ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱԹԵՔՆԻՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ՝ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան ուղղեալ հերթական համաձայնագիրը։ Անգարա եւ Պաքու կը շարունակեն թափով համագործակցիլ այս բնագաւառէն ներս։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ «ADEX-2024» միջազգային պաշտպանական ցուցահանդէսը, որ հինգերորդն էր իր տեսակին մէջ։ Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եաշար Կիւլէրի։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան պաշտպանական արդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահ Հալուք Կէօրկիւն։

Երէկ ստորագրուած համաձայնագիրը կը վերաբերի ռազմական ելեկտրական մեքենաներու, բանիմաց զինամթերքի, վարժական թեքնոլոժիներու եւ զինամթերքի արտադրութեան, օդային հաղորդակցութեան արդիականացման եւ այլն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024