ՀԱՒԱՏԻ ԱՐԵՒԻՆ ՇՈՂԸ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան վերջին երեք գահակալներու միւռոնօրհնութեան առիթով խօսած քարոզներէն հատուածներ:
Երջանկայիշատական Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 29 սեպտեմբեր 1991 թուականին կատարած է նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Միւռոնօրհնութիւնը եւ զայն կոչած է «Անկախութեան Միւռոն»: Այդ առիթով խօսած իր քարոզին մէջ, երջանկայիշատակ հայրապետը այսպէս կը գրէ.
* Այսօր, մեր անկախ պետութեան հռչակումով, այժմէութիւն կը ստանայ նաեւ հայ ազգի Եկեղեցւոյ հոգեւոր անկախութեան ամրապնդումին հրամայականը, իբրեւ հայ ժողովուրդի միակ հարազատ Եկեղեցին, անկախ օտար կրօնական կեդրոններէ:
Մեր նոր ինքնիշխան պետութեան անկախութեան հիմքերէն մէկն է նաեւ հայ ազգի Եկեղեցւոյ անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:
Մենք կը դաւանինք Հաւատամքը՝ մէկ ազատ ազգութիւն,
մէկ անկախ պետութիւն,
մէկ անկախ ազգային Եկեղեցի:
Այս հաւատամքով, այս գիտակցութեամբ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ օրհնուած այս սրբալոյս միւռոնը մենք կը հռչակենք անկախութեան միւռոն:
Հայեր, հոգեւոր զաւակներ մեր, այս սրբազան միւռոնով՝ միացէ՛ք, եղբայրացէ՛ք, եղէք մէ՛կ կամք, եղէք մէ՛կ ուրախութիւն, եղէք մէ՛կ ցաւ: Եղէք մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ընտանիք, մէ՛կ ժայռացած երդում եւ հաւատացէք մեր այս մէկ բուռ հայրենի հողին եւ անոր գալիքին, սուրբգրական Արարատի հայեացքին տակ, Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեան ներքեւ:
«Քանզի ո՞վ է մեր յոյս, կամ խնդութիւն կամ պսակ պարծանաց մերոց, եթէ ոչ դուք ժողովուրդ մեր, առաջի Տեռան մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի նոր գալստեանն: Զի դուք էք փառք մեր եւ խնդութիւն» (Ա. Թեսաղ. Բ. 19-20): Այժմ եւ միշտ. ամէն («Էջմիածին», պաշտօնական ամսագիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1991, ԽԸ տարի, էջ 17):
*
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 9 սեպտեմբեր 1996 թուականին իր որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կատարած առաջին միւռոնօրհնութիւնը կոչած է «Վերածննդեան Միւռոն»: Այդ առիթով խօսած իր քարոզին մէջ կ՚ըսէ հետեւեալը.
* Եւ առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն կ՚ընծայեմ Քեզի, Հայր Երկնաւոր, որ շնորհ ըրիր տկար անձիս, որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարելու առաջին միւռոնօրհնէքը, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին համար նուիրականագոյն եւ սրբազնասուրբ այս արարողութիւնը, ամբողջ հայ քրիստոնեայ ազգի ծննդավայր Սուրբ Էջմիածինի Մայր Աթոռի այս վեհաշուք եւ հոգեթաթաւ սրբավայրին մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով, վերջին ժամանակներու մեր պատմութեան մէջ, Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը իր անձնական ներկայութեամբ եւ պետական աւագանիով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ միասին, կը գլխաւորէ հաւատացեալներու այս հոծ բազմութիւնը:
Միւռոնօրհնութեան սա հոգելից պահուն այս բառերը («բերկրանքի իւղ», «լուսաւոր զգեստ», «կեանքի պահապան», «արդարութեան կնիք», «հաւատքի զէնք») թուղթին վրայէն եւ գիրի կաղապարէն դուրս կու գան եւ մեր հոգիներուն մէջ կը լեցուին եւ կը վերածուին ապրումի՛, կեանքի՛, ներքին հոգեկան անյաղթելի եւ ամենայաղթ զօրութեան, տեսակ մը համազգային անպարագրելի եւ աննկարագրելի հոգեշարժի, վերստին ծնունդի, որ մեզ կը դարձնէ «երկիւղած առ Աստուած» եւ «աներկիւղ ընդդէմ հակառակորդաց»:
Բոլորս ալ գիտակից ենք այն հոգեւոր պայծառ իրողութեան, որ Միւռոնը ոչ միայն աստուածային կնիքն է Ս. Հոգիին, այլեւ՝ «Ճակտի գիր»ին պէս ազգային դրոշմը հայ մարդուն իւրայատուկ կերպարին եւ ինքնուրոյն դիմագծութեան: Միւռոնը մեր քրիստոնէական հայկականութեան խորհրդանիշն է, մեր ինքնութեան եւ արժանապատուութեան ցուցանիշը, մեր միութեան սրբազան շաղախը, մեր հոգեկան կեանքի աւիշը, որ մեր հոգեւոր ծառի՝ Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ արմատներէն կ՚արտաբխի որպէս կենսայնութեան եւ պտղաբերութեան աղբիւր: Հին միւռոնը այսօր ահա նորին մէջ խառնուեցաւ եւ մեր Եկեղեցւոյ դարաւոր կեանքին անբեկանելի շարունակականութեան զօրութիւնը լեցուց մեր հոգիներուն մէջ՝ մեր նոր կեանքին որպէս մղիճ ուժ եւ մեր ազգային ամբողջականութեան որպէս կաթ մայրենի եւ հաց կենդանի («Էջմիածին», պաշտօնական ամսագիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, սեպտեմբեր, 1996, ԾԳ տարի, էջ 36):
*
Ներկայի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը 22 սեպտեմբեր 2001 թուականին, իր կատարած առաջին միւռոնօրհնութեան՝ որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին առիթով կատարած էր, իր խօսած քարոզին մէջ այսպէս կ՚ըսէ.
* Այսօր, Միւռոնօրհնութեան սրբազան խորհուրդով, վերստին ողջագուրուեցան անժամանակն ու անցաւորը, միաւորուեցան աստուածայինն ու նիւթեղէնը, եւ ծնաւ 1700-ամեակի Սրբալոյս Միւռոնը հայոց՝ իր մէջ կրելով անկախութեան եւ վերածնունդի ոգին ու հաւատքը յաղթանականերու, որով պիտի մկրտուին մեր զաւակները, օծուին մեր եկեղեցիները, սրբուի եւ օրհնուի հանուր հայ կեանքը ի Սփիւռս, եւ Աստուած պիտի բնակի ու գործէ հայոց մէջ: Արդարեւ, Միւռոնը կը սպասէ մեզ՝ երկնային սիրոյ անուշաբոյրով: Ընդունինք 1700-ամեակին Միւռոնը այն խնդութեամբ, միաբանութեան այն սիրով, որով մեր նախնիք կը դիմաւորէին Սուրբ Միւռոնը հայոց թեմեր տանող Մայր Աթոռի նուիրակներուն:
Տեսնենք նախախնամական տնօրինութիւնը մեր կեանքին մէջ, որով կանչուած ենք ըլլալու՝ ազգ սուրբ եւ Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ, հրաւիրուած ենք Միւռոն կրելու, Միւռոնով շնորհընկալը ըլլալու քրիստոսապարգեւ ազատութեան եւ որդեգրութեան՝ յաւիտենական կեանքի: Իրապէս, Աստուծոյ կամքն է առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցւոյ Միւռոնով մեզ հայ պահել, մահաբեր փորձութիւններու, աւերներու, կորուստներու քառուղիներուն մէջ յարութեան աոաջնորդել, հողմերէն աշխարհէ աշխարհ սփռուած՝ հայրենիքով եւ Սուրբ Էջմիածնով մէկ ու միասնական պահպանել: Աստուծոյ խնամատար ներկայութեան այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով ապրինք ու ապրեցնենք մեր սիրտերուն մէջ հայոց Միւռոնի բազմափայլ խորհուրդը եւ հեռու ըլլանք օտարամուտ քարոզութիւններէ, օտարացնող ու մոլորեցնող ուղղութիւններէ: Ճանչնանք մեզ որպէս Հայ Եկեղեցի, որպէսզի կարողանանք ճիշդ ըմբռնել մեր սւռաքելութիւնը՝ իմաստը մեր կեանքին, որպէսզի անսայթաք ըլլայ մեր ուղին եւ յաւէտ առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ Սուրբ Տաճարը:
Հայոց համազգային մկրտութեան լուսեղէն խորհուրդին ներքեւ փառք տանք Բարձրեալին, որ անաստուածութեան ու բռնութեան տասնամեակներէն ետք, այսօր հազարւոր հայորդիներ՝ մեծ ու մանուկ, մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Միւռոնին կենարար դրոշմը կը ստանան, եւ օրաւուր կը զօրանայ Հայ Եկեղեցին Հայաստանի անկախութեան դրօշին ներքեւ՝ հոգեւոր անանց արժէքներով զօրացնելով հայոց պետականութիւնը եւ հանուր հայ կեանքը:
Աղօթենք առ Աստուած, ու հայրենական մեր կեանքի վերաշինութեան լայն ճանապարհին նորոգուի մեր մէջ սուրբ հաւատքը Տէրունական՝ սիրոյ յաղթութեան հաւատքը, որով կեանքը յաղանակած է միւռոնադրոշմ հայոց հողին մէջ եւ լեցուած է արարումի բերկրանքով:
Հայոց առ Աստուած կը խնդրենք Երկնաւորէն, որ եղբայրական սիրոյ մէջ զօրացնէ մեր քոյր եկեղեցիները եւ անոնց հոգեւոր առաջնորները, որպէսզի օրհնութեամբ պսակուի Քրիստոսի Տիեզերական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ յանուն աշխարհի խաղաղութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ համագործակցութեան:
Շնորհաբաշխ այս օրը միակամ եւ միաբերան աղօթենք եւ հայցենք. «Տէր Աստուած Ամենակալ, թող ասոր մէջ իջնեն Սուրբ Հոգիիդ երկրպագելի շնորհները, որ ասիկա ըլլայ անապական զգեստ, կատարելութեան կնիք...՝ ընդունելու սուրբ անուանակոչութիւն Քու Միածին Որդիին անուամբ..., Քեզի հարազատ ժողովուրդ ըլլալու, սուրբ ազգ՝ կնքուած այս անարատ Միւռոնով եւ մեր սիրտերուն մէջ բնակուող Քրիստոսով»՝ այսօր, միշտ եւ յաւիտեան: Ամէն («Էջմիածին», պաշտօնական ամսագիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, սեպտեմբեր, 2001, ԾԷ տարի, էջ 18-19):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ