ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, վասնզի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր: Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծս, բայց անոր հոգին դժոխքէն կ՚ազատես» (Առ 23.6-8):
Պատասխան. շատեր այս համարները սխալ կերպով կ՚ըմբռնեն ու կը մեկնաբանեն, տեղի տալով անհիմն մեղադրանքներու եւ քննարկումներու: Ոմանք ալ այս համարները գործածելով, կ՚արդարացնեն իրենց գործադրած բռնութիւնները երեխաներու նկատմամբ:
Այստեղ սակայն ո՛չ թէ բռնութեան կոչ է, որ կը տրուի, ընդհակառակը, զգաստութեան հրաւիրելու կոչ, որպէսզի տուեալ անձը իր հոգին փրկէ: Իմաստունը պատկերաւոր կերպով կ՚ըսէ, թէ եթէ զաւակդ գաւազանով ծեծես՝ ան չի մեռնիր, հապա՝ իր հոգին դժոխքէն կ՚ազատէ: Ըսուածը այն է, որ ծնողները իրենց զաւակները դաստիարակելու մէջ պէտք է երբեմն-երբեմն խստութիւն բանեցեն, պէտք է երբեմն կարծր ըլլան, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան հասկնալ ճիշդը սխալէն, ճերմակը սեւէն:
Առակացի 3-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, Տիրոջ խրատը մի՛ անարգեր ու Անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասնզի Տէրը Իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ՚ընէ» (Առ 3.11-12): Այսինքն, ծնողները երբ խստութեամբ կը վարուին իրենց զաւակներուն հետ, չի՛ նշանակեր, որ անոնք չեն սիրեր իրենց զաւակները, ընդհակառակը, այդ նշան է, որ անոնք կը սիրեն զանոնք եւ մտահոգ եւ անոնց բարօրութեամբ:
Յանդիմանութիւնը այսօր շատերուն համար սկսած է անընդունելի ձեւ մը ըլլալ, ըսելով որ այդպիսով փոքրերուն ինքնասիրութիւնը կը վիրաւորուի, եւ այլն: Բնականաբար երբ յանդիմանութիւնը չորութեամբ եւ առանց ծնողական սիրոյ կը կատարուի, այդպիսի արդիւնք կ՚ունենայ, սակայն երբ յանդիմանութիւնը ծնողական սիրով շաղախուած ըլլայ, հրաշալի եւ զգալի ազդեցութիւնը կը գործէ զաւակին վրայ, որով զայն ետ կը կանգնեցնէ բազմաթիւ սխալներէ, զորս կրնար կատարել՝ եթէ այդ յանդիմանութիւնը չըլլար:
Սուրբ Օգոստինո կը գրէ. «Յանդիմանութեան պէտք է ողորմութիւնը նախորդէ եւ ո՛չ թէ բարկութիւնը»: Այսինքն, երբ ծնողները պիտի յանդիմանեն, կամ խստութեամբ վարուին իրենց զաւակներուն հետ, այնպէս պէտք է վարուին, որ իրենց զաւակները հասկնան, որ այդ բոլորը իրենց լաւութեան համար է, ծնողները զիրենք սիրելուն համար է, որ այդպէս կը վարուին:
Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Ինչպէս որ ուսումի մէջ անհոգ պզտիկները աւելի զգաստ եւ հնազանդող կը դառնան, իրենց ուսուցիչէն կամ մարզիչէն պատժուելէն ետք, եւ ինչպէս որ անոնք չեն լսեր մինչեւ հարուած չստանան, այլ՝ հարուածուելու պատճառով ցաւ զգալէն ետք է միայն որ կը լսեն ու կը պատասխանեն, ըսէք իրենց ականջները նոր բացուեցան, եւ յիշողութիւնը առաջ ինկաւ, այդպէս է պարագան բոլոր անոնց, որոնք անհոգ կը գտնուին աստուածային ուսման մէջ եւ թեթեւամտութեամբ կը վարուին Աստուծոյ պատուիրաններուն հետ: Արդարեւ, անոնք փորձառաբար զգալէ ետք Աստուծոյ կողմէ իրենց եղած դաստիարակութիւնը՝ ուղղումը, պատուիրանները՝ որ իրենք միշտ ալ գիտէին՝ սակայն եւ այնպէս կ՚անտեսէին զանոնք, ընդունելի կը դառնան եւ կատարելապէս պատրաստ կ՚ըլլան [գործդարելու համար զանոնք], ինչպէս նոր լուացուած ականջներով»:
Շատ յաճախ ծնողները սխալ կ՚ըմբռնեն զաւակները դաստիարակելու պարագան, կարծելով որ լաւ ապրուստ, լաւ տուն եւ ամէն ճոխութիւն ապահովելով իրենց զաւակներուն, իրենց պարտականութիւնը կատարած կ՚ըլլան: Սակայն այս վարուելակերպը ճիշդ չէ, որովհետեւ այս բոլորէն առաջ անոնք պէտք է իրենց զաւակներուն հոգին կրթեն, զանոնք ազնիւ մարդիկ դարձնեն, ընկերասէր, քաջ եւ հմուտ՝ կարենալ կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու, բարոյական արժէքներու տէր մարդիկ ըլլան, եւ այլն:
Այս ուղղութեամբ, Յովհաննէս պատուելի Մավեանը իր «Սկզբունք բարոյական դաստիարակութեան» երկասիրութեան մէջ, տպուած Արմաշ՝ ի Վանս Չարխափան Ս. Աստուածածինին, 1875-ին, հարցում պատասխանի ձեւով խօսելով զաւակներու դաստիարակութեան մասին, կը գրէ.
* Հարցում. Ծնողներուն պարտքը միայն զաւակին ապրուստ ճարե՞լն է:
Պատասխան. Ո՛չ. ծնողները միայն զաւակ ծնելով եւ անոնց ապահով վիճակ պատրաստելով մեծ բան ըրած չեն ըլլար՝ եթէ զանոնք կրթելու հոգ չտանին: Ծնողները Աստուծոյ պատկերն են. ինչպէս որ Աստուած աշխարհը ստեղծելով գոհ չեղաւ, այլեւ կը պահպանէ զայն եւ կը կառավարէ, այդպէս ալ ծնողները պարտաւոր են իրենց զաւակները կրթել՝ որ ժիր, ընկերասէր եւ գիտուն ըլլան:
Հարցում. Տղաք ինչպէ՞ս ժիր եւ զօրաւոր կ՚ըլլան:
Պատասխան. Տղաները ժիր եւ զօրաւոր կ՚ըլլան՝ եթէ փոքր տարիքէն ժուժկալութեան, չափաւոր մարմնամարզութեան եւ աշխատութեան վարժուին, եւ հիւանդութիւն պատճառող վտանգներէն հեռու պահուին. բայց զգուշանալով, որ փոխանակ վախկոտ ըլլալու՝ սրտոտ եւ արի ըլլան:
Հարցում. Ինչպէ՞ս ընկերասէր կ՚ըլլան:
Պատասխան. Տղաները ընկերասէր կ՚ըլլան՝ երբ ծնողները զիրենք փոքր տարիքէն վարժեցնեն՝ որ նմաններուն կարեկից եւ օգնական ըլլան. միայն իրենց անձին կամեցածը ուրիշներուն ընեն. երկայնամիտ եւ համբերող ըլլան, եւ ապրուստի համար ապահով եւ պատուաւոր արհեստի պարապին:
Հարցում. Ինչպէ՞ս առաքինի կ՚ըլլան:
Պատասխան. Տղաները առաքինի կ՚ըլլան՝ եթէ ծնողները հսկեն անոնց նախնական կիրքերուն վրայ, զանոնք առ բարի ուղղելու համար երբեք որեւէ մէկ մոլութիւնը անպատիժ չձգեն, վեհանձնական եւ օգտակար գործերու սէր ձգել տալու համար բարեգործ մարդիկ օրինակ բերեն, եւ բարեգործութենէ յառաջ եկած հետեւանքները հասկցնեն:
Հարցում. Միայն այդքանը հերի՞ք է:
Պատասխան. Ո՛չ. պէտք է նաեւ ըստ տեղւոյն գովել, եւ ըստ տեղւոյն յանդիմանել, չար ընկերներէ զգուշացնել, անկողմնաւոր եւ խանդակաթ սիրով սիրել եւ ոչ կուրօրէն, ու միշտ յիշելով որ դեռ փոքր են՝ չափահաս մարդու գործ չպահանջել: Այս նպատակին հասնելու անվրէպ ճամբան այն է, որ խօսքով խրատելեն աւելի, իրենց բարի օրինակովը եւ Աստուծոյ երկիւղով զանոնք դաստիարակեն (էջ 133-134):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 114
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024