ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան փո­խանց­ման, տե­ւա­կա­նաց­ման  վե­րա­բե­րեալ ամ­բողջ խնդիր­նե­րը, խոր­քին մէջ, ա­ռըն­չու­թիւն ու­նին այն հան­գա­ման­քին հետ, թէ մեր ար­ժէք­նե­րը ո՛ւր կը տե­ղա­ւո­րուին, ի՛նչ բա­նի կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ե­րի­տա­սար­դու­թեան աշ­խար­հէն ներս։ Հե­տաքրք­րու­թիւն առ­թե­լու, ժա­ռան­գա­տի­րոջ գի­տակ­ցու­թիւն ներ­մու­ծե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րը վիթ­խա­րի աշ­խա­տանք, ա­հա­ւոր համ­բե­րու­թիւն ու մեծ ներդ­րում­ներ կ­­՚են­թադ­րէ։ Ար­դիւ­նա­ւէտ փո­խան­ցու­մի մը կազ­մա­կեր­պու­մը դժուար է բո­լոր ա­ռում­նե­րով, ձա­խող­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։

Այս ամ­բող­ջին մէջ կայ հիմ­նա­կան ազ­դակ մը, որ կրնայ ան­հա­մե­մա­տե­լիօ­րէն դիւ­րաց­նել գոր­ծը։ Այդ մէկն է՝ կեր­պար­նե­րու ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։ Օ­տար կամ մի­ջազ­գա­յին մթնո­լոր­տի մէջ յա­ջո­ղու­թեան հա­սած հա­յե­րը խո­րա­պէս կը տպա­ւո­րեն մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ա­նոնց մարմ­նա­ւո­րած կամ խորհր­դան­շած կեր­պար­նե­րը ա­հա­ւոր ձգո­ղա­կա­նու­թիւն մը կ՚ու­նե­նան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Կարճ խօս­քով, յաչս նոր սե­րուն­դին՝ հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն հրա­պոյ­րը ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ է ա­նոնց հա­մա­մարդ­կա­յին մշա­կոյ­թին հետ ու­նե­ցած ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ։ Բե­կում­նա­յին պա­հե­րը կ­­՚ապ­րուին ընդ­հան­րա­պէս այն հանգրուան­նե­րուն, երբ հայ ե­րի­տա­սար­դը անձ­նա­կան հա­մո­զիչ փոր­ձա­ռու­թիւ­նով մը ա­կա­նա­տես կ­­՚ըլ­լայ վառ օ­րի­նա­կի մը։ Իսկ յայտ­նի ա­նուն­նե­րուն շնոր­հիւ կը բազ­մա­պատ­կուի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ տի­րա­կան կեր­պար մը, կրնայ պա­տա­հիլ՝ որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն առ­ջեւ բա­նայ սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեան, հա­րա­զատ մշա­կոյ­թին հո­րի­զոն­նե­րը։

Պոլ­սա­հայ մեր հինգ լի­սէ­նե­րու տնօ­րէն­ներն ալ սոյն հան­գա­մանք­նե­րը կը մատ­նան­շեն ինք­նու­րոյն վկա­յու­թիւն­նե­րով։ Ու­րեմն, մէջ­բե­րենք դար­ձեալ ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։

Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու. «Այ­սօր մենք կը տես­նենք ա­ւե­լի գի­տա­կից սե­րունդ մը։ Նախ եւ ա­ռաջ, հար­ցաքն­նող սե­րունդ մըն է եւ այդ նոյն ճամ­բով ձեռք կը բե­րէ կամ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Այս ի­մաս­տով ալ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ շփում­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ե­թէ ա­նոնք յա­ջո­ղին ի­րենց մտքին մէջ ծա­գած հար­ցում­նե­րուն շուրջ բա­ւա­րար պա­տաս­խան­ներ ստա­նալ մեր կրթա­կան մշակ­նե­րէն, ա­պա կը սկսին վստա­հիլ ա­նոնց ցոյց տուած ուղ­ղու­թեան։ Այժ­մու սե­րունդ­նե­րը ար­դէն կը մտա­ծեն, կը դա­տեն ի­րենց հա­սած կամ մա­տու­ցուած տե­ղե­կու­թիւ­նը եւ ըստ այդմ ալ կը սկսին կար­դալ։ Մեր վար­ժա­րա­նին մէջ մաս­նա­ւոր խնդիր­ներ չենք ապ­րիր հա­յե­րէ­նի շուրջ։ Ինչ­պէս ը­սի՝ այ­սօր ու­նինք հար­ցաքն­նող սե­րունդ մը եւ մենք մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն հա­մար ան­պայ­ման պէտք է տեղ ստեղ­ծենք  այդ հար­ցադ­րում­նե­րուն մէջ»։

­Սա­թե­նիկ Նշան. «Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը լի­սէի շրջա­նին այ­լեւս բա­ւա­կան կը զբա­ղին հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րով։  Ա­նոնք թէ՛ ո­րոշ չա­փով հա­սուն­ցած ըլ­լա­լով կ՚անդ­րա­դառ­նան ի­րենց ինք­նու­թեան տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ լայն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ հայ­կա­կան նիւ­թե­րով խօ­սուած­նե­րուն լոյ­սին ներ­քեւ կ՚ազ­դուին։ Այս նիւ­թե­րով զբա­ղե­լու զու­գա­հեռ՝ ա­նոնք դպրո­ցին մէջ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կ՚ու­նե­նան նաեւ ի­րենց թուրք ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այդ երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը դրա­կան են ան­շուշտ։

«Բայց եւ այն­պէս, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը լի­սէն ա­ւար­տե­լէ, հա­մալ­սա­րան մուտք գոր­ծե­լէ, տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու մէջ մտնե­լէ վերջ կ­­՚անդ­րա­դառ­նան ի­րենց ինք­նու­թեան։ Հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ, հա­սու­նու­թեան շրջա­նին ալ այդ անդ­րա­դար­ձը կը խո­րա­նայ, բայց այս բո­լոր վար­կած­նե­րու պա­րա­գա­յին հա­րիւր տո­կո­սի մա­սին չէ խօս­քը։ Մենք այդ բո­լո­րին մէջ լե­զուն ալ հնա­րա­ւո­րինս մտցնե­լու հա­մար, անգ­լե­րէ­նի ա­ռըն­թեր, հա­յե­րէ­նով ըն­կե­րա­յին զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րուն եւս թափ կու տանք»։­

Ե­ւա Օ­րա­գեան. «Մենք պար­տա­ւոր ենք հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լու մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն առ­ջեւ։ Ինք­նու­թեան հար­ցե­րուն պա­րա­գա­յին կար­ծես ա­ռա­ւել եւս ի զօ­րու է այս մօ­տե­ցու­մը։ Մենք ի­րենց պէտք է տանք բա­նա­լի­նե­րը եւ մնա­ցեա­լը ի­րենք պէտք է գտնեն։ Շատ նպա­տա­կաս­լաց, բայց ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով ու­ղեղ լուա­լու մա­սին է խօս­քը։ Հար­ցը միայն հա­յե­րէ­նի տե­սան­կիւ­նէն պէտք չէ ըն­կա­լել։ Ա­մէն ինչ միայն դա­սե­րով ալ չ՚ա­ւան­դուիր։ Դա­սա­ժա­մե­րէ դուրս ալ ու­սու­ցի­չը կրնայ ար­դիւնք­նե­րու հաս­նիլ։ Ու­սու­ցի­չը դա­սա­ժա­մե­րէ դուրս եւս կրնայ հարց­ման նշան­ներ յա­ռա­ջաց­նել տղոց մտքին մէջ»։

­Սիլ­վա Գու­յում­ճեան. «Հայ մշա­կոյ­թի դա­սա­ժա­մե­րու մէջ մաս­նա­կի ձե­ւով մա­տու­ցուի­լը ան­բա­ւա­րար է։ Այս պատ­ճա­ռով, կը ջա­նանք հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը գտնել ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Անձ մը կը ճշդենք պատ­մու­թե­նէն ու կը սկսինք նախ խօ­սիլ ա­նոր մա­սին, մին­չեւ որ ծրա­գիր մը հա­սուն­նայ։ Նախ մենք կը խօ­սինք, իսկ ա­ւե­լի վերջ տղա­քը մաս­նակ­ցիլ կը սկսին ի­րենց պրպտում­նե­րուն զու­գա­հեռ։ Կեր­պար­նե­րը լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն ա­նոնց վրայ։ Պատ­մա­կան կեր­պար­նե­րը նո­յն­­պէս տպա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղուն ա­նոնց վրայ։ Ե­թէ մենք լաւ շեշ­տենք կամ բա­նա­ձե­ւենք հա­մա­մարդ­կա­յի­նը, ա­պա ա­նոնք ինք­նա­բե­րա­բար կը նշմա­րեն հայ­կա­կա­նը այդ ամ­բող­ջին մէջ։

«Մենք կ­­՚ա­ռաջ­նորդուինք այն փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ, թէ մտա­ծե­լու դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը պէտք է տանք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Եւ կամ. օ­րի­նակ՝ կը շեշ­տենք մար­դու ի­րա­ւանց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու կը մատ­նան­շենք, թէ լե­զուն ալ մաս կը կազ­մէ ա­նոնց շար­քին։  Այս­պէ­սով մտա­ծե­լա­կերպ մը պէտք է իւ­րաց­նել, սա­կայն բնա­կա­նա­բար, ծնող­նե­րը ու­րիշ պա­հանջ­ներ ալ ու­նին։ Պէտք է ու­շադ­րու­թեամբ պատ­րաս­տել դպրո­ցին ընդ­հա­նուր մի­ջա­վայ­րը, զոր պի­տի շնչեն ա­շա­կերտ­ներն ու ծնող­նե­րը։ Եւ այդ մի­ջա­վայ­րը պէտք է այն­պէս մը ըլ­լայ, որ քիչ խօս­քով ա­պա­հո­վէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն անդ­րա­դարձ։ Ժա­մա­նա­կը պէտք է լաւ ար­ժե­ւո­րել, տա­րի­նե­րը չվատ­նենք մին­չեւ որ անձ մը հաս­նի քա­ռա­սուն տա­րե­կան։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րը այս ջան­քե­րը կը գոր­ծադ­րեն նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ մար­դու­ժի ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Չու­նինք մե­զի ա­ռաջ­նոր­դող­ներ կամ ա­ջա­կից­ներ։ Կարճ խօս­քով, ա­ռա­ւել չա­փով կ­­՚ա­պա­ւի­նինք ըն­կե­րա­յին ճիւ­ղե­րու դա­սա­ժա­մե­րուն»։­

Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան. «Մեր հիմ­նա­կան մար­տահ­րա­ւէրն է հե­տաքրք­րու­թիւն ար­ծար­ծե­լը։ Այ­սօր ու­նինք նոր սե­րունդ մը, որ ու­նի իր ու­րոյն մտա­ծե­լա­կեր­պը։ Մենք պար­տա­ւոր ենք հաշուի առ­նե­լու տղոց խօ­սած լե­զուն։ Կեր­պար­նե­րը մե­զի կ­­՚օգ­նեն, ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած ա­մէն ին­չէ կրնանք օգ­տուիլ։ Վեր­ջին հա­շուով, մեր ժա­ռան­գու­թեան մա­սին տղա­քը տե­ղե­կու­թիւն պէտք է ու­նե­նան, որ­պէս­զի ար­ժէք տան ա­նոր։ Տե­ղե­կու­թեան մա­կար­դա­կը որ­քան որ բարձր ըլ­լայ, ար­ժե­ւո­րումն ալ կը բարձ­րա­նայ»։

*

Ու­րեմն այս­պէս, կ­­՚եզ­րա­փա­կենք մեր այս ե­ռօ­րեայ յօ­դուա­ծա­շար­քը՝ խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով հա­մայն­քա­յին մեր հինգ լի­սէ­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու­ն։

ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ

Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու (Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի՝ VADİP-ի Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կար­գող).- Վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս նիւ­թա­կան հար­ցե­րու շուրջ նո­րու­թիւն մը չկայ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Միայն մեր մէկ-եր­կու հաս­տա­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի վար­դա­գոյն ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին կա­րե­լի է խօ­սիլ՝ կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման բե­րու­մով։ Սա­կայն, ըստ էու­թեան, ընդ­հան­րա­պէս, տնտե­սա­կան հա­մա­տա­րած ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը մնան առ­կայ։  Այս վի­ճա­կը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րուն վրայ։ Մեր բո­լոր հար­ցե­րուն հետ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի ա­ռըն­չա­կից է այս մէ­կը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու շէն­քե­րուն ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թե­նէն սկսեալ, մին­չեւ կրթու­թեան ո­րա­կը՝ ա­մէն ին­չի վրայ կ­­՚ազ­դէ այս հարց։

Ար­հես­տա­վարժ օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­նա­լու ա­ռու­մով եւս կան հար­ցեր, կարգ մը դպրոց­ներ կը տա­նին ո­րոշ աշ­խա­տանք­ներ, սա­կայն կա­րե­լի չ՚ըլ­լար նման ծրա­գիր­նե­րը ընդ­հա­նու­րին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նել։ Դժբախ­տա­բար, մեր կարգ մը դպրոց­նե­րը կ­­՚աշ­խա­տին միայն օ­րը փրկե­լու մտայ­նու­թեամբ։ Հնա­րա­ւո­րու­թիւն չենք ու­նե­նար ընդ­հա­նուր ո­րա­կը բարձ­րաց­նե­լու։

Այս տա­րի նոր հաս­տա­տուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու դրու­թեան շուրջ մեծ հար­ցեր չեն յա­ռա­ջա­ցած, նա­խորդ շրջան­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ չկայ էա­կան նո­րու­թիւն մը։

Մեր ո­րո­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նոր սե­րուն­դէ ու­սու­ցիչ­ներ հասց­նե­լու ճա­նա­պար­հին՝ կարճ, մի­ջին եւ եր­կար ժամ­կէտ­նե­րով։ Թէ՛ դա­սա­րա­նի եւ թէ մաս­նա­ւոր ճիւ­ղե­րու ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար զու­գըն­թաց աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին։ Բաց աս­տի, կը փոր­ձենք մե­զի դի­մած մեր գոր­ծա­զուրկ ու­սու­ցիչ­նե­րու պա­րա­գա­յին մի­ջնոր­դել՝ որ­պէս­զի գործ մը գտնուի ա­նոնց հա­մար։

Մենք կը հա­ւա­տանք նաեւ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Այս ծի­րին մէջ նշեմ, որ VADİP-ի Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պէտք է աշ­խա­տի ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս պա­հուն մենք միայն կը ջա­նանք լու­ծում գտնել ծա­գած խնդիր­նե­րուն։ Վեր­ջին շրջա­նին խտա­ցեալ գործ մը չկա­րո­ղա­ցանք տես­նել՝ կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռը կար­գա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ մեր ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Մեր նպա­տա­կը այն է, որ լուրջ խնդիր­նե­րը ճշդենք եւ ա­նոնց յաղ­թա­հար­ման հա­մար ար­հես­տա­վարժ յանձ­նա­խում­բեր ստեղ­ծենք։ Այս ա­ռու­մով տա­կա­ւին բա­ւա­կան հե­ռու ենք մե­զի հա­մար բաղ­ձա­լի կէ­տէն։

Ինչ­պէս գի­տէք, վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­ներ հա­ւա­քե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­նինք նաեւ ծնող-ու­սու­ցիչ-ա­շա­կերտ ա­ռանց­քին վրայ։ Այս տուեալ­նե­րուն լոյ­սին ներ­քեւ պի­տի կա­րո­ղա­նանք ա­պա­հո­վել Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ճի՛շդ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու հա­մար այս հիմ­նար­կը անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րէ ճի՛շդ տուեալ­նե­րու հի­ման վրայ աշ­խա­տի­լը։ Ո­րով­հե­տեւ, աշ­խար­հի վրայ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հար­ցե­րը նոյ­նան­ման չեն եւ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կը կը ձգտի ծա­նօ­թա­նալ իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ի­րադ­րու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, մենք ալ այս տուեալ­նե­րը կը պատ­րաս­տենք եւ յոյս ու­նինք 2016 թուա­կա­նին ար­դիւնք­ներ ու­նե­նալ եւ պատ­րաստ ըլ­լալ դի­մե­լու Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կէն օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար։

Նոր կրթա­կան շրջա­նին յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն, կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ մեր վար­ժա­րան­նե­րու բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու­ն։

 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015