ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՖԻԼԱՐՄՈՆԻԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութիւնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին յարիր բացառիկ ձեռնարկներ կազմակերպել կը նախատեսէ։ Այս միութիւնը Թուրքիոյ երաժշտական կեանքի մղիչ ուժերէն կը համարուի, իսկ վերջին շրջանին անոր գեղարուեստական ղեկավարը դարձած է թրքահայ համայնքէն յայտնի մենակատար Արթիւր Պաղտասարեան։ Գեղարուեստական կարողութիւններուն առընթեր, Արթիւր Պաղտասարեան կ՚ապահովէ նաեւ, որ միութեան գործունէութիւնը աւելի հասանելի ըլլայ թրքահայ համայնքային շրջանակներուն եւ երաժշտասէրները հաղորդ դառնան անոր ընձեռած՝ բարձրորակ արուեստին հետ շփուելու հնարաւորութիւններուն։
Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միութեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանի առաջին ձեռնարկը, որու բոլոր մասնակիցները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան եւ ունկնդրեցին Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի քառեակը։ Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէսը, որու աւարտին երաժշտասէրները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին քառեակը։
Համերգէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։ Հրաւիրեալներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան անձնակազմէն Վերոնիքա Ավդանտիլեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ այլ հիւրեր։ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան վարչութեան նախագահ Աթիլլա Թունա եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները՝ մինչ յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ աջակիցներուն։