ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ՏԱՆՏԷՐ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երկրորդ Աշխարհամարտի ժամանակ Գերմանիոյ եւ իրենց զաւթած շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ նացիները հրեաներուն կը ստիպէին «տարբերակիչ նշան» մը կրել, որպէսզի «նորմալ, առողջ» ցեղերու ներկայացուցիչները զանազանուին «ի սկզբանէ խոտանուած» ցեղերէն: Սովորաբար վեցանկիւն աստղ կ՚ըլլար այդ նշանը, որ չկրելու պարագային հրեաները կրնային ազատազրկումով կամ նոյնիսկ գնդակահարութեամբ պատժուիլ։

Նման խտրական քաղաքականութեան համար տարբեր պատճառներ կային, բայց «պարզ ժողովուրդին» կը տրուէր հետեւեալ «հիմնաւորումը». տասնամեակներ շարունակ անոնք ամէն ինչի տէրն էին, հիմա այդ օտարականները տեղը դնելու ժամանակը եկած է։

Հիմա համեմատեցէք. «Արցախցիները թող այստեղ (Հայաստանի մէջ) ապրին, աշխատին, բայց մեր երկրի գործերուն թող չխառնուին, հիւրեր թող ըլլան եւ թող չուզեն տանտէր դառնալ. քսան տարի տանտէր եղան եւ երկիրը այս վիճակի մէջ է»: Այսպէս կ՚ըսէ ՔՊ-ական պատգամաւորը. կուսակցութիւն մը, որու դրօշին վրայ կարծես թէ «ժողովրդավարութիւն», «ազատականութիւն», «եւրոպական արժէքներ» գրուած է։

Ուրեմն, Հայաստանի մէջ կան հայեր, որոնց մէկ մասը «տանտէր է», միւսը՝ «հիւր» (ի դէպ, երկուքն ալ Հայաստանի քաղաքացիներ կրնար ըլլալ), բայց ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք տարբերակել: Պատկերացուցէք, թէ Երեւանի փողոցներով կը քալէք, մեր հայրենակիցները կը տեսնէք եւ չէք կրնար հասկնալ, թէ ովքե՞ր կրնան խառնուիլ մեր երկրի գործերուն, ովքեր՝ չեն կրնար, ովքե՞ր տանտէր են ովքեր՝ հիւր:

Հաւանաբար, պատգամաւորը պէտք է տարբերակիչ նշաններու օրինագիծ մը առաջարկէ. օրինակ՝ Արցախի դրօշը. յետոյ արդեօք այդ խտրականութիւնը միայն 2023 թուականի եկածներո՞ւն կը վերաբերի, թէ՞ նաեւ 2020 թուականի եկածներուն: Իսկ անոնք, որոնք, ըսենք, թէ 1992 թուականին եկած են Հայաստանի Հանրապետութիւն, կամ անոնք, որոնց նախնիները Արցախը լքած են 1918 թուականին:

Այդ պարագային, ես ալ պէտք է «հիւր» ըլլամ եւ ինչո՞ւ միայն արցախցիները: Արդեօք «հիւր» չե՞ն անոնք, որոնց արմատները Վանէն կամ Էրզրումէն են: Անոնց պապերը ինչո՞ւ դուրս ելած էին հոնտեղէն. թող մնային, իրենց երկիրը պահէին: Քանի որ չեն կրցած պահել իրենց ժառանգներուն, ըստ այդ տրամաբանութեան «հիւրի» կարգավիճակ տալով պէտք է պատժել։

Հասկնալի է, որ ՔՊ-ական այս տրամաբանութիւնը միանգամայն ընդունելի է «պարզ հայաստանցիի» մը համար: Իրաւական երկրի մը մէջ, ի հարկէ, այսպիսի արտայայտութիւններու համար կարելի է դատել, բայց ժամանակակից Հայաստանի մէջ այդ տարբերակը անիմաստ է, եթէ խօսքը իշխանութեան ներկայացուցիչի մը մասին է եւ ամենակարեւորը այն է, որ պետութեան համար այդ մօտեցումը մահաբեր է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024