ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր: Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի» (Առ 23.4-5):

Պատասխան. Հարստութիւնը, աւելի ճիշդ հարստանալու մոլուցքը մարդս դէպի կորուստ կը տանի: Մանաւանդ ներկայ ժամանակին, երբ նիւթն ու նիւթականը սկսած են ահռելի ձեւով իշխել ու կառավարել մարդը, այդ մոլուցքը ա՛լ աւելի կատաղիօրէն սկսած է գործել մարդոց ներաշխարհէն ներս: Այսօր բոլոր մարդիկ հարստանալու ետեւէ են, շատ դրամ ունենալու, շատ դրամ հաւաքելու ետեւէ են: Իրենց այդ վազքին մէջ սակայն, կը մոռնան էականն ու առաջնայինը, կը մոռնան իրենց հանգիստն ու բարօրութիւնը, կը մոռնան իրենց ընտանիքը, հարազատներն ու սիրելիները, կը մոռնան նաեւ զԱստուած, եւ իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն հարստութեան վրայ:

Այս ծիրէն ներս հետաքրքրական են Իմաստունին վերոնշեալ համարները, ուր ան հարստութիւնը կը նմանցնէ արծիւի մը, որ իրեն թեւեր շինելով հեռուները կը թռչի:

Եւ միթէ՞ այդպէս չէ: Հարստութիւնը՝ նիւթական հարստութիւնը ի՞նչ կրնայ տալ մարդուն, երբ մարդ հոգիով հարուստ չէ:

Մարդը ինչպէ՞ս կրնայ հոգիով հարուստ ըլլալ: Պատասխանը պարզ է. զԱստուած ընդունելով, Անոր պատուիրանները գործադրելով ու Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելով: Եթէ մարդ յաջողի հոգիով հարստանալ, ապա աշխարհի հարստութիւնը իր աչքին ո՛չինչ կը թուի: Իսկ եթէ աշխարհի վրայ իր պանդխտութեան ընթացքին հարստութիւն ձեռք ձգէ, ապա այդ հարստութիւնը ո՛չ թէ ինքն իր վրայ, իր ցանկութիւններուն վրայ կը ծախսէ, այլ՝ իր հարստութիւնը այնպէս մը կը գործածէ, որպէսզի Աստուած փառաւորուի, որով Աստուած ալ զինք առատապէս կ՚օրհնէ:

Մարդ երբ միայն նիւթական հարստութեան մասին մտածէ եւ նիւթապէս հարստանայ, անտեսելով իր հոգին, ապա ենթակայ կը դառնայ բազմաթիւ նեղութիւններու եւ տառապանքներու, որովհետեւ նիւթական հարստութիւնը չարիքի աղբիւր է: Նիւթապէս հարուստ եղողը նաեւ ենթակայ է ագահութեան մեղքի մէջ իյնալու, որովհետեւ երբ անգամ մը աշխարհիկ հարստութեան «համը» առնէ, այլ խօսքով սատանային թակարդին մէջ իյնայ, այլեւս դժուարութեամբ կը կարենայ այնտեղէն դուրս գալ:

Հետեւաբար, մարդ նախքան աշխարհիկ հարստութեան մասին մտածելը, պէտք է մտածէ հոգեւոր հարստութեան մասին եւ հոգիով հարուստ ըլլայ:

Սա եւս պէտք չէ մոռնալ, որ Աստուածաշունչը մեզի կը պարզէ ճշմարտութիւն մը, ըսելով, թէ ուր որ է մարդուն գանձը, այնտեղ կ՚ըլլայ նաեւ անոր միտքն ու հոգին: Այս ճշմարտութիւնը Տէր Յիսուս Ի՛նք տուաւ մեզի, հետեւեալը ըսելով. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21): Նոյն ճշմարտութիւնը քիչ մը տարբեր ձեւով նաեւ կը գնտենք Ղուկասի Աւետարանին մէջ. «Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ Արքայութիւնը։ Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքները եւ դրամը ողորմութեան յատկացուցէք։ Փորձեցէք ձեռք ձգել այնպիսի հարստութիւն մը՝ որ չի մաշիր, գանձ մը՝ որ չի պակսիր, եւ զայն երկինքի մէջ դիզեցէք, ուր ո՛չ գողը կրնայ անոր մօտենալ եւ ո՛չ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել։ Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Ղկ 12.32-34):

Մարդը կոչուած է երկինքին մէջ գանձեր, հարստութիւն դիզելու, ուր ո՛չինչ կրնայ վնասել այդ գանձերուն կամ հարստութեան: Այդ դիզումը իրականացնելու համար, մարդ կարիք ունի այստեղ իր ձեռքին մէջ եղած հարստութիւնը, կամ ընդհանրապէս իր ձեռքին մէջ եղածը այնպէս գործածել, որ երկինքի մէջ իրեն համար հարստութիւնը հաւաքէ: Երբ մարդ այստեղի հարստութիւնը կ՚օգտագործէ երկինքի մէջ հարստութիւն դիզելու համար, ապա աշխարհիկ հարստութիւնը ճիշդ ձեւով օգտագործած կ՚ըլլայ, իսկ եթէ հակառակը ընէ, ապա ինքզինք դատապարտութեան արժանացուցած կ՚ըլլայ:

Հարստութեան՝ աշխարհիկ հարստութեան վտանգներէն զերծ մնալու համար, հետեւաբար, մարդ կարիք ունի ինքզինք դաստիարակելու եւ սորվեցնելու ողորմութեան, իրերօգնութեան: Երբ մարդ սորվի իր ունեցածը ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլ, ինքզինք զերծ պահած կ՚ըլլայ հարստութեան վտանգներէն: Իսկ եթէ մարդ փոխանակ մարդոց օգնելու, միմիայն իր մասին մտածէ, այդպիսով ագահութեան մեղքին մէջ կ՚իյնայ, ինչ բանէն շա՜տ դժուարութեամբ կրնայ ձերբազատիլ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Ախորժակը ուտելէն կը բացուի». հարստութեան պարագային ալ, հարստութեան մարմաջը ոսկի փայլէն կը սկսի ու սկսելէ ետք օր օրի կը շլացնէ մարդուս աչքերը, զինք կորուստի հասցնելով:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետին հետեւեալ մտածումով աւարտենք, ուր հայրապետը դրամասիրութեան (իմա՛ հարստանալու մարմաջը) ախտը ա՛յնքան հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ: Հայրապետը կը գրէ. «Ի՞նչ է արծաթսիրութիւնը. արծաթսիրութիւնը՝ անհաւատութիւն, անյուսութիւն, անգթութիւն, անողորմութիւն, ագահութիւն, արհամարհութիւն, անբարի ստութիւն, անձնահաճութիւն, եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն չնայիլ է»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 112

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2024