ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԸՆՁՈՒՂՏԸ
Մարդկային, բարոյական եւ հանածոյ ամբողջ կարողութիւններով, որով առատ է արաբական երկիրը, նաեւ բոլոր այն հսկայական գումարները, որոնք կ՚անցնին պատասխանատուներուն ձեռքը, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներու, վարպետներու, մասնագէտներու եւ խորհրդականներու, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ, հաշուարկներ, համալսարաններ, քոլէճներ եւ փորձագիտական դպրոցներ, տակաւին մարդիկ, ծրագրաւորումներ, գիտական յանձնախումբեր, փորձառական դասընթացքներ, ամերիկացի, ռուս, եւրոպացի, չինացի, քորէացի մասնագէտներ, եւ ճառերու եւ համաձայնութիւններու հանդէսներ, փորձերու փոխանակում, այս բոլորով հանդերձ ոչ ոք մինչեւ հիմա յաջողեցաւ ներկայացնել՝
Քաղաքացիին լաւ բաղարջ մը:
Կամ անասուններու համար համով կեր:
Կամ աշխատաւորի համար հանգիստ կօշիկ:
Կամ ընթերցողին համար պատկառելի թերթ:
Կամ ուսանողին համար համոզիչ ուսումնական ծրագիր:
Կամ մշակուած կեղծարարութիւն ընտրութիւններուն:
Կամ տրամաբանական աւարտ մը հեռատեիլային շարքի մը (series):
Կամ մաքուր անկողին մը հիւանդին:
Կամ արժանավայել գերեզման մը նահատակին:
Կամ տափարակ մայթ մը պտտողին:
Կամ անվտանգ լուցկիի փայտիկ մը ծխողին:
Ո՛չ թէ ամերիկեան, եւրոպական կամ շուէտական դրութիւններուն համաձայն, այլ՝ նոյնիսկ չինական կամ քորէական դրութիւններուն համաձայն: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ խնդիրին համար արտաքին զբաղումները իրենց ամբողջ ժամանակը առած են, կարծէք խնդիրը դուրսը ըլլար եւ ո՛չ թէ ներսը. ցաւալին այն է այստեղ, որ արաբական քայլերը եւ որոշումները այս առումով կախում ունին համաշխարհային զարգացումներէն եւ իրողութիւններէն, առանց ի վիճակի ըլլալու զանոնք կառավարելու, ինչպէս պատանդները ի վիճակի չեն առեւանգուած օդանաւին ուղղութիւնը կառավարելու:
Օրինակ, մինչեւ Իսրայէլի ընտրութիւնները աւատրին եւ յստակ դառնայ նոր կառավարութիւնը, արաբական հրապարակին վրայ ամէն ինչ կը սառի եւ ճահիճի կը վերածուի: Իսկ երբ ընտրութիւնները աւարտին եւ յստակ դառնայ Իսրայէլի նոր կառավարութեան քաղաքականութիւնը, արաբական դիւանագիտութիւնը կը սկսի շարժիլ, ու կը սկսին համագումարները, խորհրդակցութիւնները, հեռախօազրոյցները, պառակտումները, հաշտութիւնները, դիւրութիւնները, դժուարութիւնները, անշուշտ առանց ո՛չ մէկ համաձայնութեան հասնելու, մինչեւ Ամերիկայի մէջ ընտրութիւններու քարոզարշաւին սկսիլը: Այն ատեն եւս ամէն ինչ կը կանգնի, մինչեւ աւարտին այդ ընտրութիւնները եւ յստակ դառնայ Ամերիկայի նոր նախագահին քաղաքականութիւնը: Իսկ երբ այդ ընտրութիւնները վերջանան եւ Ամերիկայի նոր նախագահին քաղաքականութիւնը յստակ դառնայ, դարձեալ կը սկսին համագումարները, խորհրդակցութիւնները, հեռախօսազրոյցները, պառակտումները, հաշտութիւնները, դիւրութիւններն ու դժուարութիւնները, անշուշտ առանց ո՛չ մէկ համաձայնութեան հասնելու, մինչեւ Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւններու քարոզարշաւին սկսիլը: Դարձեալ ամէն ինչ կանգ կ՚առնէ, մինչեւ աւարտին այդ ընտրութիւնները եւ յստակ դառնայ Ֆրանսայի նոր կառավարութեան քաղաքականութիւնը: Իսկ երբ այդ ընտրութիւնները վերջանան եւ յստակ դառնայ Ֆրանսայի, Իտալիայի, Անգլիոյ, Ամերիկայի, Իսրայէլի, Գերմանիոյ, Սպանիայի, Մալթայի կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնները, յանկարծ Սովետի ղեկավարներէն մէկը կը մեռնի, եւ դարձեալ ամէն ինչ կանգ կ՚առնէ, մինչեւ պաշտօնապէս յայտարարուի անոր մահը եւ ճշդուի անոր թաղման օրը, ինչպէս նաեւ յստականայ Սովետի նոր ղեկավարին ով ըլլալը, անոր բռնելիք ուղին, քաղաքականութիւնը, մտածումը, անոր ընտանիքի անդամներուն թիւը եւ տրամադրութիւնը: Իսկ երբ այս բոլոր բաները յստականան եւ պատրաստուի բանալ Միջին Արեւելքի խնդիրին փաթեթը, արդէն Ամերիկայի նախագահին նստաշրջանը իր աւարտին հասած կ՚ըլլայ, այս փաթեթը դարձեալ կը փալուի՝ պատրաստուելու համար ընտրութիւններու քարոզարշաւի նոր փուլին: Այսպիսով, ամէն ինչ կը կանգնի եւ արաբական քաղաքականութիւնը դարձեալ կը սկսի իր ողիմպիական շրջանը:
Այդ պատճառով, այսքան երկար բացակայութենէ ետք ուրկէ գիտնայ այսինչը կամ այնիչնը թէ ի՛նչ եղաւ իր քաղաքացիներուն կամ հպատակներուն հետ, ո՛վ անիրաւուեցաւ եւ ո՛վ անիրաւեց, ո՛վ անօթեցաւ եւ ո՛վ ծարաւցաւ…, ո՛չ հաստատուեցաւ եւ ո՛չ թափառական դարձաւ… ո՛վ հարստացաւ եւ ո՛վ սնանկացաւ, որո՛ւ ապրուստը [եկամուտը] կտրուեցաւ եւ որո՛ւ ձեռքը կտրուեցաւ, որո՛ւ ինքնաշարժը զարկաւ եւ որո՛ւ պետական պատասխանատու մը հարուածեց, կամ քննիչ մը բերաւ անոր վրայ: Քանի՛ տաղնադաւոր բանաստեղծներ մարեցան եւ քանի՛ հասարակ բանաստեղծներ փայլեցան: Քանի՛ տաղանդաւոր մարդիկ գաղթեցին եւ քանի՛ ոչնչութիւններ վերադարձան: Ո՛վ իր հագուստները, անուշահոտները կը ներմուծէ Փարիզէն, Լոնտոնէն եւ Հռոմէն…, եւ ո՛վ դեղ չի՛ գտներ, կամ արիւն՝ մահամերձին:
Անշուշտ, որ պիտի չգիտնայ եւ բնական է որ չգիտնայ, որովհետեւ եթէ ենթադրենք, որ իր ժամանակէն օրական գողցուի հետեւելու համար՝
Ամերիկայի եւ Իսրայէլի ընտրական քարոզարշաւներուն,
Եւրոպայի մէջ հրթիռներ տեղադրելուն,
Զէնքերը վերացնելու բանակցութիւններու դադրեցումին,
Զինուորական իրավիճակի խստացումին չինական Հնդկաստանի մէջ,
Կրանատայի ներխուժումին,
Աֆղանիստանի ներխուժումին,
Ալ Ֆոքլանտի պատերազմին,
Լիբանանի պատերազմին,
Ծոցի պատերազմին,
ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւնները,
Ուարսոյի զօրավարժութիւնները,
Հելսինքիի համագումարին արդիւնքները,
Մատրիտի համագումարին արդիւնքները,
Իրլանտայի մէջ քաղաքացիական պատերազմի լուրերը,
Փենճափի կրօնական-համայնքային խլրտումները,
Պասքեան անջատողական շարժումը,
«Ալ-Թատամոն» կազմակերպութեան ճակատագիրը,
Կարմիր գումարտակներու գործուէնութիւնը,
Պատէր Մայենհոֆի համակիրներուն դատավարութիւնը,
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի դէմ կատարած լրատուական արշաւի արդիւնքները,
Ափրիկեան միասնութեան կազմակերպութեան դրամական անկարողութիւնը,
Հիւրմիւզ նեղուցը փակելու սպառնալիքները,
Սելֆատորի մէջ ընդդիմութեան եռանդուն գործունէութիւնները,
Հոնտուրասի մէջ խլրտումներուն դարձեալ գլուխ բարձրացնելը,
Ափրիկէի մէջ երաշտը,
Ցեղային խտրականութիւնը,
Մոզորուա եպիսկոպոսին ձերբակալութիւնը,
Սպինուա մարտիկին ահաբեկումը,
Ետքէն… Քամերոնի մէջ վիճակին լարումը,
Ցաւակցութիւն յայտնել Ահմատ Սիքոթորիի մահուան առիթով,
Ինչպէս նաեւ շնորհաւորել անոր յաջորդը՝ Թերա Րորիին,
Ողիմպիական խաղերուն հետեւիլ,
Ետքէն… վերջին լուրերը արբանեակային պատերազմին՝ Ամերիայի եւ Ռուսաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ վերջին լուրերը համաշխարհային ջանքերուն ի պաշտպանութիւն փոկն ու կանկարուին անհետացումէ փրկելու:
Ամերիկեան-գերմանական վերջին անհամաձայնութիւնները սիպերական կազի խողովակին առնչութեամբ:
Եւրոպական միացեալ շուկայի վերջին անհամաձայնութիւնները կաթ արտադրելու առնչութեամբ:
…Արդարեւ ուրկէ՞ ժամանակ պիտի ունենայ իր երկրին ու քաղաքացիներուն հարցերով զբաղելու:
Այդ պատճառով…, օտար մատները կը ստանձնեն այդ պարտականութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 40
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024