«ՍԻՆՈՓՍԻՍ ԱՐՄԵՆԻԱ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ 20 ՏԱՐԵԿԱՆ
Հայաստանի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի հսկաներէն «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Ընկերութիւնը այս յոբելեանը կը տօնէ զանազան ձեռնարկներով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ «Սինոփսիս Արմենիա»ի 20-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս հանդիսութեան ընթացքին 20-ամեայ ընկերութիւնը արդէն 20-րդ անգամ իրականացուց նաեւ՝ «Ճանչնալ լաւագոյնները, խանդավառել յաջողները» խորագրեալ մրցանակաբաշխութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ այս ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ իր բնագաւառի յառաջատարներէն եղած է արդէն քսան տարիէ ի վեր։ «Իմ կարեւոր տպաւորութիւններէն մին այն է, որ այս ընկերութիւնը նոր աշխատանքային միջավայր, մշակոյթ եւ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու հարցին մէջ եղած է առաջամարտիկ։ Անոր աշխատանքը կը համադրուի ստեղծագործութեան եւ ստեղծարարութեան հետ։ Ընկերութիւնը մշտապէս փորձած է աջակցիլ կրթութեան եւ տաղանդաւոր մարդոց», ըսաւ վարչապետը։
Ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանն ալ նշեց, որ 2004 թուականին հիմնադրուած ընկերութիւնը այդ ժամանակէն ի վեր դարձած է «Սինոփսիս» ընկերութեան կարեւորագոյն մասնաճիւղերէն մին, որ կը զբաղի գիտահետազօտական եւ ճարտարագիտական աշխատանքներով։