ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազատութիւնը մարդկային արժանապատուութեան ստուգանիշն է, որ մարդս «բարոյական անձ» կ՚ընէ։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, հա՛յրն է իր արարքներուն։ Ուստի, մարդկային ինքնակամ արարքները՝ որոնք ազատօրէն ընտրուած են, յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։ Անոնք «բարի» են կամ «չա՛ր»։

Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը կախում ունի «ընտրուած առարկայ»էն եւ «հետապնդուած նպատակ»էն կամ դիտաւորութենէն եւ «գործելու պարագաներ»էն։

Մարդկային արարքներուն բարոյականութեան առարկան, դիտաւորութիւնը եւ պարագաները կը հանդիսանան անոր «աղբիւր»ները կամ «բաղադրիչ տարր»երը։

Ընտրուած առարկան լաւութիւն մըն է, որուն ազատօրէն կը ձգտի կա՛մքը։ Ան ատաղձն է մարդկային արարքի մը։ Ընտրուած առարան բարոյապէս կը բնորոշէ կամենալու արարքը՝ որքանով որ իմացականութիւնը ճշմարիտ բարիին հետ զայն համապատասխան կը ճանչնայ եւ կը դատէ։

Բարոյականութեան առարկայական կանոնները կը բացայայտեն իմացական կարգը «բարի»ին եւ «չար»ին, խղճմտանքին վկայութեամբ։ Առարկային դիմաց՝ «դիտաւորութիւն»ը կը կանգնի գործող ենթակային կողքին։ Դիտաւորութիւնը, քանի կապուած է գործին կամաւոր աղբիւրին եւ կը յատկանշէ զայն իր վախճանով, էական տարրն է գործին բարոյական որակաւորումին։

Վախճանը՝ առաջին նպատակակէտն է դիտաւորութեան եւ ցոյց կու տայ գործին հետապնդած նպատակը։

Դիտաւորութիւնը «շարժո՛ւմ» մըն է կամքին դէպի վախճանը. ան կը հայի գործելու վախճանին։ Ան հայեցակէտն է նախաձեռնուած գործէն սպասուած բարիքին։ Ան չի սահմանափակուիր մեր անհատ գործերուն ուղղութեամբ, այլ ան կարող է բազմազան գործեր դասաւորել դէպի միեւնոյն նպատակը. ան կարող է ուղղել ամբողջ կեանքը դէպի վերջնագոյն վախճանը։ Զոր օրինակ, մատուցուած ծառայութիւն մը իբրեւ վախճան ունի օգնել մերձաւորին, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան կարող է ներշնչուիլ Աստուծոյ սէրէն իբր վերջնագոյն նպատակը մեր բոլոր գործերուն։

Նոյն արարքը կրնայ ներշնչուիլ բազմաթիւ դիտաւորութիւններէ, ինչպէս որ ծառայութիւն մը կրնանք մատուցանել՝ շնորհք մը ընդունելու համար եւ կամ անկէ սնապարծութիւն քաղելու համար։

Բարի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ մերձաւորին օգնելը, ո՛չ բարի ո՛չ ալ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը, որ յինքեան անբարեկարգ է. ինչպէս՝ սուտը եւ չարախօսութիւնը։

Վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները։

Այսպէս՝ արդարանալի չէ դատապարտութիւնը անմեղի մը իբրեւ օրինաւոր միջոց փրկելու ժողովուրդը։ Ընդհակառակը, աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը, օրինակի համար՝ սնապարծութիւնը, յոռի կը դարձնէ արարք մը՝ որ ինքնին կրնայ բարի ըլլալ, ինչպէս՝ ողորմութիւնը։

Պարագաները, ներառեալ անոնց հետեւանքները, երկրորդական տարրերն են բարոյական արարքի մը։ Անոնք կը սատարեն սաստակցնելու կամ նուազեցնելու «բարոյական լաւութիւն»ը կամ «գէշութիւն»ը մարդկային արարքներուն, զոր օրինակ, գողութեան մը քանակութիւնը։

Անոնք կրնան նաեւ թեթեւցնել կամ աճեցնել պատասխանատուութիւնը գործողին, ինչպէս մահուան վախով շարժիլը, վարուիլը։ Ըստ ինքեան պարագաները չեն կրնար ո՛չ բարի, ո՛չ ալ արդար դարձնել գործ մը՝ որ ինքնին գէ՛շ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024