ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ իր գործակից ընկերները, մատաղօրհութեան կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետները՝ Անդրանիկ Քէօսէտաղ եւ Գատիմ Պիրոս, նոյնպէս իրենց գործակիցներով, ընդունուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ ստացաւ սիրոյ սեղանի կազմակերպման աշխատանքներուն եւ Սամաթիոյ ընտանիքի այս տարուան կարիքներուն շուրջ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Սամաթիոյ սիրոյ սեղանը ամէն տարի Ս. Գէորգի յիշատակման եւ Վարագայ խաչի տօներու շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններն ալ նոյն շաբաթավերջին կը զուգադիպին՝ Պատրիարքական Աթոռը տնօրինած է, որ Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանը սարքուի շաբաթ մը վերջ՝ այսինքն, հոկտեմբերի 4-ին։