Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՍԻՆՈԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մասնակցի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի 16-րդ հերթական ընդհանուր ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի 26-ը։ «Ժողովականութեան սինոդ» անուանումին ներքեւ կազմակերպուած է այս մեծ հաւաքը, որ կը համախմբէ 400 մասնակից. ինչպէս՝ եպիսկոպոսներ, զանազան աստիճաններէ այլ եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ աշխարհականներ, որոնք կը քննարկեն, թէ եկեղեցին ինչպէ՛ս կրնայ դառնալ աւելի ներառական եւ մասնակցային իր առաքելութեան եւ կառավարման հարցերուն մէջ։

Հոկտեմբերի 2-ին Վատիկանի մէջ սկսաւ Սուրբ Սինոդի ժողովը՝ նախագահութեամբ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան աշխատանքներու սկիզբին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ձեռնուեցաւ Սրբազան Պապին հետ, որուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները։

Սինոդը կը նախատեսէ ուսումնասիրել, թէ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին ինչպէ՛ս կրնայ աւելի ամբողջական կերպով մարմնաւորել ժողովականութեան՝ «միասին ընթանալու» ոգին։

Հարկ է նշել, որ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարի՝ 2025 թուականին։ Բոլոր ջանքերու հիմնական նպատակն է տեւական նպաստ ապահովել եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ խթանելով միասնութիւնն ու մասնակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024