ՉՀԱՒԱՏԱԼ ԱՐՏԱՔԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔԻ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի ամէն ըսածին համար պէտք չէ փոխէ խաղաղութեան պայմանագրի իր ռազմավարութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր կը մասնակցի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին։ Ան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ վարչապետ Միշէլ Պառնիէի կողմէ։ Նոյն առթիւ Փարիզ կը մեկնի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Փաշինեան Փարիզ մեկնելէ առաջ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքը, որմէ վերջ երէկ երեկոյեան ալ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Իսկ Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Վարշաւիոյ անվտանգութեան ֆորումին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է կարողանայ ձեւաւորել յարափոփոխ աշխարհի մէջ մրցունակ ըլլալու չափանիշներու համապատասխան ընկալում մը։ «Մեր անվտանգութիւնը մենք պէտք է երաշխաւորենք, պէտք չէ արտաքին երաշխիքներուն հաւատալ», ըսաւ ան։ Վարչապետը ընդգծեց, որ կառավարութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ «Մենք չենք նկատած, որ մեր անկախութեան մեծ մասի ընթացքին մենք արտաքին քաղաքականութեան ամբողջ բեռը դրած ենք զինուորի ուսերուն վրայ, կառավարութեան բոլոր բեռը դրած ենք նոյնպէս զինուորի ուսերուն։ Այդպէս չ՚ըլլար։ Եւ փոխլրացումն ալ եղած է անվտանգութեան մեր երաշխիքը։ Անվտանգութեան մէկ երաշխիք կայ, այդ ալ խաղաղութիւնն է, որպէսզի քու հարեւաններուդ հետ բնականոն յարաբերութիւն ունենաս։ Անվտանգութեան ուրիշ երաշխիք չկայ։ Շատ կը խօսուի նաեւ արտաքին երաշխիքներու մասին։ Գուցէ այսքանէն վերջ մենք անոնց չհաւատանք։ Մեր անվտանգութիւնը պէտք է մենք երաշխաւորենք, բայց, ո՛չ միայն զինուորով ու բանակով, այլեւ՝ մեր քաղաքականութեամբ, տնտեսութեամբ, ընկերահոգեբանութեամբ, մեր խօսքով, սադրանքներու տրուիլ-չտրուելու մեր հմտութիւններով», ըսաւ ան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Փաշինեան շեշտեց, որ 44-օրեայ պատերազմը ընթացած էր՝ ըստ բեմագրութեան մը եւ այդ բեմագրութիւնը Հայաստանի մէջ չէր գրուած։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ գտնուող շատ մարդիկ այդ բեմագրութեան մէջ եղած են գիտակցաբար՝ ներառեալ, դժբախտաբար, բարձրաստիճան զինուորականներ։ «Սա եղած է պատերազմ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչնչացնելու համար որպէս պետութիւն», աւելցուց վարչապետը։ Բաց աստի, Փաշինեան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բազմաթիւ երկիրներու կողմէ օգտագործուած է՝ որպէս Հայաստանի վզին փաթթուած պարանի մը գործառոյթով։ Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը արդէն բացայայտուած է ժողովուրդին համար։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Վարշաւիոյ մէջ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի քաղաքական կամքը տեսանելի չէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցին մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան հետախուզական գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Փեթրիք Փրայորը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային անվտանգային միջավայրի հարցերուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստանի անվտանգային համակարգի կատարելագործման եւ արդիկանացման ուղղեալ բարեփոխումներուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024