ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ՋՐԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՆՏԵՂԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը կը գտնուի ձեռքը երկարելու հեռաւորութեան վրայ։

Համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին։ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ Փաշինեան ընդգծեց, որ եթէ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը որոշէ, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը կը հակասէ Սահմանադրութեան, ապա այդ պարագային Սահմանադրական փոփոխութիւնները անհրաժեշտ կ՚ըլլան։ Յամենայնդէպս, վարչապետը դիտել տուաւ, որ այս պարագան տեսական է, որովհետեւ փորձագէտները կը վստահեցնեն, թէ սա այդքան ալ հաւանական չէ։ Սահմանադրական ատեանի հաւանութենէն վերջ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ այդ համաձայնութեան վաւերացումը այդքան մեծ հարց մը պիտի չյարուցէ։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան միջազգային պայմանագրերը երկրի ներքին օրէնսդրութեան դիմաց գերակայութիւն ունին։ Ուստի, եթէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի ու վաւերացուի, ապա Սահմանադրութեան այդ տրամադրութիւնն ալ ինքնաբերաբար շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ։ Նոյն տրամաբանութիւնը, ըստ Փաշինեանի, կը գործէ նաեւ Ատրպէյճանի պարագային։ Այս բոլորի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բացատրեց, որ անհիմն են Ատրպէյճանի պահանջները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան։

«Ահա մենք կը տեսնենք, որ խաղաղութիւնը այսքան մօտ է ու մեզի հարկաւոր է ընդամէնը ձեռք երկարել ու վերցնել զայն։ Սա դիւրին չէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ճշմարտութիւնը եւ այդ ճշմարտութիւններու շուրջ բանավէճը պատճառ դարձած է թշնամութեան, զոհերու եւ պատերազմի։ Ցաւը շատ խոր է ու մեծ։ Բայց հիմա մենք պիտի կեդրոնանանք խաղաղութեան վրայ, որովհետեւ խաղաղութիւնն է միակ ճշմարտութիւնը, որ հասկնալի է թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի ժողովուրդներուն։ Այդ ճշմարտութիւնը կը բանայ բոլորիս աչքերը, կը փակէ թշնամութեան աղբիւրները եւ բոլորիս հայեացքները կ՚ուղղէ դէպի ապագայ», ընդգծեց Նիկոլ Փաշիեան, որ Նիւ Եորքի մէջ ալ հերթական անգամ կրկնեց, թէ ենթադրեալ պայմանագրի առնուազն 80 տոկոսը համաձայնեցուած է։

«Այսօր չեմ ուզեր ժխտական, յոռետես ուղերձներ յղել, որովհետեւ հայկական ասացուածք մը կ՚ըսէ՝ լաւ ըսենք, որպէսզի լաւ ըլլայ։ Չեմ բացարեր, որ նման ասացուածքը իրենցը կը համարեն նաեւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի մէջ։ Լաւ ըսենք, որպէսզի լաւ ըլլան իրականութենէն կտրուած, դատարկ խօսքեր շռայլելու մասին չէ։ Ասոր համար, ի հարկէ, պէտք է աշխատիլ, երբեմն ծանր որոշումներ առնել։ Ելոյթիս մէջ նշեցի այն բոլոր հանգամանքները, որոնք թոյլ կու տան այս ամպիոնէն լաւը ըսելու, որպէսզի լաւը ըլլայ», ընդգծեց Փաշինեան։

Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւս միտուած է խաղաղ ապագայի։ Իր խօսքով՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը Միջին միջանցքին մաս կրնայ կազմել՝ ապահովելով այդ ճանապարհով ապրանքները փոխադրելու աւելի մեծ արագութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ քննարկումներու ներկայ ընթացքին, ինչպէս նաեւ սահմանազատման գործընթացին ու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին։ Փաշինեան կարեւորեց ՄԱԿ-ի եւ ընդհանուր քարտուղար Կութերեսի աջակցութիւնը խաղաղութեան ուղղեալ Հայաստանի ջանքերուն եւ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Կութերեսն ալ ողջունեց Երեւանի քայլերը՝ ի նպաստ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու։ Ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ պատրաստակամ է իր լիազօրութեան շրջանակներէն ներս նպաստել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024