ԻՐԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմը կ՚ընդլայնի՝ հետզհետէ աւելի խոր մտահոգութիւն պատճառելով համայն աշխարհին։ Կազզէի արիւնալի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ արդէն պատերազմը ամբողջ տարածաշրջան ընդլայնելու մտադրութեան ազդանշանները երկար ժամանակէ ի վեր կու տար։ Ուստի, Կազզէի պատերազմին զուգահեռ՝ Իսրայէլ վերջին շրջանին սկսած էր լրջօրէն թիրախաւորել Լիբանանն ու Սուրիան։ Այս յարձակումներէն վերջ, Իրանն ալ արդէն միջամուխ դարձաւ պատերազմին։ Իրան երէկ թիրախաւորեց Իսրայէլը, որու վրայ շուրջ 500 հրթիռ տեղացուց։ Թէեւ Իսրայէլի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը հարիւրաւոր հրթիռներ ոչնչացուց, սակայն, անոնցմէ ոմանք ինկան երկրի կարգ մը քաղաքներուն վրայ։

Երէկ երեկոյեան, ժամը շուրջ 19.30-ին, Իրանի հիփերսոնիք հրթիռները սկսան արձակուիլ Իսրայէլի վրայ։ Թել Աւիւի, Երուսաղէմի նման կարգ մը քաղաքներ ազդուեցան այս յարձակումէն։ Իրանի յեղափոխութեան պահակները յայտարարեցին, որ այս վերջին յարձակումները կատարուած են՝ մահափորձերու զոհերու վրէժը լուծելու համար։

Իրանի երէկուան միջամտութիւնով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ ամբողջ տարածաշրջանը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Իրաքի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմախարիսխը «Հիզպուլլահ»ի կողմէ ենթարկուած է հրթիռակոծման։ Եմէնի մէջ ալ հուսիները կը շարունակեն թիրախաւորել Անգլիոյ նաւերը եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ ալ կը գործեն Իսրայէլի վրայ։

Այս համայնապատկերին վրայ առանձնապէս բարդ կացութեան մը մատնուած է Լիբանանը՝ մինչ Իսրայէլի հրասայլերը կուտակուած են սահմանին։

Թուրքիան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը վաղուց վճռական պատգամներով հանդէս կու գայ այս հարցին շուրջ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճափ Թայյիպ Էրտողան Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման առաջին նիստին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ Պաղեստինէն եւ Լիբանանէն վերջ Իսրայէլ հայեացքը պիտի ուղղէ դէպի Անատոլու եւ պիտի ջանայ թիրախաւորել Թուրքիոյ տարածքները։ «Ինչ փոխարժէք որ ալ ունենայ՝ Թուրքիա պիտի շարունակէ Իսրայէլի դէմ կանգնիլ եւ աշխարհն ալ պիտի հրաւիրէ այս արժանապատիւ կեցուածքին հետեւիլ», ըսաւ Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024