ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին հերթական ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին առաջին անգամ մասնակցեցան Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութեան պատկան անդամները։ Պէշթէփէի նախագահական պալատէն ներս կայացած նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Թուրքիոյ արտաքին ու ներքին կեանքին վերաբերեալ առաջնահերթ խնդիրներ։
Ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ սահմանին վրայ ձեռք առնուած անվտանգութեան միջոցները քննարկուած են ժողովականներուն կողմէ։ Կարեւորութիւն ընծայուած է՝ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած գօտիի մը ձեւաւորման նկատմամբ։
Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ ահաբեկչական յարձակումները չեն կրնար տկարացնել եղբայրութեան զգացումները։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագծով պէտք է ապահովել նաեւ միջազգային հանրային կարծիքին աջակցութիւնը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ՝ ընտրութիւններու անդորրի երաշխաւորման առաջադրութեամբ տարուած աշխատանքին շուրջ։