ԱՌՏՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Մերօրեայ աշխարհը, որ ընդհանրապէս հաւատքի նկատմամբ օտար եւ նոյնիսկ թշնամական է, հաւատացեալ եւ աւանդապահ ընտանիքներ առաջնահերթ կարեւորութիւն եւ մեծ արժէք ունին իբրեւ կենդանի եւ ճառագայթող ճշմարիտ հաւատքի օճախներ։ Եւ ահաւասիկ, այս ընտանիքներն կը կոչուին «առտնին եկեղեցի», ըստ հին ասացուծքով։

Արդարեւ, ընտանիքի մէջ է, որ ծնողներ իրենց կեանքով օրինակ կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն հաւատքի առաջին բանբերները յօգուտ իւրաքանչիւրին սեփական կոչումին եւ յատկապէս եկեղեցական կոչումին։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ հոգեւոր կոչումներ կը յայտնուին համերաշխ եւ խաղաղ ընտանիքներու մէջ։

Հոս է, որ ընտանիքին հօր եւ մօր, անոնց զաւակներուն եւ ընտանիքին բոլոր անդամներուն «մկրտական քահանայութիւն»ը առանձնաշնորհեալ կերպով կը կատարուի շնորհիւ սուրբ խորհուրդներուն ընդունելութեան, աղօթքին, հոգեւոր ծառայութեան, գոհաբանութեան եւ գործօն սիրոյն։

Արդարեւ, ընտանեկան օճախը սո՛ւրբ է, եւ կը հանդիսանայ քրիստոնեայ կեանքին առաջին դպրոցը եւ մարդկային ճոխացումի կրթարանը։

Ահաւասի՛կ, հոս է որ մարդ կը սորվի աշխատանքին մէջ չարքաշութիւնը եւ ուրախութիւնը, եղբայրական սէրը անխտիր՝ մարդասիրութիւնը, նոյնիսկ քանի մը անգամ կրկնուած վեհանձն ներումը, երկայնամտութիւնը եւ մանաւանդ աղօթքով եւ կեանքի նուիրումի զգացումով կատարուած աստուածային պաշտամունքը։

Հարկ է նաեւ մտաբերել կարգ մը անձեր՝ որոնք կեանքին որոշ պայմաններու մէջ, եւ յաճախ ակամայ, ապրելու պարտաւորուած ըլլալով, յատկապէս մօտիկ են Յիսուսի սիրով լեցուն սրտին եւ արժանի՝ Եկեղեցւոյ եւ մա՛նաւանդ հովիւներուն սիրոյն եւ փութկոտ, հոգատար հոգածութեան. անոնք մեծ թիւով «ամուրիներ» են։ Անոնցմէ շատեր «մարդկային ընտանիք»է զուրկ կը մնան յաճախ աղքատութեան պատճառով։

Կան որ ալ իրենց այս վիճակը երանութիւններու հոգիով կ՚ապրին, ծառայելով Աստուծոյ եւ մերձաւորին՝ օրինակելի կերպով։

Այս բոլորին հա՛րկ է բանալ ընտանիքներու դռները՝ առտնին եկեղեցիներուն եւ միւս մեծ ընտանիքին, որ է Եկեղեցի՛ն։ Արդարեւ, այս աշխարհի վրայ ո՛չ ոք առանց ընտանիքի է. Եկեղեցին տո՛ւնն է եւ ընտանիքն է բոլորին, յատկապէս անոնց, որ «յոգնած՝ կը հեծեն բեռին ծանրութեան տակ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։ «Սուրբ Ընտանիք»ի տիպարն է Յիսուսի երկրային ընտանիքը։

Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքի ծոցին մէջ։ Եւ Եկեղեցին ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ «Աստուծոյ Ընտանիք»ը։ Յաճախ իրենց «ամբողջ ընտանիքով» հաւատացեալ դարձած մարդիկը սկիզբէն իսկ Եկեղեցւոյ կորիզը կազմեցին։

Անոնք երբ դարձի կու գային, կը բաղձային, որ նաեւ «իրենց ամբողջ ընտանիքը» փրկուէր։ Հաւատացեալ դարձած այս ընտանիքները անհաւատ աշխարհի մը մէջ քրիստոնեայ կեանքին կղզեակներ էին։

Ընտանիքը զօրացնող ամենէն կարեւոր տարրը սէ՛րն է։

Այս սէրը կ՚ընձեռէ ամբողջութիւն մը՝ որուն մաս կը կազմեն անձը բաղադրող բոլոր տարրերը բանական եւ զգացական կը ձգտին անձերու խորունկ միութեան, որ մարմիններու սերտ միութենէն անդին՝ զանոնք մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի կը դարձնէ։ Ասիկս կը պահանջէ ամուսնական անլուծելիութիւնը եւ հաւատարմութիւնը՝ իրարու փոխադարձ եւ վերջնական նուիրումին մէջ եւ կը ձգտի անկեղծ սիրոյ։

Քանի որ ընտանիքը «առտնին Եկեղեցի» է, ապա ուրեմն ան պէտք է անլուծանելի ըլլայ, քանի որ Եկեղեցին անլուծանելի՛ է։ Ուստի, պէտք է առաւելագոյն խնամքը եւ բծախնդրութիւնը ցոյց տանք ընտանիքին։ Ուստի, անլուծելիութիւնը եւ հաւատարմութիւնը ո՛չ միայն կը մաքրազտեն եւ կ՚ամրացնեն, այլ նաեւ կը բարձրացնեն եւ կը դարձնեն հարազատօրէն քրիստոնեայ արժէքներուն արտայայտութիւնը։

Ընտանիքը ամենամեծ արժէքն է մարդկութեան՝ բարձր գնահատելի՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 22, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2024