ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԿԷՏՈՎ

Այսօր կ՚եզրափակուի Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ «Մերիտիան» կեդրոնէն ներս ծաւալուած եռօրեայ աշխատանքը արդէն սովորականէն շատ աւելի տարբեր համայնապատկերի մը վրայ կ՚իմաստաւորուի։ Աշխատանքային երեք օրերու ընթացքին ծաւալուած քննարկումները հետամուտ էին փոխադարձ զարգացման ճանապարհ մը գտնելու։ Անկաշկանդ ու բաց խօսակցութիւններու թատերաբեմը հանդիսացաւ այս գագաթաժողովը՝ մինչ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր չափումները արդէն վաղուց նկատելի են։ Ինչպէս համաժողովի բազում մասնակիցները արձանագրեցին, իւրաքանչիւր աշխատանքի մեկնարկը կը պայմանաւորուի երազանքներով։ Ուստի, գագաթաժողովի օրերու անկեղծ խօսակցութիւնը բազմապատկիչ գործօններ ստեղծելու անհրաժեշտ նախապայմանը կը նկատուի։

Համահայկական այս հարթութեան վրայ երեք օրերու ընթացքին արտայայտուած միտքերը կու գան ապացուցանել, թէ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան տրամաբանութիւնը արդէն էապէս փոխուած է։ Մինչ այդ, փորձառութիւնը գործնականօրէն ցոյց տուած է նաեւ, թէ հայրենասիրութեան վրայ տնտեսութիւն հիմնել անկարելի է։ Հայաստանի Հանրապետութեան բազմաթիւ պաշտօնատարներ, ուղղակի կամ անուղղակի, համաժողովի օրերուն ընդգծեցին, որ աշխարհի վրայ հայկական այցէքարտը դարձած են սփիւռքի մեծանուն հայերուն կողմէ ստեղծուած արժէքները։ Աշխարհին ընկալելի դառնալու համար՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ իւրացուած այդ արժէքները կարեւոր գործօն կը դառնան։ Սփիւռքի այդ մեծանուն ու երախտաշատ դէմքերը ինչպէս իրենց ապրած եւ արտադրած երկիրներուն, այնպէս ալ հաւասարապէս հայութեան եւ Հայաստանին կը պատկանին, որովհետեւ իրենց արտադրանքի ամբողջ ներշնչանքին մէջ զգալի եղած են հայկական հետքերը, հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը։

Համազգային այս հաւաքի ընթացքին կատարուած կարծիքի փոխանակումները եւ երեք օրերու ընթացքին արտայայտուած միտքերը եկան աներկբայօրէն ապացուցանել, թէ այսօր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգը հիմնովին փոխուած է։ Արդարեւ, համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ առաջնահերթ կը դառնայ առկայ խնդիրներու պարագային թիրախային արձագանգի դրութիւններուն հաստատումը։ Բաց աստի, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ընդհանուր հունը բոլորը կ՚առաջնորդէ՝ դէպի մարդուժի պատրաստութեան եւ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հետամուտ ռազմավարութեան ձեւաւորման։ Ի լրումն այս բոլորին, բոլոր անոնք, որոնք գագաթաժողովին մթնոլորտը շնչեցին, արդէն համոզուեցան, թէ համազգային մտայնութեան եղափոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ է այսօր եւ այդ ծիրէն ներս ի յայտ կու գայ համակարգային լուծումներով ընթանալու նկատմամբ ընդգծեալ նախապատուութիւնը։ Ատենախօսներու կողմէ արծարծուած կարեւոր հարցերէն մին ալ այն էր, որ սփիւռքը իրական ձայն մը պէտք է ունենայ Հայաստանի քաղաքականութեան մշակման գործընթացներուն կամ ընդհանուր համակարգին մէջ։

Հաւաքի օրերուն հետաքրքրական էին թէ՛ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ թէ գործարար շրջանակներէն ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած խորհրդածութիւնները։ Բնականաբար, բարձրաստիճան պաշտօնատարները քաղաքական թէժ օրակարգի վերաբերեալ իրենց խորհրդածութիւններով առաջին հերթին անմիջական ուշադրութեան արժանացան, սակայն, երբ քննարկումները աստիճանաբար խորացան, ապա անոնք ալ յարաբերաբար աւելի տեսական նիւթերու եւ քաղաքական կամքի հետ առընչուած խնդիրներու կապակցութեամբ խօսեցան։ Իսկ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները իրենց խորհրդածութիւնները մատուցեցին այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ, ուր արդէն սերնդափոխութեան խնդիրն ալ ի յայտ կու գար ինքնաբերաբար։ Արդարեւ, Հայաստանի ձեռներէցները համաժողովի մասնակիցներուն հետ իրենց դիտարկումները բաժնելու ժամանակ ատեն-ատեն մտահոգութիւն կը յայտնէին երիտասարդներու տեսակէտէ ոչ-ակնահաճոյ բաներ ըսելու առումով։ Գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները շեշտը դրին նաեւ երկու հիմնական սկզբունքի վրայ. առաջին՝ ապաւինիլ բացառապէս սեփական ուժերուն եւ երկրորդ՝ մարդը համարել գերագոյն արժէք։ Անոնք մանրամասն բացատրեցին, թէ այժմու խնդիրները, տագնապները պէտք է հնարաւորութեան վերածուին։ Գործարարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած քննարկումներուն ժամանակ ուշագրաւ սկզբունքային դիրքորոշումներ արտայայտուեցան նաեւ դրամագլուխի, նիւթական միջոցներու անհրաժեշտութեան տեսակէտէ։ Այսպէս, դրամը նմանցուեցաւ թթուածինին եւ շեշտուեցաւ, որ եթէ մարմին մը առողջ չէ, ապա չի կրնար ծծել իրեն մատուցուած թթուածինը՝ նոյնիսկ եթէ այն ըլլայ բացառիկ մեծ քանակութեամբ։

Թէ՛ պետական պաշտօնատարներու եւ թէ ձեռներէցներու ելոյթներուն ընթացքին ինքնաբերաբար ի յայտ եկաւ հասարակաց յայտարար մը, որն էր Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայաշխարհէն ներս մարդուժի զարգացման հրամայականը։ Գործարարներուն բանաձեւումները հետաքրքրական էին այն առումով, որ Հայաստանի կայուն զարգացման համար սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէին։ Կայուն փոփոխութիւններու համար գործընկերային յարաբերութիւններու մշակումը ձեռներէցներու կողմէ համարուեցաւ անայլընտրանք։ Յամենայնդէպս, գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները հակուած են այս դժուարին փուլին ըլլալ շահապաշտ ու լաւատես։ Արդարեւ, Հայաստանի համար տնտեսական զարգացում ապահովելու ճանապարհին չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի բազմապատկիչ գործօններու դերը, ուստի այդպիսի գործօնները պէտք է ստեղծուին Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեամբ եւ անոնց յարաբերութիւններու նոր տրամաբանութեան մէջ։

Յայտի ձեռներէցները համոզուած են, թէ այսօրուան դրութեամբ հայ մը իրաւունք չունի առանձին գործելու։ Արդարեւ, մասնաւորապէս կրթութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, նորարարութիւններու եւ ընկերային զարգացման բնագաւառներէն ներս անհրաժեշտ է բարեգործութենէն անցնիլ տնտեսական զարգացման որակին։ Ձեռներէցներու խորհրդածութիւններու ընդմէջէն կը բիւրեղանային նաեւ Հայաստանի այսօրուան շարք մը բարենպատակ կառոյցներու կամ հիմնարկներու ընդհանուր մտայնութիւնը։ Արդարեւ, այն գործարարները կամ ընկերութիւնները, որոնք մեծ դրամագլուխներ կը տնօրինեն, աստիճանաբար ոչ-շահութաբեր, բարեգործական նախաձեռնութիւններով ալ հանդէս կու գան՝ մանաւանդ ստեղծած ըլլալով հիմնարկներ կամ հիմնադրամներ։ Անոնք այս փորձառութեան լոյսին տակ բոլորին կոչ կ՚ուղղեն, թէ պէտք չէ յարմարուիլ առկայ իրականութեան։ Նոյնիսկ համազգային համախմբման ամրապնդման առումով անոնց դիտարկումները հետաքրքրական էին։ Արդարեւ, Հայաստանի յաջողակ ձեռներէցները համոզուած են, թէ հայերը իրականութեան մէջ զիրար կը սիրեն, բայց իրարու հետ դժուար կը համագործակցին, որովհետեւ տարբեր միջավայրերու մէջ կ՚ապրին ու մանաւանդ՝ տարբեր միջավայրերու մէջ կրթութիւն ստացած են։

Բոլոր խօսակցութիւններուն ընթացքին սփիւռքի տեսակէտէ առանձնապէս հետաքրքրական էր Հայաստանէ ներս ընկերային ծառայութիւններու մտայնութեան, ձեւին ու որակին փոփոխութեան վերաբերեալ մատնանշումները։ Սա քննարկումներու կարեւոր երեսակներէն մին էր, որովհետեւ ուղղակիօրէն կրնայ պայմանաւորել սփիւռքէն հայրենադարձութեան հորիզոնները։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի ենթակառուցուածքները թափով կը վերանորոգուին, մարդկային ներուժի զարգացման ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը տարուի եւ զանազան բնագաւառներու մասնագէտներու ինքնակատարելագործումը կը խթանուի։ Թուային դրութիւնը արդէն անդառնալիօրէն հաստատուած է բոլոր տեսակի ծառայութիւններուն մէջ, ինչ որ կը ստեղծէ նոր հորիզոններ, նաեւ կը կանխէ մարդկային գործօնով պայմանաւորուած բազում խնդիրները՝ ներառեալ փտածութեան դրսեւորումները։ Բարձրաստիճան դիւանակալներն ու պաշտօնատարները համաժողովի մասնակիցներուն բացատրեցին, թէ Հայաստանի մէջ ծառայութիւնները կը կատարելագործուին երկու հիմնական առանցքին շուրջ։ Այսպէս, ծառայութիւնները պէտք է ունենան որակ ու պէտք է ըլլան հասանելի։ Որակի եւ հասանելիութեան խնդիրներուն շուրջ բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական մարմիններուն միջեւ համակարգուած աշխատանքը յառաջ կը տանի, որպէսզի ընդհանուր արդիւնաւէտութեան մակարդակը ըլլայ աւելի բարձր։ Նոյն ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ, որ սփիւռքահայ գիտնականներու ներուժի օգտագործումը չափազանց կարեւոր է Հայաստանի տեսակէտէ։ Ուստի, պետութիւնը այսօր երկրի համալսարաններուն մէջ 4300 սփիւռքահայ ուսանողի համար տեղ բացած է։ Հայաստանի մէջ ակնյայտօրէն կը կարեւորուի, որպէսզի սփիւռքի հայ ուսանողները խթանուին, որպէսզի իրենց մասնագիտական կրթութիւնը ստանան Հայաստանի մէջ։

Գագաթաժողովի երէկուան քննարկումներուն ընթացքին առանձնապէս ուշագրաւ էին Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ հրապարակուած մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, պետութիւնը ներկայիս կը ձգտի մարդկային դրամագլուխի կամ մարդուժի շարունակական զարգացում ապահովել երկրին համար։ Այս ուղղութեամբ որդեգրուած են զանազան առաջնահերթութիւններ։ Այսպէս, մէկ կողմէ կը խրախուսուի ծնելիութիւնը, իսկ միւս կողմէ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի Հայաստանի ժողովրդագրական կառուցուածքը։ Կառավարութիւնը ջանքեր կը գործադրէ միջավայր ստեղծելու համար, որպէսզի թէ՛ ծնելիութիւնը աւելնայ եւ թէ խրախուսուի հայրենադարձութիւնը։ Այս բոլորի ճանապարհին յաջողութիւն արձանագրելու նախապայմանն է երկրի կենսամակարդակի բարձրացումը։ Արդարեւ, Հայաստան գրաւիչ երկիր մը պէտք է դառնայ, որպէսզի աշխարհէն գաղթականներ ընդունի։ Պետութիւնը կը ձգտի թիրախային գաղթ մը ապահովել եւ այս ուղղութեամբ արդէն մշակուած է սկզբունքներու ենթագետին մը, որու վրայ հետեւողական աշխատանքներ կը տարուին։ Յամենայնդէպս, գաղթի խնդիրը անակնկալներու շատ բաց պայմաններ կ՚ենթադրէ, իսկ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ժողովականներու նկատառման յանձնեցին, թէ որդեգրուած ռազմավարութեան մէջ այս հանգամանքներն ալ նկատի առնուած են։

Սփիւռքի մարդուժի Հայաստան ներգրաւման կէտնպատակին առումով առողջապահութեան բնագաւառը մասնաւորապէս կարեւոր է։ Երկիրը այսօր կը ձգտի առողջապահութեան համակարգին ներգրաւել սփիւռքի մարդուժը։ Թէեւ կան նոր հորիզոններ, ակնկալութիւններ եւ հաշուարկներ, սակայն, ծանօթ է, որ արդէն աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր առողջապահութիւնը կը հանդիսանայ այն բնագաւառը, ուր Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը առաւել գործնական դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Սփիւռքահայ բազմաթիւ բժիշկներ՝ համակարգուած ու կազմակերպուած ձեւով, տասնամեակներէ ի վեր իրենց մասնագիտական պաշարը կը ծառայեցնեն Հայաստանի համար։ Այսօր կառավարութիւնը սփիւռքի հետ առողջապահութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան օրակարգի առաջնահերթութիւն դարձուցած է երկրի բժիշկներու վերապատրաստումը։

Քննարկումներու ներկապնակին մէջ, անշուշտ, միշտ ընդգծուեցաւ կատարելագործեալ բոլոր ծառայութիւններու պարագային թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ քաղաքացիներու տեսակէտէ նիւթական հասանելիութիւնը։ Մարդուժի զարգացման շարունակականութեան խնդիրներուն տեսակէտէ Հայաստան այսօր կ՚առաջնորդուի նաեւ ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու կողմէ նախանշուած ուղեցոյցներով։ Միջազգային փորձառութեան համահունչ որոնումներու եւ ջանքերու մէջ մտած է Հայաստանի կառավարութիւնը, իսկ զանազան պաշտօնատարներ միշտ ընդգծեցին, որ շատ կարեւոր կը համարուի կանանց տնտեսական զօրացումը։ Ընդհանրապէս, թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական մակարդակի վրայ արդի հմտութիւններուն տիրապետելու հանգամանքին նկատմամբ մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերուի։ Նոյն ամբողջին մէջ խօսակցութիւններ ծաւալուեցան կամ ակնարկութիւններ կատարուեցան արհեստական բանականութեան բնագաւառին նկատմամբ։ Այդ միջազգային փորձառութենէն օգտուելու պարագան խնդրոյ առարկայ է նաեւ ժողովրդագրական ռազմավարութեան մշակման եւ համապատասխան վճռական պայքարին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Հայաստան միջազգային յառաջատար մասնագէտները եւս կը ջանայ ներգրաւել ժողովրդագրութեան ռազմավարութիւնը մշակելու եւ այդ ուղղութեամբ գործի ձեռնարկելու տեսակէտէ։

Հուսկ, գագաթաժողովի քննարկումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցաւ նաեւ լեզուի հարցը, որ համահայկական օրակարգի վրայ միշտ եղած է առաջնահերթ։ Թէեւ տասնամեակներէ ի վեր այս խնդիրը առաջնահերթութիւն մըն է, սակայն, այսօր արդէն լեզուի հարցերը անդրանցած են նոյնիսկ տագնապալի համեմատութիւններու սահմանները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հաւաքի ընթացքին խնդիրը զանազան երեսակներով շօշափուեցաւ։ Հայաստանի կառոյցներու եւ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու համագործակցութիւնը առանձնապէս կարեւորուեցաւ՝ մինչ ընդգծուեցաւ, որ Համահայկական կրթական խորհրդաժողովները երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուին կանոնաւոր ձեւով եւ այս տարի ալ հերթականը տեղի ունեցած է մօտաւոր անցեալին։ Պատասխանատուները սա կարեւոր ու յաջող հարթակ մը նկատեցին, մինչ հեռավար ձեւաչափերն ալ միշտ կ՚օգտագործուին սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան եւ անոնց ներուժի օգտագործման առումով։ Ի լրումն այս բոլորին, այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը հայերէնի իմացութեան չափորոշիչներու մշակման աշխատանքի ձեռնարկած է։ Այսպէսով իւրաքանչիւր անձի հայերէնի պարագային մակարդակը ստուգել կարելի պիտի դառնայ՝ ըստ միջազգային չափանիշներու եւ միջազգային գետնի վրայ այլ լեզուներու պարագային կազմակերպուած քննութիւններու եւ անոնց արդիւնքով տրուած որակաւորումներու նմանութեամբ։ Արեւմտահայերէնի պարագան ալ առանձին խօսակցութիւններու դուռ բացաւ եւ բոլորը համամիտ էին, թէ արեւմտահայերէնը լեզուական կենսունակութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Գագաթաժողովի օրակարգին վրայ տեղ գտած խնդիրներու շարքին էին՝ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման հրամայականը, սփիւռքի հայ համայնքներու զարգացման հնարաւորութիւնները, երիտասարդութեան դերը այդ համայնքներէն ներս եւ այլն։ Եզրափակիչ փուլին Հայաստան հաստատուած հայրենադարձներու կողմէ ստեղծուած արժէքներուն եւ ապահովուած ձեռքբերումներուն շուրջ ցուցահանդէս մըն ալ նախատեսուած է։ Գագաթաժողովը կը փակուի այսօր երեկոյեան նախատեսուած մասնաւոր արարողութիւնով մը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

    

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2024