Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կարեւոր իրադարձութիւն մը դարձաւ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի վերաբացումը։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ, Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին յարած այս շարժանկարի դահլիճը պատմական համալիրի մը մէջ հաստատուած է։ Տեւական դադարէ վերջ հայ շարժանկարի սիրահարները արդէն հնարաւորութիւն ունին վերադառնալու իրենց համար այնքան սիրելի բնօրրանը։
«Քինօմոսկուա» անուանումով վերաբացուած է համալիրը, որ ամբողջութեամբ վերազինուած ու վերաբեռնաւորուած է։ Պատմական շէնքի մուտքի աստիճաններուն վրայ շքեղ շոու մը տեղի ունեցաւ վերամուտի առթիւ։
«Ճոքըր. խելագարութիւն երկու հոգիի համար» ժապաւէնի տարածաշրջանային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ վերանորոգեալ շարժանկարի դահլիճին մէջ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024