ԿՈՄԻՏԱՍՆ ՈՒ ՊՈԼԻՍԸ

Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան մէջ մեծ տեղ ունի Պոլիսը, թէեւ կը շարունակուի հարցական մնալ անոր դրական կամ ժխտական ազդեցութիւնը։ Կոմիտաս Վարդապետ եթէ Պոլիս չապրէր, գուցէ հոգեկան այդ հիւանդագին վիճակը չ՚ունենար. թէեւ իր ժողովուրդի զաւակներուն ցաւը խորապէս, անշուշտ, պիտի ազդէր, սակայն անմարդկային չարչարանքներու տեսարաններուն ականատես պիտի չըլլար: Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ երաժշտական մարզէն ներս Կոմիտաս Վարդապետ Պոլսոյ մէջ մեծ աշխատանք տարած է եւ այսօր որպէս յիշատակութիւն կ՚ուզենք ամփոփ ձեւով խօսիլ Կոմիտաս Վարդապետին Պոլսոյ մէջ անցուցած օրերուն մասին:

Կոմիտաս Վարդապետ Պոլիս հասած է 1911 թուականին եւ առաջին իսկ օրերէն սկսած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ երաժշտութիւն դասաւանդել եւ այդ մէկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է աշակերտներուն միջեւ. շատ կարճ ժամանակուան մէջ Կոմիտաս Վարդապետ յաջողած է Պոլսոյ մէջ հիմնել 300 հոգինոց երգչախումբ մը, մեծամասնութիւնը Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներէն բաղկացած: Կոմիտաս Վարդապետ, իր հիմնած երգչախումբով ամէն հինգշաբթի Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն կը մասնակցէր: Ժամանակակիցներ կը յիշեն, թէ ինչպէս Կոմիտաս Վարդապետ խանդավառութեամբ կը մասնակցէր երգչախումբի փորձերուն. բացի իր նորաստեղծ երգչախումբէն փորձեր կը կատարէր նաեւ շրջակայ եկեղեցիներու դպրապետներուն, ինչպէս նաեւ քահանաներուն հետ: Որոշ ժամանակ ետք Կոմիտաս Վարդապետ սկսած է քառաձայն պատարագի փորձեր կատարել. այդ փորձերը մեծաւ մասամբ կը կատարուէին Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ:

Ապա 1912 թուականին հիմնած է «Գուսան» երգչախումբը, որ բացի պատարագի երգեցողութիւններէն կը կատարէր ժողովրդական ու գուսանական երգերու կատարումներ եւ Պոլսոյ մէջ հանդէս կու գար համերգներով։ Այս երգչախումբին շնորհիւ է, որ պոլսահայութեան մէջ տարածուեցաւ արուեստի հանդէպ գիտակցութիւնը։ Կոմիտաս Վարդապետ յաճախ Պոլիսէն դուրս գալով կ՚երթար նաեւ դէպի գաւառներ եւ կը փորձէր այդտեղ եւս տարածել հայ երաժշտութեան հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն:

Կոմիտաս Վարդապետի երգչախումբի անդամ դարձած երիտասարդուհի մը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Ղեկավար Կոմիտաս, ուղիղ եւ ձիգ կանգնած, ձեռքի սպիտակ քամեռթոնը բարձրացնելով արագօրէն կը բաժնէր ձայները եւ իր «մոգական գաւազանով» իրեն կը հպատակեցնէր երեք հարիւր հոգինոց երգչախումբը: Վա՜յ այն աշակերտներուն, որոնք հեռաւոր արուարձաններէ հեւ ի հեւ սրահ մտնելով գաղտագողի գրաւէին իրենց տեղերը: Նման դէպքեր չէին վրիպեր Կոմիտասի աչքերէն: Դադարի ատեն ծիծաղով մը զանոնք կ՚անուանէր «քեռթենքէլէներ»: Սակայն Կոմիտաս Վարդապետ խիստ անձնաւորութիւն մը չէր. ան երգչախումբի փորձերուն կանուխ գալով կը սիրէր ժամանակ անցընել երիտասարդներու հետ. կը կատակէր, կը ծիծաղէր: Խաղաղ անձնաւորութիւն մըն էր, սակայն բուռն զայրոյթ ունէր, երբ աշակերտները անճշդապահ էին եւ կամ երբ անտեղի կողմնակի խօսակցութիւններով կը տարուէին:

Կոմիտաս Վարդապետ պոլսահայութեան հայ երաժշտութիւնը հրամցնելէ բացի նպատակ ունէր յաջորդներ պատրաստել եւ յաջողեցաւ. իր աշակերտներէն ութ հոգի խմբավարներ դառնալով սկսան գործել զանազան կեդրոններու եւ դպրոցներու մէջ եւ նուիրուեցան հայ երաժշտութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու սրբազան առաքելութեան:

Մեծ վարդապետ Պոլսոյ մէջ իր ժամանակը կ՚անցընէր մտաւորականներու հետ. ժամանակակիցներ զինք յաճախ կը տեսնէին Սիամանթոյի, Ռուբէն Զարդարեանի, Ռուբէն Սեւակի, Հրանդ Ասատուրի եւ այլ յայտնիներու հետ: Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս կ՚ապրէր Բանկալթի թաղամասը, որպէս ընկեր ունենալով նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանը։ Ժամանակակիցներ կը վկայեն, որ Կոմիտասի տունը միշտ լեցուն էր այցելուներով, նոյնիսկ յաճախ պաշտօնական կառքերով եկող դեսպաններ կ՚այցելէին. անոր մնայուն այցելուներէն էր նաեւ Աւետիք Իսահակեան։ Կոմիտաս Վարդապետ այդ տան մէջ կ՚ընդունէր նաեւ երիտասարդներ եւ անոնց հետ երաժշտական պահեր կ՚անցնէր, հայերէնի կողքին անոնց ծանօթացնելով նաեւ եւրոպական երաժշտութիւնը:

Այս բոլորին մասին լսելով ու կարդալով, պէտք է լրջօրէն մտածել մեր գաղութներուն մէջ լաւ երիտասարդներ ներգրաւելու անհրաժեշտութեան մասին. Կոմիտաս մինակը օրինակ էր բազմաթիւ երիտասարդներու եւ նման օրինակներ են, որոնք պիտի յաջողին մեր նոր սերունդը կապել հայ մշակոյթին եւ արժէքներուն: Պէտք է համոզուինք, որ ո՛չ թէ դասագիրքը, այլ ուսուցիչը աշակերտին կը յաջողի փոխանցել այն բոլորը՝ որ դասագիրքը կը պահանջէ։ Դասագիրքը առանց ուսուցիչի ո՛չ մէկ արժէք ունի: Այդ ուսուցիչները պէտք է փնտռենք. գուցէ այսօր Կոմիտաս մը չունենանք, սակայն ունինք ուրիշներ, որոնք Կոմիտաս դառնալու ճամբուն մէջ են եւ կարիքը ունին մեր նեցուկին. պէտք է անոնց համար ճամբայ բանանք եւ առիթ տանք, որպէսզի գործեն անխոչընդոտ ու անարգել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայ եւ թուրք երաժշտութեանց մէջ նմանութիւններ կա՞ն:

Պատասխան. Այո, հայկական եւ թրքական երաժշտութեանց միջեւ նմանութիւններ գոյութիւն ունին, պայմանաւորուած աշխարհագրական մօտիկութեամբ եւ դարաւոր փոխանակումներով: Երկուքն ալ հիմնուած են տարածաշրջանի ժողովրդական երաժշտութեան վրայ, որոնք ընդհանրապէս նոյն գործիքներով նուագած ու երգած են: Հակառակ պատմական լարուածութեան՝ հայերու եւ թրքերու միջեւ ստեղծուած է երաժշտական փոխազդեցութիւն, յատկապէս ժողովրդական երգերու մէջ, ստեղծելով ընդհանուր մշակութային պատմութիւն մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024