութիւններուն, որպէսզի զանոնք ծառայեցնենք հայերէնի ուսուցման»։
Սիլվա Գույումճեան. «Հայկական դպրոցի մը մէջ, սկզբունքօրէն, հայերէնի պարագան չի կրնար ըլլալ հարցաքննուելիք հարց մը։ Սա իսկապէս կը նմանի, առանց չափազանցութեան, մարմնի մը անդամներու պիտանելիութեան քննարկման։ Ճիշդ է, որ դասաւանդման լեզուն տատամսումներ կը յառաջացնէ մեր իրականութեան մօտ։ Մենք ալ կը փորձենք բացատրել, թէ զոյգ մայրենիի օգուտները որքան մեծ են երրորդ լեզուի մը իմացութեան համար։ Մենք հայերէնի վերաբերեալ մեր սկզբունքները պէտք չէ յառաջ տանինք ժխտողական ձեւով։ Առիթներ պէտք չէ որ տանք, որովհետեւ մեր բուն նպատակն է՝ շահիլ աշակերտը, շահիլ երիտասարդը։ Մեր նախակրթարաններուն եւ միջնակարգերուն մէջ, բացի թրքական մշակոյթին վերաբերեալ դասերէն, մնացեալ բոլոր առարկաները պէտք է դասաւանդուին հայերէնով։ Սկզբունքային ըլլալու պարտաւոր ենք այս ուղղութեամբ։ Օրինակներ կան, որ չգիտցողներ սորված են հայերէն։ Այլ խօսքով, հայերէնը աչքի փուշի վերածել կը նշանակէ ուրանալ մեր ինքնութիւնը, մեր բարոյականը։ Նպատակասլաց մարտավարութիւն մը պէտք է ունենանք այս հարցին շուրջ։ Եթէ մեր վարժարանները ամէն ինչով ըլլան կատարեալ, ըլլան գոհացուցիչ, ապա առարկելի ոչինչ կը մնայ ու կը կանխուին հայերէնի մասին վէճերը։ Տղոց մանրամասն պէտք է պատմել այս բոլորը, որովհետեւ անոնք աւելի լաւ կը մարզուին։ Ինքնութեան ցնցումի մը առիթը պէտք է ապահովել անոնց համար»։
«ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ»
ՍԱՐԳԻՍ ՔԻՒԼԷԿԷՉ ( Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ).- Մեր կրթական կեանքէն ներս էական նորութիւն մը չկայ այս վերամուտին ընդառաջ։ Նոր շրջան մը դիմաւորելու եռուզեռը չկայ ընդհանրապէս, որովհետեւ լուրջ հարցեր ունին մեր դպրոցները։ Շատ կարեւոր է, որ մեր նախակրթարանները աւարտած տղաքը շարունակեն մեր լիսէները, միւս հանգրուաններն ալ նոյնպէս։ Մեր վարժարաններուն մօտ մասնաւոր նորութիւն մը չենք տեսներ, իսկ արդիւնքները գոհացուցիչ չեն։ Յուսահատութիւն մը կայ ընդհանրապէս։ Օրէ օր կը պակսի աշակերտութեան թիւը։ Ընտանիքները զաւակ չունին, ունեցողներն ալ մեծամասնութեամբ չեն նախընտրեր մեր դպրոցները։ Ինչ որ ալ ըլլայ չենք կրնար հրաժարիլ մեր վարժարաններէն։
Ի սրտէ կը մաղթենք, որ բարի տարեշրջան մը ունենան մեր յարգելի ու նուիրեալ կրթական մշակները, մեր սիրասուն աշակերտները եւ մեր կրթական հաստատութիւններուն բոլոր պատասխանատուները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ