ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Համպուրկի կայունութեան համաժողովին մասնակցեցաւ, երէկ, Պերլինի մէջ ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Վահագն Խաչատուրեան նշեց, որ հայկական կողմը հանդէս կու գայ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման դիրքերէն եւ այս առումով նաեւ որոշակի քայլերու ձեռնարկուած են սահմանային ենթակառուցուածքներու ստեղծման ու վերականգնման ուղղութեամբ։
Նախագահ Խաչատուրեանի խօսքով՝ Հայաստանի դիրքորոշումն է բոլոր հարեւան պետութիւններու հետ ունենալ կարգաւորուած եւ բարիդրացիութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ, ինչ որ կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն։ «Մեզի համար յստակ է, որ առանց խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարիդրացիութեան հնարաւոր չէ ունենալ ակնկալուած զարգացումը մեր տարածաշրջանէն ներս եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ աշխարհին մէջ», ըսաւ ան։
Խաչատուրեան զրոյցի ընթացքին Շթայնմայէրին նկատառման յանձնեց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մասին։